ԶԵԼԵՆՍՔԻ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ
Ուքրայնոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան զին-ւորական արարողութիւնով կը դիմաւորէ իր պաշտօնակիցը, որու հետ կ՚ունենայ առանձնազրոյց մը։ Երկու նախագահները կը գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Սա Վլատիմիր Զելենսքիի առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Թուրքիա։ Նախապէս ան իր ընտանիքին հետ եռօրեայ արձակուրդ մը անցուցած էր Պոտրումի մէջ։
Անգարայի շփումները աւարտելէ վերջ Վլատիմիր Զելենսքի պիտի անցնի Իսթանպուլ։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ ան պիտի ընդունուի Ուղղափառաց Տիեզերականաց Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի կողմէ։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Ուքրայնոյ եկեղեցին անկախացած էր Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիէն՝ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի հովանաւորութեամբ եւ զօրակցութեամբ կատարուած կարգադրութիւններով։ Այս իրադարձութիւնը պատճառ դարձած էր Մոսկուայի Պատրիարքութեան բուռն բողոքին։
Զելենսքի վերջին շրջանին կը յայտարարէ, որ իր երկրին վերաբերեալ խնդիրներու լուծման ուղղեալ միջազգային ջանքերուն պէտք է ներգրաւուի նաեւ թրքական կողմը։