ՅՍՏԱԿ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Անգարայի մէջ այս օրերուն ընթացքի մէջ է դեսպաններու խորհրդաժողովը։ Թուրքիոյ արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու գլխաւորները համախմբուած են՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի պատասխանատուներուն հետ։ Դեսպանահաւաքը, որու ծրագիրը պիտի շարունակուի Սամսունի մէջ, շաբաթավերջին պիտի հասնի աւարտին։ Երէկ, դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները Անգարայի մէջ այցելեցին Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու դեսպաններու խորհրդաժողովին ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Անգարայի արտաքին քաղաքական օրակարգի բազմաթիւ խնդիրներուն։ Ան մատնանշեց նաեւ տարածքաշրջանային կամ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ թրքական դիւանագիտութեան առաջնահերթութիւնները։

Նոյն ելոյթին մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ Մերձաւոր Արեւելքի, Կովկասի եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ ռիսքերը բարձր են։ «Գլխաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին՝ պիտի շարունակենք մինչեւ վերջ զօրակցիլ եղբայրական Ատրպէյճանին», ըսաւ նախարար Չավուշօղլու։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու հաւաքի ընթացքին տեղեկացուց, որ Թուրքիա ներկայիս հանդէս կու գայ «Վերստին Ասիա» կոչուած նախաձեռնութեամբ։ Իր խօսքով՝ այս նախաձեռնութեան նպատակը չէ ընտրել առանցք մը։ «Մեր նպատակն է Թուրքիոյ՝ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ միացուցիչ դիրքը ամրապնդել, նպաստել մեր զարգացման եւ յառաջացման՝ որպէս գիտելիքի հասարակութիւն», ըսաւ նախարարը։  

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019