Ուրբաթ 27, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՅՐՈՒՂԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ 2020 թուականին մինչեւ 150 քիլօմեթր ճանապարհ կառուցել՝ Արցախը Հայաստանին կապող:
Ան յայտնած է, որ համապատասխան որոշումը արդէն կայացած է:
«Հարաւային ուղղութեամբ ճանապարհ՝ Կապանէն մինչեւ Հադրութ ճանապարհը կը քննարկուի, եւ ես յոյսով եմ, որ մինչեւ տարուան վերջը մենք պիտի ամփոփենք այս քննարկումները եւ արդէն պիտի ունենանք ճանապարհային քարտէս, թէ ինչպէս պիտի կառուցենք այդ ճանապարհը», ըսած է Գրիգորեան:
Ան աւելցուցած է, որ կը նախատեսուի ճանապարհը կառուցել կարճ ժամանակի մէջ՝ 2020 թուականին, կառուցման գանձատրական միջոցները կան:
Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019