ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչըրի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան անպաշտօն այցելութեամբ կը գտնուի Անգլիոյ մէջ։ Ան Քրիստոֆըր Փինչըրը շնորհաւորեց նախարարի պաշտօնը ստանձնելու առթիւ եւ իր համոզումը յայտնեց, թէ անոր պաշտօնավարութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Անգլիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը խորանայ եւ կ՚ամրապնդուի։

Իր հերթին, Քրիստոֆըր Փինչըրն ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ Արմէն Սարգսեան հանդիսացած է այն առաջին օտարերկրեայ պետութեան նախագահը, որու հետ հանդիպելու առիթը ունեցած է նախարարի պաշտօնը ստանձնելէ վերջ։ Քրիստոֆըր Փինչըր ընդգծեց, որ Հայաստան արժէքաւոր ու կարեւոր գործընկեր մըն է իր երկրին համար։

Զրուցակիցները անպաշտօն միջավայրի մէջ քննարկեցին Հայաստան-Անգլիա երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ հարցեր։

Միւս կողմէ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեան մեկնած է արձակուրդի, որու մէկ մասը կ՚անցընէ արտասահմանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019