ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ յետմիջօրէին իր հերթական ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնին երրորդ նիստը։
Բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի կողմէ ժողովէն անմիջապէս վերջ համայնքային մամուլին փոխանցուեցան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Նախաձեռնարկ մարմինը ընտրացուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ կեդրոնացաւ երէկուան նիստին ժամանակ։ Այս ուղղութեամբ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին սերտ համագործակցութիւն ծաւալել մեր եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն հետ։ Յառաջիկայ 22 օգոստոսին նոյն նպատակին համար Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է ժողով մը։ Այս ժողովին պիտի հրաւիրուին մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները։ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները խորհրդակցութիւն մը պիտի ունենան ընտրացուցակներու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ։ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները կարծիքներ պիտի փոխանակեն ընտրացուցակներու առողջ ձեւով թարմացման կապակցութեամբ։ Բաց աստի, պիտի քննարկուին մեր եկեղեցիներէ ներս ստեղծուելիք ընտրական մարմիններու ապագայ գործունէութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Նախաձեռնարկ մարմինը տեղեկութիւններ պիտի տայ, թէ ինչ պատասխանատուութիւններ պիտի վիճակի այն անձերուն, որոնք տեղական ընտրական մարմիններուն մաս պիտի կազմեն։ Լուսաբանութիւններ պիտի տրուին նաեւ ընդհանրապէս ընտրական գործընթացէն ներս մեր եկեղեցիներու մէջ տարուելիք աշխատանքներուն շուրջ։ Պատրաստութիւններուն տեսակէտէ մեր թաղային խորհուրդներուն վիճակելիք պատասխանատուութիւնները յստակօրէն պիտի դրուին սեղանի վրայ։
22 օգոստոսին Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած այս ժողովին ժամանակ Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի ընդգծէ, որ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան պարագային պէտք է ապահովել մեր համայնքի հետաքրքրութիւնն ու առաւելագոյն մասնակցութիւնը։ Պիտի շեշտուի նաեւ, որ Նախաձեռնարկ մարմինը կը ձգտի ժողովրդավարութեան յարիր, արդար նախընտրական գործընթաց մը յառաջ տանիլ։ Նախաձեռնարկ մարմինը այս նպատակին համար որոշած է շարժման անցընել իր բոլոր հնարաւորութիւնները եւ աշխատիլ սկզբունքային ու նպատակասլաց մօտեցումով։ Նոյն ամբողջին մէջ մարմինը թրքահայ համայնքային հաստատութիւններէն եւ մեր համայնքի անհատներէն կ՚ակնկալէ աչալրջութիւն եւ զօրակցութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողութեամբ պսակել իր աշխատանքը։
Բաց աստի, Նախաձեռնարկ մարմինը թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ, թէ անհրաժեշտ ինչ քայլեր պէտք է առնուին՝ ընտրացուցակները այժմէականացնելու եւ կատարելագործելու համար։ Մարմնի անդամները պիտի լսեն այս նիւթին շուրջ թաղային խորհուրդներու առկայ կամ հաւանական դժուարութիւնները ու պիտի ջանան յղանալ լուծման առաջարկներ։
Նոյն ծիրին մէջ Նախաձեռնարկ մարմինը կարեւոր դերակատարութիւն կը վերագրէ նաեւ համայնքային մամուլին։ Այսպէս, ընտրական ամբողջ գործընթացին մէջ Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ միասնական աշխատանք տանիլ համայնքային մամուլին հետ։ Նախաձեռնարկ մարմինը կը դիտարկէ, որ մեր համայնքէն ներս կան բազմաթիւ անձեր, որոնց անունները տակաւին որեւէ ընտրացուցակի մէջ չէ արձանագրուած։ Անոնց հասնելու համար մեր մամուլին հետ համակարգուած աշխատանք մը կը նախատեսէ Նախաձեռնարկ մարմինը, ինչ որ հասարակութեան բոլոր խաւերուն հասնելու համար հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմինը կ՚ակնկալէ նաեւ համայնքային մամուլին աջակցութիւնը։