ՁԵՌԱԳՐԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Անթիլիասի մէջ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրերու վերանորոգման նպատակով։ Այս կարեւոր ծրագրի իրականացման համար նիւթական աջակցութիւն ցոյց կը տրուի Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։ Այսպէս, նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Աշխարհի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը» ծրագրի միջոցներէն յատկացումներ կը կատարուին Անթիլիասի ձեռագրերու խնամքին համար։ Ձեռագրերու վերանորոգման աշխատանքները կը կատարուին Շթութկարթի Հայկական մշակոյթի պահպանութեան ընկերակցութեան անմիջական աջակցութեամբ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ մէկտեղուեցաւ մասնագիտական աշխատակազմին հետ։ Ձեռագրերու վերանորոգութեան հետամուտ խումբը կը գլխաւորէ ճարտարապետ Վարդ Պիզանս։ Այս վերջինը վերոյիշեալ ընկերութեան ներկայացուցիչն է եւ մօտէն իրազեկ կը դառնայ աշխատանքի ընթացքին։ Վերանորոգութեան աշխատանքները շուրջ երկու ամիս պիտի տեւեն։

Հարկ է նշել, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին երկու առիթներով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրերը վերանորոգուած էին՝ Հայաստանէ մասնագէտներու կողմէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019