ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
Շաբաթավերջին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ տեղի ունեցաւ պատմական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Հանրապետական շրջանին առաջին անգամ եկեղեցի մը կը կառուցուի Թուրքիոյ մէջ եւ սա դարակազմիկ զարգացում մը կը համարուի թէ՛ խղճի ազատութեան եւ թէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն տեսակէտէ։ Եկեղեցի կառուցելու հնարաւորութեան տիրացած է Թուրքիոյ ասորի համայնքը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Եփրեմ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Սա իսկապէս պատմական քայլ մըն է։ Ասորի համայնքի այս եկեղեցին յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին պիտի կառուցուի Եշիլգիւղի մէջ։ Շաբաթավերջի արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու, Վաքըֆներու ընդ-հանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներն ալ հրաւիրուած էին հիմնարկէքի արարողութեան։
Յայտագրի ընթացքին նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը եւ Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը յուշանուէր մը յանձնեց իրեն։
Այս արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ունեցան զրոյց մը։ Այս առթիւ նախագահը բարեմաղթութիւններ յղեց Թուրքիոյ հայ համայնքին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ պատրիարքական ընտրութեան։ Նախագահը յայտնեց, որ իր փափաքն է Պատրիարքական Աթոռի շուտով գահակալ մը ունենալը։
Հիմնարկէքի ընթացքին նախագահ Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ընդգծեց, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղ չունի խտրականութիւնը։ «Մեր երկրէն ներս որքան որ զարգանան իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապա այդ բոլորէն անխտիր մեր բոլոր հայրենակիցները պիտի օգտուին», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ այս երկիրն ու պետութիւնը կը պատկանին բոլոր քաղաքացիներուն։