ԱՅՍՏԵ՞Ղ Է ԳՐԱՒՈՐ ՍՊԱՆԵՐԷՆԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԸ
Սան Միլան տէ լա Քոկոլլա փոքր գիւղին մօտակայ բլուրին վրայ կը գտնուի Սուսօ վանքը: Ճգնաւոր Սուրբ Միլան վանականին կողմէ վեցերորդ դարուն հիմնադրուած վանքը կարծես թէ կը զգայ, որ այլ ժամանակի եւ այլ վայրի կը պատկանի: Այս առանձնացած կէտէն, որ շրջապատուած է անտառներով, կարելի է տեսնել Քարտենաս հովիտը եւ հեռուն՝ Սան Լոնենզօ լերան գագաթը:
Վանքին մօտ զանգակածաղիկներ կը զարդարեն մուտքերը սարալանջի քարայրներու, ուր վանականներ ապրած են Սուսոյի կառուցումէն շատ առաջ:
Ասիկա Սպանիոյ լա Ռիոխա շրջանն է, երկրին այն վայրը, ուր բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կու գան հռչակաւոր խաղողի այգիներուն համար եւ՝ Քամինօ տը Սանթիակօ ուխտավայրը երթալու:
Հետաքրքրական է գիտնալը, թէ շրջանը ինչպէ՛ս կազմաւորեց ուղին, որով աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ իրարու հետ կը հաղորդակցին:
ԱՅՍ ՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԶԳԱՍ ՊԱՏԵՐՈՒՆ ԽՈՐ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ՝ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
Երբ կը քալես վանքին ցուրտ ու մութ միջանցքներուն մէջ, կը զգաս պատերուն խոր արձագանգը՝ լեզուական պատմութեան:
Լռութեան մէջ կեցած՝ դիւրին է պատկերացնել լատինական ձեռագիրներու վրայ հակած վանականները, որոնք աւելի քան 1000 տարի առաջ տեղական լեզուով արձանագրութիւններ կ՚ընեն մագաղաթներու լուսանցքներուն մէջ:
Այդ լեզուն այժմ մենք սպաներէն կ՚անուանենք:
Պաշտօնական լեզուն 20 երկիրներու մէջ եւ մայրենին՝ աշխարհի մէջ 480 միլիոն մարդոց, սպաներէնը երկրորդ ամենէն շատ խօսուող բնիկ լեզուն է մոլորակին վրայ, չինարէն մանտարինէն ետք, ըստ սպաներէնի «Սերվանթես» հիմնարկին:
Սան Միլան տէ լա Քոկոլլայի մէջ կը լսէք բնիկներու բերնէն արագ յաջորդականութեամբ հոսող բառերը (երբ անոնք կը խօսին եղանակին, լուրերու եւ ընտանիքներու հարցերու մասին), այնպէս, կարծես այս բարդ լեզուն միշտ գոյութիւն ունեցած է:
Մատրիտի Ալքալա համալսարանի դասախօս, Փրոֆ. Ճայրօ Սանչես սպաներէնի արմատները, ծագումը կը գտնէ գռեհիկ լատիներէնի մէջ:
-«Գռեհիկ»ը, այսինքն՝ ընդհանրացած, խօսակցական լեզուն, եւ ոչ գրաւոր, գրական, դասական լատիներէնը»,- կը բացատրէ ան:
Լատիներէնը իպերեան թերակղզի (Սպանիա, Փորթուգալ) եկած է հռոմէացիներու միջոցով, փիւնիկեան երկրորդ պատերազմի ատեն, Քրիստոսէ առաջ Գ. դարուն, երբ սկսաւ կազմութիւնը իպերա-ռոմանական լեզուին, որ զարգացաւ իպերեան թերակղզիին վրայ:
Այս եղափոխական հոլովոյթը տեղի ունեցաւ, երբ բնիկները որդեգրեցին լատիներէնը եւ զայն միաձուլեցին իրենց տեղական լեզուին. ձայնաբանութիւն, հնչիւնաբանութիւն, բառապաշար:
Մինչ չկայ յստակ պահ մը, որուն մէջ լատիներէնը կը մեռնի, եւ սպաներէնը կը ծնի: Ըստ Սանչեսի, ծննդավայր մը, սկիզբ մը կարելի է նկատել ամենէն հին գրաւոր քասթելլանօն կամ քասթիլլանը, սպաներէնի կազմաւորումը իպերեան թերակղզիէն:
Սպաներէնի ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնի մասնագէտ Քլոտիօ Կարսիա Թուրզա աւելի քան 40 տարիներ յատկացուցած է՝ ուսումնասիրելու եւ դասաւանդելու սպաներէն Լա Ռիոխա համալսարանին մէջ:
Ան յաճախ կ՚այցելէ հսկայ Եուսօ՝ Սուսոյի աւելի մեծ եւ վիթխարի քոյր վանքը, բլուրի ստորոտին: Երկու վանքերն ալ 1997 թուականէն կը գտնուին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ:
Կարսիա Թուրզա կը բացատրէ. «Ժ. դարուն վանքին վանականներէն մէկը սկսած է քարոզներ եւ աղօթքներ (բոլորն ալ գրուած եւ արտասանուած՝ լատիներէն, որ այն ժամանակ արդէն անհասկնալի էր) թարգմանելու տեղական իպերա-ռոմանական բարբառի, որպէսզի միւս վանականները հասկնան: Ան նոթեր ձգած է բնագիրներու լուսանցքներուն վրայ: Այս թարգմանական նոթերը, որոնցմէ ամենէն նշանաւորները հրատարակուած են «Լաս Կլոսաս Էմիլիանենսես» ծաղկաքաղին մէջ, լեզուի ամենէն առաջին քայլերն են դէպի էջերը»:
«Այդ նոթերը կը ներկայացնեն նշոյլ մը, թէ լեզուն այնքան դարեր առաջ ինչպէ՛ս խօսուած է, ժամանակի մը մէջ, երբ ժողովուրդին մեծ մասը անգրագէտ էր»:
Սուսօ վանքին դերակատարութիւնը սպաներէնի զարգացման մէջ հոս չ՚աւարտիր:
Քանի մը դար ետք, բանաստեղծ Կոնզալօ տը Պերսէօ բնակեցաւ վանքին մէջ, ուր գրեց քերթուածներ, որոնք ներառեցին նախապէս չտեսնուած եզրեր: Ճանչցուած իբրեւ սպաներէնի առաջին բանաստեղծ՝ տը Պերսէօ իր կեանքի ընթացքին ընդարձակեց սպաներէնի բառապաշարը աւելի քան 2000 բառերով:
Սուսօ եւ Եուսօ վանքերը տարեկան 100 հազար այցելուներ կ՚ունենան: Ութ վանականներ տակաւին կը բնակին Եուսոյի մէկ թեւին մէջ եւ այցելուներուն բացատրութիւններ կու տան վանքի պարոք ճարտարապետութեան մասին: Երբ կը շրջագայիք խաղաղ համալիրին մէջ, բարձրադիր դարակներու վրայ կը նշմարէք հսկայ ցուլի մորթէ պատրաստուած երգչախումբի գիրքեր, իւրաքանչիւրը՝ 20-60 քկ. ծանրութեամբ:
Վանքին այլ գանձերէն մէկը, թէեւ այցելուներուն հազուադէպ կը ցուցադրուի, գրադարանն է, որ ունի 11-18-րդ դարերու աւելի քան 10 հազար գիրքեր, ներառեալ՝ գիրք մը, ուր շրջանին անունը Ռիոխա (տեղւոյն Ռիօ Օխա գետի անունէն), վաւերագրուած է առաջին անգամ:
Եուսօ վանքին մէջ նոյնպէս կը ցուցադրուի կրկնանկարը «Լաս Կլոսաս Էմիլիանենսեսե»ին( թարգմանութիւններուն նախատիպը այժմ կը գտնուի Պատմութեան Արքայական տաճարին մէջ, Մատրիտ):
Իպերա-ռոմանական լեզուի գրաւոր այլ առաջին օրինակներ, ներառեալ՝ «Քարթուկարիոս տը Վալփուեսթան»՝ իպերա-ռոմանական բառեր պարունակող միջնադարեան փաստաթուղթերը, գտնուած են Սանթա Մարիա տը Վալփուեսթա վանքին մէջ, դրացի Պուրկոս նահանգին մէջ:
Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ բոլոր հին գրութիւնները արժէքաւոր են՝ ցոյց տալու համար իպերա-ռոմանական լեզուի եղափոխութեան պատմութիւնը:
Ըստ լեզուաբաններու, դժուար է ըսել, թէ ո՛ր գրութիւնը առաջինը գրուած է ռոմաներէն, որովհետեւ ատիկա կախեալ է այն չափանիշներէն, որոնք կը գործածուին սահմանելու համար, թէ ինչ բան է գրաւոր ռոմաներէնը:
ԱՏԻԿԱ ԲԱՌԵՐՈՒ ՏՈՒՆ Է, ԲԱՅՑ ՆԱԽ ԵՒ ԱՌԱՋ ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՆ Է
Կասկած չկայ, որ Սուսօ վանքը կենսական դերակատարութիւն ունեցած է սպաներէնի զարգացման մէջ: Կարսիա Թուրզա ատիկա անուանած է «բառերու տուն, բայց նախ եւ առաջ՝ բանասիրութեան տուն»:
Ըստ անոր, վանականներու նոթերէն ամենէն երկարը կը կոչուի «Քլոզա 89», որ իպրա-ռոմաներէն առաջին համապարփակ գրութիւնն է, ուր «բառերու յաջորդականութիւն մը… իրարու հիւսուած է, յարաբերակցուած, հաղորդելու համար պատգամ մը»:
Ատիկա աւելի բազմազանութեան օրինակ եղող առաջին ամբողջական գրութիւնն է, ուր լեզուաբանական մակարդակները արտայայտուած են ոչ միայն բառերով, այլեւ՝ քերականութեամբ եւ շարահիւսութեամբ:
Կարսիա Թուրզա կ՚ըսէ. «Եթէ Սուսօ վանքին վանականները իպերա-ռոմաներէնի ձայները էջին վրայ արձանագրող առաջին անձերն էին, անոնք նոյնպէս պատասխանատու են սպաներէնի գիրերու ստեղծումին»:
Ուրեմն հասկնալի է, թէ 20-րդ դարու աշխարահռչակ սպանացի բանաստեղծ եւ բանասէր Տամասօ Ալոնսօ, «Քլոսա 89»ը ինչո՛ւ անուանած է «el primer vagido de nuestra lengua», կամ «մեր լեզուին առաջին ճիչը»:
Իսկ մինչ «Սերվանթես» հաստատութիւնը կ՚ենթադրէ, որ 2050 թուականին 756 միլիոն սպանախօսներ պիտի ըլլան, մէկ բան վստահօրէն կարելի է ըսել. մենք տակաւին շատ հեռու ենք վերջին խօսքը լսելէ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
Օգտագործուած աղբիւր՝ «ԹՐԱՒԸԼ»