ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄԵԾ ՏՕՆ

Երէկ երեկոյեան Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։ Տեղւոյն Հանրապետական մարզադաշտին վրայ տրուեցաւ մարզական այս մեծ տօնի մեկնարկը։ Այս տարի Համահայկական խաղերու 20-ամեակն է, ուստի ներկայ փուլը կը համարուի յոբելենական։ Աշխարհի գրեթէ բոլոր հայաբնակ քաղաքներէն խումբեր մասնակցութիւն կը բերեն այս ծրագրին։ Ինչպէս ծանօթ է, իսթանպուլահայ խումբը որոշած է այս տարուան խաղերուն մասնակցութիւն չբերել՝ հաշուի առնելով Արցախի մէջ կազմակերպման հանգամանքի հաւանական անպատեհութիւնները։

Համահայկական 7-րդ խաղերու բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան։ Իր ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Հաւաքուած ենք Արցախի մէջ՝ զգալու համար միասնականութեան ուժը»։

Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի մէջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Իշխան Զաքարեանի կողմէ գլխաւորուած Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներուն հետ։ Այս հանդիպման ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն երկու գործիչներ՝ Էֆրիմ Պաղ եւ Տիգրան Ալթուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019