«ԱՌԱԿ»ԻՆ ՄՏԱԲԵՐԱԾՆԵՐԸ
Մարդիկ ընդհանրապէս արտաքին տեսքով, երեւութապէս կը գնահատեն զիրար, արժէք կ՚ընծայեն միայն իրենց տեսած չափով եւ չեն թափանցեր խորը՝ ուր կայ ճշմարիտ մարդը՝ «ներքին մարդ»ը, իսկական արժէ՛քը։
Եւ ահաւասիկ օրինակ մը՝ ուր ցոյց կը տրուի թէ՝ մարդիկ ո՜րքան կը սխալին իրենց արտաքինով կատարած գնահատանքով եւ յետոյ երբ ճշմարտութիւնը յայտնուի, ի՛նչպէս կը փոխուին, կարծես նախկին սխալ գնահատումը իրենք կատարած չէին։
ԱՌԱԿ
Կար ու չկար մարդ մը կար,
Գինով, խնլոտ ու անճար,
Ով որ տեսնէր խեւուկը,
Կը դարձնէր կռնակը։
***
Օր մը մեռաւ մարդուկը,
Ժամուն ձգեց մեծ արտը,
Տէրտէր ժամկոչ մէկ եղան,
Ըսին՝ Կեցցէ՛ հաճաղան։
ՎԱՀԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ
Վահան Վարդապետ Պարտիզակցիի «Առակ»ը շա՜տ բան կ՚ըսէ մեզի կեանքի եւ մարդկային զգացումներու, արտայայտութիւններու մասին։ Կարծես «Առակ»ը համառօտ մէկ նկարագրականն է կեանքին՝ ուր կան մարդկային սխալանքներ, թերութիւններ եւ տկարութիւններ։ Մարդ ինքզինք «կատարեալ» տեսնել կ՚ուզէ, բայց տեսնել չ՚ուզեր իր անկատարութիւնները, մանաւանդ իր նմաններուն հետ փոխյարաբերութիւններու եւ իր նմաններուն հանդէպ իր արտայայտութիւններուն մէջ։ Այս իմաստով մարդ միշտ սխալական է, եւ ան ա՛յնքան «կատարեալ» է, ո՛րքան կ՚ընդունի իր սխալները եւ կը ջանայ սրբագրել զանոնք։ Բայց որեւէ իրողութիւն կարենալ ընդունելու համար, պէտք է նախ անդրադառնա՛լ անոր։ Ուստի մարդիկ շատ բաներու մէջ կը սխալին, որոնցմէ կարեւորագոյնը կարելի է նկատել՝ ուրիշներու արժէքը գնահատելու ընթացքին կատարուած սխալները, սխալ որոշումները։
Ըսինք, մարդիկ զիրար կը գնահատեն արտաքինով ընդհանրապէս եւ թէ ներկայ վիճակով, առանց նկատի ունենալու «ներքին»ը, անցեալը եւ ապագա՛ն…։
Բարիին եւ չարին արժէքաւորումը, օգտակարին եւ վնասակարին զանազանումը կենսական հանգամանք մը կը ներկայացնէ մարդկային փոխյարաբերութիւններու առողջ կամ վատառողջ ընթացք մը ունենալուն մէջ։
Կեանքի մէջ անհամեմատ գնահատանքներ, անտեղի եւ սխալ արժէքաւորումներ լուրջ գայթակղութիւններու առիթ կ՚ընծայեն, անհամաձայնութիւններ կը ստեղծեն։ Թերի կամ աւելորդ արժէքաւորումներ պատճառ կ՚ըլլան որ արժանապատուութիւններ վիրաւորուին եւ կամ անարժաններ անիրաւ արժանիք ստանան։ Ասիկա ընկերային ընդհանուր ցա՛ւ մըն է, մանաւա՛նդ անարժաններու արժանիք, յարգ եւ պատիւ ստանալը, որ կատարեալ խաբէութիւն մըն է, որ վնա՛ս կը պատճառէ ամէն ողջամիտ մարդու։
Պարագան նո՛յնն է նաեւ այն պաշտօնատարներուն, որոնք կը շահագործեն իրենց իրաւասութիւնները, կերպով մը խարդախութեան առիթ կը ստեղծեն, նաեւ՝ դաստիարակներուն որոնք իրենց աշակերտները «կը զայրացնեն» (ԵՍ. Զ 4), (ԿՈՂ. Գ 21), կամ այն մարդոց, որոնք դիտումնաւոր կերպով կանխամտածութեամբ խեղաթիւրելով «հանրային կարծիք»ը, զայն կը շեղեցնեն բարոյական արժէքներէն։ Ան որ իր վայելած իշխանութիւնը կը կիրարկէ այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք չարը գործելու կ՚առաջնորդեն, ան յանցաւո՛ր կը դառնայ գայթակղութեան եւ պատասխանատո՛ւ չարին, որուն ուղղակի կամ անուղղակիօրէն իր նպաստը բերաւ։ «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չպատահին. բայց վա՜յ անոր՝ որուն ձեռքով կը պատահին» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 1)։
Ուստի ընդհանուր առումով սխալ գնահատանքը յատուկ ծանրութիւն կը ստանայ զայն գործողներուն հեղինակութեան եւ կամ անոր ենթարկուողներուն տկարութեան, անկարութեան պատճառով. «Ո՛վ որ գայթակղեցնէ մէկը այս փոքրիկներէն, անոր համար լա՛ւ է եթէ վիզէն իշու երկանաքար մը կախուի եւ ծովուն խորը ընկղմի» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 6)։
Սխալ արժէքաւորումի հետեւանքը աւելի եւս ծա՛նր է, երբ ան կատարուած է անոնց կողմէ, որոնք իրենց հանգամանքով եւ դիրքով եւ կամ պաշտօնով պարտականութիւնը ունին ուրիշները առաջնորդելու, ուսուցանելու, կրթելու եւ դաստիարակելու։ Յիսուս այդպիսիները կը բաղդատէ «գառնուկ ծպտուած գայլեր»ու. (ՄԱՏԹ. Է 15)։ Մարդուս արժանաւորութիւնը թանկագին բարիք մըն է՝ մեզի յանձնուած Արարիչէն։ Ուստի իւրաքանչիւր անհատ պարտականութիւնը ունի ե՛ւ պատասխանատուութիւնը ունի անոր խնամք տածելու բանաւոր չափերով, նկատի ունենալով թէ՛ իր եւ թէ՛ ուրիշին արժանիքը եւ մանաւա՛նդ «հասարակաց բարիք»ը։
Արժէք, արժանիք գնահատելու հարցին կարեւոր դեր կը խաղայ համակրական հասկացողութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ ուրիշին ներքին աշխարհը թափանցել, ուրիշը նկատել իբր իր «Ես»ը, կամ հայելին իր «Ես»ին։ Ուրիշը՝ մարդուն տարբեր մէկ երեսակը նկատել, ուրիշը՝ իր տարբեր մէկ երեւոյթը նկատել՝ ուղիղ գնահատանք կատարելու, շիտակ արժէք ճանչնալու նախապայմաններէն մէկն է եւ կարեւորագոյնը։ Ուստի եթէ կ՚ուզենք որ մեր արժէքը ճանչնան եւ գնահատեն ուրիշները, ապա ուրեմն մե՛նք ալ պէտք է ճանչնանք եւ ուղիղ գնահատենք ուրիշներուն արժէքը եւ արժանիքը։ Վարուիլ ուրիշներու հետ այնպէս՝ ի՛նչպէս որ կ՚ուզենք մենք վարուին ուրիշները մեզի հետ։
«Ուրիշ»ը՝ մեր ինքնութեան ցոլացո՛ւմն է. ուրիշը մե՛նք ենք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 27, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024