ՄԱՍԻՍ ՄԱՅԻԼԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն կ՚այցելէ Աւստրալիա։ Երէկ, Քամպերայի մէջ Մասիս Մայիլեան հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էրիք Ապեթսի հետ։ Այս վերջինը կ՚անդամակցի Ազատական կուսակցութեան, որ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի Աւստրալիոյ մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Մասիս Մայիլեան զրուցակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատմութիւնը, խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը եւ Արցախի իշխանութիւններու դիրքորոշումը՝ տարածքաշրջանէ ներս վերջնական ու տեւական խաղաղութեան մը հաստատման շուրջ։ Մայիլեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ անկախ ու ժողովրդավարական պետականութեան մը կերտման, ինչպէս նաեւ զանազան մակարդակներով արտաքին յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացներուն մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ հեռանկարներուն։ Այս ամբողջին մէջ Մայիլեան կարեւորեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան մակարդակով զանազան երկիրներու հետ հաստատուած յարաբերութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն արտասահմանի մէջ բարձրացնել ծանօթութիւնը Արցախի եւ անոր ժողովուրդի օրինական ձգտումներու եւ երկրի ժողովրդավարական գործընթացներու մասին։