ՍՈՒՐՃ՝ ԱՌԱՆՑ ՇԱՔԱՐԻ

Ամառ է: Շատերու նման՝ ես ալ արձակուրդի եմ: Սենեակիս ամէնօրեայ աշխատանքի համակարգիչէս եւ գրասեղանէս բաւական հեռու:

Թէեւ արձակուրդս յոգնեցուցիչ է, բայց եւ այնպէս ինծի համար տարբեր համ ալ ունի, որովհետեւ դարձեալ հայրենի հողիս վրայ եմ:

Այսպէս, մէյ մը խումբով, երբեմն առանձին կամ ալ կնոջս հետ միատեղ «կը չափեմ-կը չափչփեմ» երկիրս: Մէյ մը Երեւանը, ապա Կիւմրին, Սեւանն ու Դիլիջանը:

Եւ մեծ ուրախութեամբ կ՛ըսեմ.

-Երեւա՛ն, դո՛ւն այն քաղաքն ես, որուն կէսը Ասիա է, իսկ միւս կէսը Եւրոպա, արդէն ինկած ես նոր ծրագիրներու գիրկը եւ քու արեւովդ ու աստղերովդ միշտ ինծի կը ժպտիս: Անոր համար ուրախ եմ:

Ու ի՛նչ մեղքս պահեմ, ինքզինքս դարձեալ բախտաւոր կը զգամ, որովհետեւ ամէն օր եւ ամէն առիթով դարձեալ կը հանդիպիմ հին ու նոր բարեկամներու, նախկին աշակերտներու, ծննդավայրէս ակամայ խոյս տուած ծանօթներու եւ մանաւանդ՝ ֆէյսպուքեան ընկերներուս:

Ըսի, չէ՞, բախտաւորութեանս մաս կը կազմեն ասոնք բոլորն ալ: Անոր համար նման ներկայութիւններ՝ յաճախ զիս զինաթափ կ՚ընեն ու միւս կողմէ ալ մէջս ինքնածին նոր զգացումներու եւ գունաւոր մտածումներու ստեղծման առիթ կու տան:

Նաեւ կը տեսնեմ, նոր սերունդի ներկայացուցիչներու կողքին, հրապարակներու տարածքներու եւ կամ փողոցներու անկիւններուն մեր հայրենակիցներու ստեղծագործ եւ առողջ թափը: Ու ահա նոր հայը, կ՚ըսեմ մտովի, որ կը քալէ հպարտ եւ ազատ: Եւ տակաւին, դարձեալ կը հանդիպիմ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ իրենց գանգատներով եւ անհամբեր ակնկալութիւններով հիասթափուած մարդոց, որոնք օրուան տրամադրութիւնս կը քանդեն:

Բայց աւելցնեմ, որ այս անգամ բախտը ունեցայ հանդիպելու եւ, աւելի ճիշդ, այցելելու համալսարաններու եւ ստեղծագործ ու արդիական հաստատութիւններու պատերէն ներս վաղուան պայծառ արեւուն հաւատացող նոր սերունդի երիտասարդ միտքերուն, որոնք հեռու քաղաքականութիւն կոչուած ճանկերէն, եղունգներէն՝ անվարագոյր գիտակցութեամբ ու համարձակ կ՚աշխատին, կը ստեղծագործեն եւ ճգնելով՝ կը ծրագրեն յանուն իրենց վաղուան:

Նախանձելի ապրում:

Այս բոլորը, որովհետեւ յոյսը նստած է իրենց սրտերուն եւ միտքերուն մէջ, ուր ո՛չ խանդավառութիւնը եւ ոչ ալ կամքը կը պակսին:

Եւ տակաւին, կրկին անգամ կ՚այցելեմ, թանգարաններու կողքին, թատրոններ եւ պետական զանազան ճիւղերու յատուկ համալսարաններ: Կը հանդիպիմ, կը տեսնուիմ եւ յաճախ ալ երկար կը խօսիմ, կը վիճիմ ու կը զրուցեմ հայրենի հայագէտներու, լեզուաբաններու, տոքթորներու, դասախօսներու հետ: Վերջապէս, պարզ խօսքով, հայ մտքի այն մարդոց հետ, որոնք մեծապէս կը նպաստեն ու կը սատարեն մեր մայրենիի դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահելու, պահպանելու ու բարգաւաճ պահելու ճիգերուն:

Ու յանկարծ թէ՛ ծրագրուած, թէ՛ դիտումնաւոր, հայրենիքէն ներս արեւմտահայերէնի ներկայութեան անհրաժեշտութեան էականութիւնը «կը նետեմ» խօսակցութեանս դաշտ:

Նիւթ մը, որ միշտ խածած է ուղեղս եւ սիրտս: Ու կը խօսիմ լեցուն թոքով եւ մաղթանքով:

Իրենց կարգին, բոլորն ալ բանաւոր կը խոստանան: Իրաւունք կու տան: Լեզուի ներկայութեան էականութիւնը կը հաստատեն: Ինծի հետ կը համաձայնին: Կը գիտակցին ու այս գաղափարի անհրաժեշտ ներառման եւ իրականացման իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն:

Եւ սակայն…

Իմ կարգիս կը հաւատամ, որ նման ծրագրի իրականցման համար կեանք եւ արժէք պէտք է, որ տրուի: Արեւմտահայերէնը գրական եւ ուսումնական աշխատանքներուն մէջ տեղ պէտք է գրաւէ:

Այո՛, խօսքը աժան է եւ միշտ ալ՝ ձրի:

Գնահատումը բաւարար չէ: Ուստի, հեռու աւելորդ չափանիշներէ, պետական մակարդակի ներքին հոգածութիւն է պէտք:

Իրականութիւն է, որ հակառակ տարիներէ ի վեր Միջին Արեւելքէն հազաւոր հայերու դէպի հայրենիք անկանոն հոսքին՝ տակաւին Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ մեր հայրենակիցները մեզ չեն հասկնար: «Ի՞նչ ես ասում»ը միշտ իրենց բերնի ծամոն ըրած կ՚երեւին: Ուստի, ստիպուած, բառերդ կը կրկնես, կտրտուած արեւելահայերէնիդ կը դիմես, որ հարցը լուծուի:

Անմիջապէս այդ պահուն կը զգաս ներքին հոգածութեան պակասը:

Դուն իր խօսածը լաւապէս կը հասկնաս, անշուշտ եթէ ռուսերէն բառեր չխառնէ: Կը հասկնաս… Որովհետեւ իբրեւ սփիւռքահայ՝ դուն նախակրթարանէդ սկսեալ ականջներդ նաեւ լեցուած են արեւելահայերէնով:

Դո՛ւն որոշ չափով ծանօթ ես՝ Աբովեանին, Իսահակեանին, Կապուտիկեանին, Թումանեանին, Չարենցին եւ միւսներու ստեղծագործութիւններուն եւ սեւ ու ճերմակ նկարներուն հետ միասին:

Իսկ իրենք… չեմ գիտեր, իրենց հարցուցէ՛ք, թէ որքանո՛վ գիտեն կամ լսած են Վարուժան կամ Օշական եւ կամ Զօհրապ ու Համաստեղ…

Ահա քեզի ազգային ցաւ մը եւս: Խոցելի մատնանշում, որ շատերու համար անախորժ կը թուի ըլլալ:

Շատեր կ՚ըսեն՝ «առաջնորդող մտածում» է պէտք: Ու իբրեւ այս ստեղծուած կացութեան արդար լուծում՝ կը կարծեմ միշտ պէտք է թակել «մեծ» դռները: Հարցի մօտեցման համար, անկեղծութիւն եւ խորութիւն պահանջել: Նպատակը յստակ ընկալել տալ եւ մանաւանդ՝ յստակացնել, որ արեւմտահայերէնը հայ գրականութեան հողին մէջ նետուած գեղեցիկ եւ արդիւնաւէտ տունկ մըն է, որ տարածած է իր արմատները ու հասցուցած՝ սփիւռքներէն մինչեւ հայրենիք: Ժամանակն է, կը կարծեմ, հոգատար դառնալու այս «տունկին», որ մէկ դարէ աւելի համ ու հոտ տուած է սփիւռքահայ մեր կեանքին:

Միայն եղածով չգոհանալ: Յարգել հրամցուած մօտեցումները: Նոր սերունդը կամրջել սփիւռքահայ մտքին, գիրին, գրականութեան:

Արդ, այս բոլորէն ետք, կը զգամ, որ կեանքս է զիս այսպէս դէպի յառաջ մղողը հաւատքիս ու համոզմանս կողքին:

Անոր համար եւ ամէն առիթով սէրս ու յարգանքս յայտնած ու մատուցած եմ ազգային մտածողութեանս ծառայող լեզուիս, որուն շնորհիւ ներաշխարհս հարստացած է:

Իսկ հիմա, այս բոլորէն, ետք ինչո՞ւ զրկել հայրենի նոր սերունդը այս հարազատ «տունկի» մատուցած բարիքներէն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019