ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէնը։ Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ ցարդ այդ գրասենեակը կառավարող Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան ազատուեցաւ տնօրէնի պաշտօնէն ու նոր տնօրէն նշանակուեցաւ Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան։ Հարկ է յիշեցնել, որ նորանշանակ տնօրէն Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան մինչեւ մօտաւոր անցեալը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմակալ առաջնորդն էր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019