ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ԶԷՆՔԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ Է…

Հին խօսք է ու զայն զանազան առիթներով լսած եմ. «Եթէ լեզուն մեռնի, մենք ալ հետը պիտի մեռնինք...»։ Իրօք կա՞յ այդպիսի բան, կամ այսօրուան բաւականին խճճուած աշխարհին մէջ, երբ մէկ կոճակով կարելիութիւն կը ստեղծուի ամենահեռաւոր երկիրներու պետական գրադարանները մուտք գործել, որքանով ժողովուրդի մը լեզուն կը պայմանաւորէ, կամ աւելի կ՚երաշխաւորէ ժողովուրդի մը ինքնութիւնը։

Հետաքրքրական ժամանակներ կ՚ապրինք, բացի ռազմական գործողութիւններով պայմաւորուած զինուորական բախումներէն, սկսած են աշխարհով մէկ տարածուիլ մշակոյթի ռազմերը։

Մեծ կոչուած, հզօր կարողութիւններու տէր գերտէրութիւնները կը փորձեն ամէն գնով «կրծել» փոքր կարծուած եւ փոքր կարողութիւններ ունեցող ժողովուրդներու ինքնութիւնը։

Հոս անշուշտ կարողութիւն բառը կապ ունի ոչ թէ տուեալ ժողովուրդի մշակութային ունակութիւններուն, պատմական անցեալին, էութենական եւ արժէքային համակարգերուն հետ, այլեւ խօսքը զուտ նիւթական-տնտեսական երեսակին մասին է, որուն շնորհիւ ալ այդ «մեծ կարծուածներ»ը չյայտարարուած պատերազմ մը կը տանին «փոքր կարծուածներ»ուն դէմ։

Եւ այսպէս, ամէն տեղ կ՚ընթանայ պատերազմ, որու ամենէն յատկանշական երեսակը մշակութայինն է, որ նաեւ կը պայմանաւորուի «մեծ կարծուած» տէրութեանց կողմէ հրապարակ նետուած «լեզուական պարտադրանք»ով։ Անշուշտ, այդ մէկը երբեք սահմանափակուած պիտի չըլլայ լեզուական մօտեցումներով, այլ պիտի մտնէ ոեւէ ժողովուրդի իմաստաբանական ոլորտին մէջ ու հոն եւս փորձէ ներկայացնել ու ամրացնել իր արժեհամակարգը։

Այս նախաբանը ներկայացուցի պարզ անոր համար, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ մատնանշուի այն գաղափարը, որ հայերէն լեզուի նահանջը պայմանաւորուած չէ միայն հայութեան ունեցած տագնապներով կամ խնդիրներով։ Կայ ընդհանուր պատերազմ, որուն մէջ մեզմէ իւրքանաչիւրը եւս ներգրաւուած է։ Յաճախ ներգրաւուած է առանց իմացութեան, յաճախ զոհ է առանց իմացութեան ու յաճախ ալ մեր ունեցած, մեր ապրած ներքին լարումներուն առջեւ տեղի տալէ ետք կը յանձնուի դուրսէն եկած ալիքին ու կը պարտուի...

Մեր լեզուն կը տուժէ, ոչ թէ անոր համար, որ մեր դպրոցները մէկ առ մէկ կը փակուին, այլ անոր համար, որ հայերէն լեզուն սիրելն ու դաւանիլը, այդ լեզուին մէջ ու այդ լեզուին համար ապրիլը դարձած են հնամենի ու մաշած բաներ...

Ատեն մը առաջ Հայաստանի մէջ լայն տարածում ունեցող «Անտարես» հրատարակչատունը հրապարակ հանեց բաւականին հետաքրքրական լոզունգ մը, որ կ՚ըսէր՝ «Գիրք կարդալը նորաձեւ է», այլ խօսքով այդ լոզունգը հանրայնացնել փորձող եւ գիրք տպելու ճամբան բռնած մարդիկը յանգած էին այն եզրակացութեան, թէ ի՛նչ ալ ընեն, ի՛նչ նորաձեւ ու նորարար հեղինակ տպեն, ինչքան ալ գունագեղ ու հրապուրիչ դարձնեն իրենց հրապարակ հանած հատորները, միեւնոյնն է, մարդիկ պիտի չկարդան ու պիտի չմօտենան այդ գիրքերուն...։

Պատճա՞ռը. պատճառը աւելի քան յստակ էր, որովհետեւ ժամանակի մը համար Հայաստանի մէջ գիրք կարդալը կը համարուէր անցեալին պատկանող դրուածք, հինցած նախասիրութիւն մը ու այն մարդիկ, որ կը խօսէին գիրք կարդալու կարեւորութեան մասին, անոնք եւս կը համարուէին անցեալին մէջ մնացած կամ այդ անցեալէն դէպի այսօրը ցատկել փորձող ճարահատեալներ...

Ի բախտաւորութիւն մեզ բոլորիս, Հայաստանի մէջ գործող այս հրատարակչատունը եւ այլ տասնեակ հրատարակչատուներ կարողացան գետնի վրայ ինչ որ բան փոխել ու նաեւ նոր սերունդին հետ լեզու գտնելով հանրութեան մեծ ու աշխոյժ մասը համոզել, թէ «այո՛, գիրք կարդալը նորաձեւ է»։

Հայաստանի մէջ այս յաջողութիւնը ուրեմն առանձինն պէտք չէ մնար ու յատկապէս սփիւռքեան ափերուն այս մօտեցումը պէտք է ընդհանրացուէր ու խօսուէր, ոչ միայն գիրք կարդալու կարեւորութեան մասին, այլ նաեւ, ու մանաւանդ, խօսուէր ու անընդհատ քարոզուէր, որ «այո՛, հայերէն խօսիլը նորաձեւ է»։ Հայերէն խօսիլը խորքին մէջ ոչ միայն նորաձեւ է, այլեւ դարերու խորքէն մեզի եկած աւանդ է, ինչ որ անպայման պէտք է հանրային ուշադրութեան արժանանայ։

Մարդիկ այսօր փոխուած են, փոխուած են ոչ միայն արդիական կեանքով մ՚ապրելու տեսակէտէ, այլ նաեւ սկսած են հասկնալ, որ գերագոյն արժէքները խորքայնութիւն ունեցող արժէքներն են, որոնց մէջ մեծագոյն դեր ունին լեզուն, միտքը եւ արմատները:

Ու այս երեքը անպայման եւ միշտ իրարու հետ է, որ ճանապարհ կը կիսեն։

Առանց արմատներու ոեւէ ժողովուրդ կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, հպարտութիւնը ու նաեւ դէպի ապագայ նայելու իր պատրաստակամութիւնը, իսկ այդ արմատներուն մէջ ամենէն աւելի շեշտուած երեսակները մշակութային արժէքներն են, որոնց թագն ու պսակը լեզուն է։

Դարեր առաջ Խաչատուր Աբովեան կը գրէր. «Լեզուն, որ չըլլի, մարդ ինչի նման կ՚ըլլի»…։ Այսօր ալ նոյն է իրավիճակը եւ մեզի համար, որպէս ազգային աւանդներով ապրող հաւաքականութեան մը կարեւոր մէկ հատուածը, լեզուի խնդիրը կը շարունակէ ունենալ հիմնարար դեր։

Ի դէպ, ամենակարեւոր դրուածքը այսօր հայկական գաղութներուն մէջ լեզ-ւի, հայախօսութեան դրօշակը բարձր պահելն է, այդ առումով աւելի քան կարեւոր շեշտադրումներ կը կատարէ այսօրուան իմ խօսակիցը, եգիպտահայ ուսուցչուհի եւ հայագէտ՝ Սօսի Գարաօղլանեան-Չիլինկիրեան։

Ստորեւ հարցազրոյցը՝

-Գիտենք, որ դուք 18 տարիէ ի վեր նախ Լիբանանի եւ ներկայիս Եգիպտոսի մէջ ուսուցչութեամբ կը զբաղիք: Այսօր հայեցի դաստիարակութեան գլխաւոր խնդիրները ի՞նչ են Եգիպտոսի՝ Գահիրէի մէջ:

-Ձեր առաջին հարցումին պատասխանելով՝ ըսեմ, որ մեր վարժարանի պարագային, հայեցի դաստիարակութեան գլխաւոր խնդիրը մայրենի լեզուին ոչ պէտք եղած չափով գործածութիւնն է, նկատի ունենալով, որ գոյութիւն ունին խառն ամուսնութիւններ եւ իբրեւ արդիւնք, այդ ընտանիքի աշակերտը հայերէնը կը գործածէ միմիայն վարժարանէն ներս, երբեմն ալ միայն հայերէնի դասապահուն: Ի վերջոյ մեր գաղութին համար ամենախոցելի հարցը հայախօսութեան հարցն է:

-Եգիպտոսի հայկական գաղութը երկար ժամանակ եղած է Միջին Արեւելքի հայութեան ամենէն վառ, լուսաւոր գաղութներէն մին: Այսօր ի՞նչ իրավիճակի մէջ է, ինչպէ՞ս կը բնութագրէք գաղութի վիճակը:

-Գաղութը՝ ժամանակին, Միջին Արեւելքի մտաւորականութեան կեդրոնը ըլլալով, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ գոյատեւելու համար:

Այսօր ալ այնտեղ կը գործեն կուսակցութիւնները իրենց մշակութային, մարզական ակումբներով։ Բոլորին ալ նպատակը մէկ է՝ հայկական միջավայրը ուժեղացնել, հայկական ոգին ամրապնդել նորահաս սերունդին մէջ:

-Գիտենք, որ Գահիրէի, ինչպէս նաեւ բոլոր համայնքներու մէջ, գաղութի կենսունակութեան գլխաւոր դերակատարը հայ երիտասարդութիւնն է: Այսօր ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ հայ երիտասարդութիւնը Եգիպտոսի մէջ:

-Ինչպէս բոլոր գաղութները, նոյնպէս եւ մեր պարագային, հայ երիտասարդութիւնը կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ, որոնց հիմնական պատճառը հետաքրքրութիւններու փոփոխութիւնն է: Անշուշտ, կան միջոցներ, ձեւեր առաջքը առնելու կամ հարթելու դժուարութիւնները, կը կարծեմ, որ առանձին քննարկելի նիւթ է եւ այս մասին կարելի է անդրադառնալ տարբեր առիթով:

-Կը լսենք նաեւ, որ Եգիպտոսի հայ գաղութէն արտահոսքը կը շարունակուի դէպի հեռաւոր երկիրներ՝ Միացեալ նահանգներ, Եւրոպա, Գանատա. արդեօք դէպի Հայաստան ուղղուածութիւն կա՞յ:

-Ճիշդ է, որ կայ այդ արտահոսքը, զանազան պատճառներով, սակայն կայ նաեւ դէպի Հայաստան ներգաղթը, ըլլան անոնք ընտանիքներ եւ կամ ուսանողներ, որոնք իրենց համալսարանական կրթութիւնը կը շարունակեն հայրենիքի մէջ:

-Ի՞նչ կ՚ըսէք կրթական համակարգի դժուարութիւններու մասին. արդեօք դասագիրքերու, կրթական ծրագրի, կրթական որոշակի ուղղութիւններ տալու առումով ի՞նչ խնդիրներ ունիք:

-Այս հարցումին պատասխանելով՝ շեշտը կ՚ուզեմ դնել հայկականին վրայ: Սկսելու համար, ըսեմ, որ կրթական ծրագիրը կը մշակեն հայերէն լեզուի ուսուցիչները եւ դասարաններու մէջ կատարուած կամ պահանջուելիք աշխատանքներու ընդմէջէն կը փորձեն աշակերտը դարձնել լայնախոհ: Այստեղ ալ կը դիմագրաւենք դասագիրքերու դժուարութիւններ: Անձնապէս, միշտ ալ հաւատացած եմ, որ իւրաքանչիւր գաղութ պէտք է ունենայ իր դասագիրքերու ժողովածոն, յատուկ, ի՛ր աշակերտներուն համար պատրաստուած, անշուշտ խօսքս հայերէնի դասագիրքերու մասին է եւ որ բաւականին ծանր եւ դժուար աշխատանք կ՚ենթադրէ:

Իսկ հիմնական խնդիրը, ըստ իս, կարող եւ մասնագէտ ուսուցիչի, մանկավարժի բացակայութիւնն է ամէնուրեք:

Այս ալ նոյնպէս տարբեր առիթով քննարկուելիք նիւթ մըն է:

-Արդեօք վտանգուած կը տեսնէ՞ք Եգիպտոսի հայութեան ապագան եւ ինչո՞ւ:

-Անշո՛ւշտ, ինչպէս այլ գաղութներ, մենք եւս վտանգուած ենք, որովհետեւ ամէնօրեայ պայքարի մէջ ենք մեր զաւակները պահելու հա՛յ, նկատի ունենալով, որ խառն ամուսնութիւններու քանակը օր ըստ օրէ կ՚աւելնայ եւ նոր սերունդի հետաքրքրութիւնները կը փոխուին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019