ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Իրեն կ՚ընկերանային Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։ Շուրջ մէկ ժամ տեւեց հաճելի զրոյցը, որու ընթացքին Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք յայտնեց, որ աղօթող է, որպէսզի Հայոց Պատրիարքական Աթոռը տիրանայ իր նոր գահակալին։ Ի յիշատակ սոյն այցելութեան՝ Յունաց Պատրիարքը գեղեցիկ ասա մըն ալ նուիրեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։

Ֆէնէրի մէջ նորին սրբազնութիւնն ու հետեւորդները այցելեցին նաեւ Ս. Գէորգ Աթոռանիստ տաճարը, ուր աղօթասացութիւն կատարեցին Ս. Սեղանին առջեւ։

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019