ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Պէյրութի տիւրզի համայնքի հոգեւոր կեդրոնէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ երկխօսութեան հաւաք մը։ Քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդներու այս հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Նորին Սրբութեան կողքին էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, համաժողովի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Լիբանանի տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Աքլ Տրուզ։ Այս առթիւ ան կանգ առաւ այս համաժողովի կարեւորութեան վրայ, երբ Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Հետեւաբար, Տրուզ հրամայական համարեց Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը։

Յաջորդաբար արտայայտուեցան Լիբանանի սիւննի համայնքի, Մարոնիթ եկեղեցւոյ, Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ շիի համայնքի հոգեւոր առաջնորդները։ Հաւաքի ժամանակ բոլորն ալ ընդգծեցին՝ ներքին տարակարծութիւններէ հեռու մնալու, երկրի տնտեսական կացութիւնը բարւոքելու եւ տարածքաշրջանի դիմագրաւած տագնապներէն զգուշանալու անհրաժեշտութիւնը։

Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ ըսաւ. «Ներկայ համաժողովը իր զանազանութեամբ լիբանանեան հարազատ պատկերը կը ներկայացնէ, սակայն այդ զանազանութիւնը կամրջողը մեր միասնականութիւնն է: Մենք տարբեր համայնքներու կը պատկանինք, սակայն նոյն լեզուն կը խօսինք՝ Լիբանանի լեզուն, այլ խօսքով երկխօսութեան, գործակցութեան եւ համակեցութեան լեզուն: Այս է Լիբանանը, համակեցութեան երկիր. այս է Լիբանանի իւրայատկութիւնը: Մենք մէկ ընտանիք ենք. նոյն ընտանիքին մէջ հարցեր, նեղութիւններ եւ զգայնութիւններ կը ծագին, սակայն անհրաժեշտ է փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծել մեր հարցերը, առանց արտաքին միջամտութեան: Միջին Արեւելքը նոր տագնապներու սեմին կը գտնուի. հարկ է ըլլալ զգոյշ. որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ներքին միասնականութիւնը հրամայական է: Լիբանանի պատմութեան դժուար պահերուն ժողովուրդը հոգեւոր պետերուն կը նայի: Մենք ո՛չ միայն ըսելիք ունինք, այլ նաեւ պէտք է ընելիք ունենանք: Չենք կրնար անտարբեր մնալ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերատնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց: Քաղաքական պատասխանատուներուն պէտք է յիշեցնել եւ երբեմն անոնք զգաստութեան հրաւիրել, որպէսզի ծառայեն ժողովուրդին՝ անոնց շահերը նկատելով իրենց ծառայութեան նպատակ»։

Հոգեւոր պետերու խօսքերէն վերջ ներկայացուեցաւ Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յայտարարութեան նախագիծ մը, զոր մանր փոփոխութիւններէ վերջ որդեգրուեցաւ համաժողովին կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այդ յանձնախումբին մաս կը կազմէ նաեւ Տքթ. Ժան Սալմանեան։

Աւելի վերջ ժողովականները ճաշասեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան Լիբանանի Տիւրզի համայքնի հոգեւոր պետին կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019