ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա ռազմավարական իր գործընկեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կ՚ակնկալէ այնպիսի քայլեր, որոնք յարիր են իսկական դաշնակցի մը։

Երէկ, նախագահ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրին մէջ կէսօրուան ճաշասեղանի շուրջ հիւրընկալեց դեսպաններու տարեկան խորհրդաժողովի մասնակիցները։ Իր ելոյթին ժամանակ ան զգալի դարձուց, որ անդրդուելի կը մնայ Թուրքիա-ԱՄՆ օրակարգի առկայ հարցերուն շուրջ։ Էրտողան յիշեցուց, որ ԱՄՆ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից է եւ Թուրքիոյ ռազմավարական գործընկերը։ Ան կանգ առաւ Թուրքիոյ կողմէ ներածուած «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերու եւ «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։ Իր խօսքով՝ որեւէ շօշափելի տուեալ չկայ, թէ «Ս-400»ները կրնան վնասել ՆԱԹՕ-ին կամ «Ֆ-35»երուն։ «Զիրար չխաբենք։ Աւելի առաջ ՆԱԹՕ-ի եւ ԵՄ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ Ռուսաստանէն գնած են նման համակարգեր։ Այդ երկիրներուն համար խնդիր չյարուցած նիւթ մը Թուրքիոյ պարագային կը վերածուի տագնապի մը եւ այստեղ մենք բարեացակամութիւն չենք տեսներ։ «Ս-400»ներու վրայով Թուրքիոյ եւ արեւմուտքի յարաբերութիւններու հարցաքննուիլը սխալ է», ըսաւ Էրտողան։

Իր ելոյթին մէջ նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ մօտ օրէն նոր հանգրուան մը պիտի սկսի։ Ըստ տեղական մամուլին, Էրտողանի ելոյթի այս հատուածին մէջ ազդանշաններ կային, թէ Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին ռազմական գործողութիւններ պիտի իրականացնէ դէպի Սուրիոյ հիւսիսը։ «Մեր սահմանի երկայնքով քաղցկեղի նման մեծացող կառոյցը պէտք է ոչնչացուի», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ պիտի ստեղծուի խաղաղութեան միջանցք մը, ուր սուրիացիները պիտի ապրին անվտանգ եւ անդորրութեան մէջ։

Դեսպաններուն խօսք ուղղելու ժամանակ Էրտողան հերթական անգամ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ նպատակն է դառնալ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019