ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈՒՐՔԻԱ

Նախորդ շաբթուայ յօդուածով գրեցի Հայաստանէն 1990-ականներուն սկիզբ առած մեծ արտագաղթի ալիքի եւ անոր հիմնական պատճառներուն մասին։ Այս անգամ, ինչպէս խոստացած էի, պիտի ներկայացնեմ պատճառներն ու շարժառիթները, որոնք այդ ալիքի մէկ մասը բերին ու հասցուցին Պոլսոյ վոսփորեան ափեր։

Նախ պէտք է նշել, որ յետսովետական հայաստանեան արտագաղթի շատ փոքր մասը, ընդամէնը մօտաւորապէս մէկ տոկոսը, ունեցած է Թուրքիան որպէս թիրախ։ 1990-ականներու սկզբնաւորութեան շատ քիչ թիւով գաղթականներ սկսած են Հայաստանէն գալ Թուրքիա, բայց այդ թիւը սկսած է աճիլ ու Թուրքիան հայաստանցի արտագաղթողին համար հաւանական ընտրանք դառնալ՝ նոյն տասնամեակի վերջաւորութեան, դարադարձի տարիներուն։

Ինչպէս Պոլսոյ մէջ հանդիպած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի գաղթականներ զրոյցներու ընթացքին վկայեցին, թէ Թուրքիան նիւթապէս ամենէն թշուառ ու անճար արտագաղթողներու ընտրանքը եղած է. այսինքն անոնց, որոնք Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա կամ Ռուսաստան չեն կրցած եւ չեն կրնար մեկնիլ։ Թուրքիոյ ֆիզիքական մօտիկութիւնը, համեմատական աժան կեանքն ու կեցութեան պայմանները եւ աշխատուժի համեմատաբար աւելի մեծ պահանջարկը անոր յաւելեալ քաշողականութիւն մը տուած են։ Ահա այս մասին վկայող զրոյցի հատուած մը, որ ունեցայ 59 տարեկան Ովսաննայի եւ 31 տարեկան Յակոբի հետ։

Ես.- Ինչո՞ւ Թուրքիա։ Ինչո՞ւ ոչ Ռուսաստան կամ Եւրոպա։

Ովսաննա.- Տես, աղջիկս ամուսնացրի եւ ուղարկեցի Ֆրանսիա։ Ի հարկէ, կ՚ուզենայի իր մօտ գնալ, բայց վիզա ձեռքբերելը բարդ էր, ու մինչեւ այնտեղ հասնելու եւ ապրելու համար լիքը փող էր պէտք, որ չունէի։ Ստիպուած էի տունս վաճառել, բայց դա էս աշխարհի վրայ իմ վերջին անկիւնն էր… եւ չուզեցի էդ էլ կորցնել։ Ստամբուլը միակ ընտրանքն էր։

Ես.- Իսկ Ռուսաստա՞նը։

Յակոբ.- Հրակ, թոյլ տուր միջամտել։ Առաջինը, այստեղ աշխատանք գտնելը շատ աւելի հեշտ է, քան Ռուսաստանում։ Նոյնիսկ եթէ թուրքերէն չգիտես, ինչ որ բան ճարում ես, հոգ չէ թէ վատ պայմաններով։ Յետոյ տան վարձքի գների մեծ տարբերութիւն կայ, ստեղ անհամեմատ աւելի էժան են։ Վերջապէս համ գնալ-գալն է հեշտ, համ թղթերի հարցը…

Յակոբի նշած գործ ճարելու բարձր հաւանականութիւնը հաւանաբար ամենէն հիմնական պատճառներէն եղած է։ Արդարեւ, ճիշդ այն տարիներուն, երբ յետսովետական տարածքաշրջանը քաղաքական ու տնտեսական ցնցումներու մէջ էր, Թուրքիան տնտեսական քաշողականութիւն ձեռք կը բերէր, ինչ որ պատճառ կը հանդիսանար ոչ միայն Հայաստանէն, այլ նաեւ ուրիշ նախկին խորհրդային երկիրներէ դէպի Թուրքիա աշխատանքային գաղթի։ Երկրի յատկապէս սպասարկման ու ստուերային արդիւնաբերական ոլորտները աժան աշխատուժի կարիք ունէին, որ լաւագոյնս կը լրացուէր դուրսէն եկած ու շահագործուելու ենթակայ գաղթականներու միջոցով։ Անշուշտ այստեղ Թուրքիոյ մէջ ապօրինի կեցութիւն հաստատելու եւ ոչ-օրինական աշխատանք կատարելու դիւրութիւնն ալ մեծ առաւելութիւն է (Յակոբի ըսած «թղթերի հարցը») յատկապէս բաղդատած Ամերիկայի կամ եւրոպական երկիրներու աւելի խստապահանջ պայմաններուն։

Տակաւին, կարեւոր է նշել, որ Հայաստանէն եկած աշխատանքային գաղթականներու հիմնական մասը, յատկապէս սկզբնական ժամանակաշրջանին, կիներ եղած են։ Այս իրողութեան հիմնական պատճառը դարձեալ աշխատանքի շուկայի իւրայատկութիւններն են, թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ Հայաստանէն աշխատուժ ներքաշելու մէջ «մրցակից» Ռուսաստանի։ Ռուսաստանի մէջ հիմնական պահանջարկը եղած է շինարարական ոլորտէ ներս, ուր կանայք սովորաբար տեղ չունին։ Մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նշեցի, սպասարկման ոլորտն է գաղթականներու համար մագնիսային ուժ ներկայացնողը. ճաշարաններու եւ պանդոկներու մէջ խոհանոցային կամ սպասարկման աշխատանք, եւ, կարեւոր չափով, տուներէ ներս խնամք ու սպասարկում։ Այստեղ, ըստ մասնագիտական կարծիքներու, դերակատար են նաեւ Թուրքիոյ ընկերային-մշակութային որոշ իւրայատկութիւններ։ Օտար տուներու մէջ կանանց եւ աղջիկներու աշխատիլը, ըստ որոշ հետազօտողներու պնդումին, մահմետական թուրք ու քիւրտ ընտանիքներու կողմէ այդքան ալ ընդունուած երեւոյթ չէ։ Այդ բացը, այդպէսով, պիտի լեցուէր յատկապէս յետսովետական երկիրներէ եկող գաղթական կիներու միջոցով։

Վերջապէս, կարելի չէ ուրանալ Պոլսոյ հայկական համայնքի գոյութեան հանգամանքը։ Արդարեւ, Հայաստանէն եկած գաղթականներու մեծ մասը, կիները յատկապէս, աշխատանք գտած են տեղւոյն հայ ընտանիքներու մօտ, որոնք, մեկնելով լեզուական ու ազգակցային կապերէ, երբեմն ալ թերեւս նաեւ կարեկցանքի զգացումէ, նախընտրած են Հայաստանէն եկած գաղթական մը գործի առնել, այլ յետսովետական երկրէ եկած մէկուն փոխարէն։

Այս բոլոր հանգամանքները, այսպէսով, դուռ բացած են, որ Հայաստանէն խոշոր արտագաղթի ալիքի մէկ փոքր ալեակը հասնի Թուրքիա եւ Պոլիս, բազմազանեցնելով տեղւոյն հայկական ներկապնակը։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019