ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՆԻՒ ԵՈՐՔ - ՖՐԵՆՔ ՍԻՆԱԹՐԱ (NEW YORK , NEW YORK - FRANK SINATRA)
«Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը բազմակի անգամ վերաերգուած է։ Անիկա չհինցող երգերու շարքին կը պատկանի եւ երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է Նիւ Եորք քաղաքի ոչ պաշտօնական քայլերգը։ Երգը յայտնի է Ֆրենք Սինաթրայի կատարմամբ, բայց զայն առաջին անգամ հանրութեան դատին ներկայացուց Լայզա Մինելին: Երգը գրուեցաւ Մարթին Սքորսեզէի «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» շարժանկարի համար: Ճոն Քետերին եւ Ֆրետ Էպպին՝ երգի հեղինակներուն պատուիրեցին շարժա-նըկարի համար գրել երգ մը:
Հեղինակները կը պատմեն, որ երգը գրուած է բարկացած ժամանակ, երբ ցասումը հասած է իր գագաթնակէտին: Հարցը այն է, որ ժապաւէնի բեմադրիչ Սքորսեզէն հեղինակներուն կը պատուիրէ գրել հինգ հատ երգ, ինչպէս նաեւ շարժանկարի գլխաւոր նիւթը: Երբ հեղինակները երգերը կ՚աւարտեն, զանոնք ցոյց տալու համար կու գան բեմադրիչի եւ գլխաւոր դերակատարներու հետ հանդիպման։ Դերասաններ Լայզա Մինելին եւ Ռապըրթ տը Նիրոն չեն հաւնիր երգը՝ զայն անուանելով «չոր»: Տը Նիրոն նոյնիսկ հեղինակներէն կը խնդրէ վերանայիլ երգը եւ դարձեալ գրել զայն: Անոր կարծիքով՝ երգը պէտք է ըլլայ աւելի «հզօր»: Հեղինակները կը վիրաւորուին ինքնահաւան դերասանի մեծամիտ դիտողութենէն: Զիրենք կը վրդովեցնէ այն փաստը, որ երիտասարդ դերասանները իրենց գրել կը սորվեցնեն: Անոնք բարկութեամբ լեցուած կը փոխեն երգը գրեթէ ամբողջապէս: Աւելի վերջ Էպպ կը խոստովանի, որ տը Նիրոն իրաւացի էր, եւ եթէ ան չստիպէր երգի մէջ փոփոխութիւններ ընել, արդիւնքը այդքան յաջող չէր ըլլար:
Երգը կատարեց Լայզան: Շարժանկարը յաջողութիւններ չունեցաւ, բայց Լայզան կը շարունակէր զայն երգել իր համերգներու ժամանակ:
Երգը իր հռչակն ու երկրորդ շունչը ստացաւ, երբ զայն վերաերգեց Ֆրենք Սինաթրան, որ յայտնի էր որպէս 60-ականներու երգերու վերաերգող եւ վերակենդանացնող երգիչ: Սինաթրան, սակայն, երգի մէջ փոխեց մի քանի տող: Էպպ կը խոստովանի, որ թէեւ փոխուած բառերուն հեղինակը ինքը չէ, բայց ան շնորհակալ է Ֆրենքին, որ ինք երգը դարձուց այդքան հանրաճանաչ:
Երգի մասին մի քանի հետաքրքրական փաստեր կան.
«Նիւ Եորք Եանքիզ» պէյզպոլային ակումբի երզրափակիչ խաղերուն ժամանակ միշտ կը հնչէր «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը: Եթէ ակումբը կը յաղթէր՝ կը հնչէր Սինաթրայի կատարմաբ, եթէ պարտուէր՝ Լայզա Մինելիի կատարմամբ: Այս հանգամանքը վերջ ի վերջոյ յանգեցուց անոր, որ Մինելիի համակիրները սկսան վրդովիլ եւ բազմաթիւ բողոքներու եւ դժգոհութիւններու արդիւնքով այս աւանդոյթը դադարեցաւ:
1990 թուականին, Սինաթրան իր 75-ամեակի առիթով կազմակերպուած համերգի ժամանակ այս երգ կատարեց Լայզայի հետ միասին, անակնկալ ընելով համակիրներուն:
Ամէն տարի Նոր տարիին, ժամը 00.00-ին, «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք»ը կը հնչէ Թայմ-Սքուերի մէջ: Անիկա ոչ պաշտօնապէս դարձած է Նիւ Եորքի Նոր տարուայ քայլերգը, ազդարարելով նոր տարուայ սկիզբը:
Երգը կը հնչէ նաեւ համաշխարհային հռչակ ստացած, մեծերու եւ փոքրերու սիրելի «Մատակասքար» մանկական շարժապատկերի մէջ:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան