Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԸ ԻՆԿԱՒ
Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերէն օդանաւ մը ինկաւ ծով։ «Միք-29» ռուսական արտադրութեան ռազմաօդանաւը երէկ երեկոյեան ժամերուն ունեցած է անկում։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ ուսումնավարժական թռիչք իրականացնելու ժամանակ այդ ռազմաօդանաւին հետ կապը յանկարծ խզուած է։
Այժմու ենթադրութիւններով ռազմաօդանաւը ինկած է Կասպից ծով։ Օդաչուի որոնման փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։ Արկածի պատճառը ճշդելու համար Ատրպէյճանի պատկան մարմիններու կողմէ ձեռնարկուած է հետաքննութեան։
Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019