ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԱՍԻՆ

Աստուածաշունչ մատեանը այն եզակի գիրքն է, որ դարեր շարունակ պահած է, կը շարունակէ պահել եւ պիտի շարունակէ պահել իր անմիջականութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը մարդ արարածի առօրեայ կեանքէն ներս: Շատեր փորձած են այսպէս կամ այնպէս նսեմացնել Աստուածաշունչին հեղինակութիւնը, բայց չեն յաջողած եւ այդ շատերէն ոմանք լուսաւորուելով Աստուածաշունչին լոյսով՝ գտած են ճիշդ ճանապարհը եւ իրենց կեանքը ամբողջութեամբ փոխուած է:

Հայ ժողովուրդը միակ ժողովուրդն է, որ ա՛յս՝ Աստուածաշունչ անունը կու տայ այս մատեանին: Միւս բոլոր ժողովուրդները զայն կը կոչեն Սուրբ Գիրք:

Աստուածաշունչ երբ կ՚ըսենք, միաժամանակ կը հասկնանք նաեւ իմաստը, այսինքն՝ Աստուծոյ շունչով գրուած, Աստուծոյ ներշնչումով արձանագրուած տողեր: Այստեղ ալ ոմանք կը փորձեն նսեմացնել Աստուածաշունչին իւրայատկութիւնը, պատճառաբանելով, թէ Աստուած մարդիկ օգտագործած է, որպէսզի Իր կամքը թելադրէ: Բայց, փութանակի ակնարկ մը եթէ նետենք Աստուածաշունչի տարբեր գիրքերուն, պիտի նկատենք, որ այդ գիրքերը հեղինակութիւնն են տարբեր անձերու, որոնք սակայն կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակը եւ նո՛յն ոգին ունին:

Ուսումնասիրութիւն կամ մասնագիտական աշխատանք մը չէ այս գրութեանս նպատակը, այլ՝ ընթերցողին ներկայացնել ծաղկաքաղ մը տարբեր գրիչներէ՝ Աստուածաշունչի մասին:

Բարի ճանապարհորդութիւն.

- «Աւետարանը տարբեր է ուրիշ գիրքերէ, որովհետեւ անիկա սիրտը եւ հոգին կը կրթէ։ Անիկա կերակուր է կաթէն աւելի սննդարար, մեղր մըն է պատրաստուած Գողգոթայի Խաչի փեթակին մէջ, իբրեւ նոր մանանայ» (Խրիմեան Հայրիկ):

- «Ի՞նչ կը հասկնանք Ս. Գիրք ըսելով:

Կը հասկնանք այն մատեանը, աւելի ճիշդ՝ մատեաններու խումբը, որ եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած է իբրեւ արձանագրութիւն աստուածային յայտնութեան: Աստուծմէ ներշնչումին ազդեցութեան տակ, խմբագրուած եւ կազմուած, եւ որ կը գործածուի եկեղեցւոյ պաշտամունքին մէջ իբրեւ հաւատքի եւ հոգեւոր կրթութեան աղբիւր: Ասկէ՝ “Աստուածաշունչ” բառով որակումը անոր» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս):

- «Աստուածաշունչը պէտք է կարդացուի ո՛չ թէ իբր պատմական գիրք մը, փիլիսոփայական գրութիւն մը կամ գրական երկ մը, այլ իբրեւ ինչ որ է՛ իսկապէս, այսինքն՝ իբր Աստուծոյ խօսքը, որ կեանքի պէտք է վերածուի» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիոս)։

- «Կարելի չէ Աւետարանը կարդալ պարզ գիրքի մը պէս, պէտք է անոր նայիլ իբրեւ հայելի մը, որուն մէջ մեր պատկերը պէտք է համապատասխանէ Յիսուսի պատկերին։ Այսպէ՛ս է, որ Աստուծոյ խօսքին ընթերցումը կրնայ յանձնառու դարձնել մարդը, սլացք տալ անոր կեանքին, յոյս ներշնչել անյոյսներուն, քաջութիւն՝ համակերպողներուն» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիոս):

- «Աստուածաշունչը կրօնական գիրք մը չէ լոկ. մարդկային սիրտին եւ ուղեղին քերթողական եւ իմաստասիրական բարձրագոյն արտայայտութիւններէն մէկն է։ Արդիական քաղաքակրթութիւնը այդ հսկայ գիրքին եւ հին հելլէն մշակոյթի զուգախառնումին արդիւնքն է։ Մեր հին ազգային գրականութիւնը իր ծաղկման ու զարգացման մէջ շատ բան կը պարտի եբրայեցի քերթողներուն ու մտածողներուն, ինչպէս որ անոնց շատ բան կը պարտին Տանթէներն ու Միլիտոնները, Լամարթիններն ու Հիւկօները» (Արշակ Չօպանեան):

- «Ով որ չէ կարդացած Աստուածաշունչը, այդպիսին չի կրնար իսկական իմաստով գրագէտ մարդ կոչուիլ, առաւել եւս՝ գրականագէտ։ Իսկ ով որ չէ սերտած “ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ”ը, այդպիսին չի կրնար գաղափար ունենալ պոէզիայի սկզբնականի մասին։ Ամբողջ համաշխարհային գրականութիւնը դուրս եկած է Աստուածաշունչէն. այստե՛ղ է բոլոր ժանրերու ու սիւժէներու սկիզբը։ Անոր հիման վրայ ստեղծուած են համաշխարհային գրականութեան ու արուեստի գլուխ գործոցները։ Վկայ՝ ‘Աստուածային կատակերգութիւն’ը, Նարեկը, Ռաֆայէլը։ Հիմա արդէն գիտութիւնը սկսած է լրջօրէն զբաղուիլ Աստուածաշունչի պատմական ու առասպելական հիմքերուն բացատրութեամբ։ Պարզուած է, որ մտացածին համարուած հրաշապատումները բնաւ ալ ցնդաբանութիւններ չեն, եւ անցած քաղաքակրթութեան ուսումնասիրութիւնը դեռ շատ առեղծուածներ կը բանայ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ» (Պարոյր Սեւակ):

- «Ես երեք տեսակի կրթութիւն ստացած եմ. զիս կրթած են փողոցը, դպրոցը եւ Աստուածաշունչը: Իսկ ասոնցմէ Աստուածաշունչը ամենէն կարեւոր դերը խաղացած է իմ կրթութեանս մէջ: Ասիկա միակ Գիրքն է, որուն մենք պարտաւոր ենք հասու ըլլալ» (Տեուք Էլինկթըն):

- «Առանց Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին, հնարաւոր չէ աշխարհը ճի՛շդ ճանապարհով տանիլ» (Ճորճ Ուաշինկթըն):

- «Աշխարհը թող յառաջդիմէ ինչքան կ՚ուզէ, մարդկային ճանաչողութեան ճիւղերը թող աւելի վեր բարձրանան, միեւնոյնն է, ո՛չ մէկ բան կը փոխարինէ Աստուածաշունչին՝ բոլոր ուսուցումներու հիմքին» (Կէօթէ):

- «Ասիկա լաւագոյն նուէրն է, որ Աստուած երբեւէ մարդուն տուած է: Այն բոլորը, ինչ որ աշխարհի Բարի Փրկիչը աշխարհին տուաւ, այս Գիրքին միջոցով եղած է» (Ապրահամ Լինքըլն):

- «Ես զԱստուած բացայայտեցի գերութեանս ընթացքին: Ես Աստուածաշունչ մը գտայ, որն իմ աղօթագիրքս դարձաւ...: Անգլերէնով ես անգիր սորվեցայ ինծի հաճելի եղող մէկ տասնեակ սաղմոս...: Գերութիւնս անհրաժեշտ եղաւ, որ ես Աստուծոյ գիտակցումը ունենամ...: Ինչպէս Սաղմոսը կ՚ըսէ՝ Աստուած իմ Վէմս է» (Ռոժէ Օք):

- «Մեծ տարբերութիւն կայ մարդոց ստեղծած գիրքերուն եւ այն Գիրքին միջեւ, որ մարդ կը կերտէ» (Անյայտ հեղինակ):

- «Աստուածաշունչին մէջ բաներ կան, որ ես չեմ հասկնար, շատ բաներ՝ որ ես կը կարծեմ, թէ կը հասկնամ, սակայն, Աստուածաշունչին մէջ կան աւելի շատ բաներ, որոնք ես չեմ կրնար չհասկնալ» (Անյայտ հեղինակ):

- «Սատանան փոշիով պատուած Աստուածաշունչէն վախ չունի» (Անյայտ հեղինակ):

- «Մարդիկ դէպի Աստուածաշունչ կը դառնան, ինչո՞ւ: Որովհետեւ անոնք առանց Աստուածաշունչին չե՛ն կրնար գործել» (Մաթիու Առնըլտ):

- «Աստուածաշունչի գրեթէ վաթսունամեայ ընթերցանութենէն ետք ալ, ես այնտեղ նորութիւններ կը գտնեմ, որոնք սքանչելիօրէն համահունչ ու համընթաց են ամէնօրեայ յարափոփոխ կարիքներուս» (Սեսիլ Պլաունտ Տէմիլ):

- «Աստուածաշունչը այս բանտուած աշխարհին վրայ պատուհան մըն է, որու միջոցով մենք կրնանք յաւերժութիւնը տեսնել» (Թիմոթի Տուայտ):

- «Կառչա՛ծ մնացէք Աստուածաշունչէն՝ ինչպէս ձեր ազատութեան խարիսխէն. անոր խօսքերը ձեր սիրտին մէջ գրեցէ՛ք եւ ձեր կեանքին մէջ ատոնք գործածեցէ՛ք: Մենք այս Գիրքին ազդեցութեանը պարտաւոր ենք՝ դէպի ճշմարիտ քաղաքակրթութիւն յառաջընթացին համար, եւ մենք պարտաւոր ենք այս Գիրքը դիտարկել որպէս ապագայի ռահվիրայ: Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ, բայց մեղքը բոլոր ժողովուրդին համար յանդիմանութիւն է» (Ուլիս Կրանտ):

- «Ամբողջական մատենադարան մըն է անիկա [Աստուածաշունչը], հանրագիտարանային բնոյթով, բայց որ միաժամանակ մէկ գիրք է։ Մէկ՝ ո՛չ միայն անոր համար, որ իր բաղկացուցիչ մասերը ժամանակի ընթացքին մէկ կազմի մէջ եւ մէկ կողքի տակ առնուած են, այլ մէկ է ներքին հրաշալի միութեամբ մը, իր հիմնական ուսուցումով ու պատգամով, մէկ է՝ նիւթի շարունակականութեամբ եւ ամբողջականութեամբ։ Աստուծոյ գործին եւ ծրագիրին յայտնութիւնն է անիկա, ըստ ի՛ր իսկ վկայութեան. կը պատմէ տեսանելի եւ անտեսանելի աշխարհներու ստեղծագործութեան մասին, կը խօսի Աստուծոյ եւ տիեզերքի մասին, կը պատմէ մարդուն ծագումը, կը ներկայացնէ մարդուն անցած ճամբան, ճշմարտութիւններ կը բերէ մեղքին եւ անոր հաւատալիքներուն մասին, Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին մասին, որ պատմական զարգացումով եւ հրաշալի օղակումով մը Հին կտակարանէն կ՚անցնի Նոր կտակարանին, կ՚ընդգրկէ բոլո՛ր ժողովուրդները, եւ Աստուծոյ ծրագիրին ամբողջացումը կու տայ՝ նոր երկինքի եւ նոր երկրի ստեղծման տեսիլքով, որ բոլոր խոստումներու կատարումը եւ ամբողջացումն է» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան):

- «Անգլիան ունի երկու գիրք՝ Աստուածաշունչ եւ Շէյքսփիր։ Անգլիան ստեղծած է Շէյքսփիրը, իսկ Աստուածաշունչը՝ Անգլիան» (Վիքթոր Հիւկօ)։

- «Այս սրբազնագոյն Գիրքին (Աստուածաշունչին) մէջ ամփոփուած է բոլոր գաղտնիքներուն գաղտնիքը: Որքան երջանիկ են մահկանացուներէն անոնք, որոնց Աստուած Սուրբ Գիրքը լսել, կարդալ, Անոր խօսքերը աղօթքով արտասանելու եւ երկիւղածութեամբ ընկալելու ողորմութիւնը շնորհած է։ Երջանիկ են անոնք, որոնք կարողութիւնը ունին Սուրբ Գիրքին դռները բանալ եւ համարձակօրէն ընթանալ անոր շաւիղներով» (Ճորճ Պայրըն)։

- «Աստուածաշունչը անխտիր բոլորին ալ պիտանի է, անիկա փոքրերուն ալ մատչելի է եւ հասու անոնց հասկացողութեանը, մայրական կաթով կը սնուցանէ զանոնք, կը ջերմացնէ ու կը սատարէ անոնց ուժերուն եւ ամէն ինչ կ՚ընէ՝ մինչեւ Քրիստոսի հասակին հասնիլը։ Գիրքը չի՛ մերժեր ոչ մէկ տարիք, ո՛չ մէկ սեռ, ո՛չ մէկ դիրք ու խաւ։ Արեգակը նոյնիսկ այդքան ընդհանուր ու բաց չէ բոլորին համար, որքան Քրիստոսի վարդապետութիւնը» (Էրազմ Ռոթերտացմի)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2019