ԱՔԱՐ ԳՈՀ Է ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ ՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԷՆ

Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւնները երէկ հասան իրենց աւարտին։ Այս կապակցութեամբ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Անգարայի մէջ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովին մասնակցելէ առաջ ան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Բանակցութիւններու ընթացքին մեր բոլոր մօտեցումներն ու պահանջները մեր ընկերներուն կողմէ փոխանցուեցան իրենց երկխօսներուն», ըսաւ Աքար եւ ընդգծեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ պայքարիլ բոլոր ահաբեկչական կազ-մակերպութիւններուն դէմ՝ ներառեալ ԵՓԿ-ն։

Հուլուսի Աքարի խօսքով՝ Թուրքիա կը ձգտի ԱՄՆ-ի հետ հաստատել անվտանգ գօտին եւ կը պահանջէ, որ այդ մէկը ունենայ շուրջ 40 քիլօմեթր խորութիւն։ Այդ շրջանէն ԵՓԿ-ականները պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերուին ու պէտք է հաւաքուին անոնց ծանր զէնքերը։ Ահաբեկիչներու կողմէ պատրաստուած փակուղիներն ու անցքերն ալ, խրամատերն ալ պէտք է ոչնչացուին։ Այս բոլորը պէտք է կատարուին թէ՛ թուրք եւ թէ ամերիկացի զինուորներու հետ համատեղ։

«Մենք մեր ամերիկացի բարեկամներէն կ՚ակնկալենք, որ այս պարագային վարուին դաշնակցային ոգիին, ռազմավարական գործընկերութեան ոգիին յարիր ձեւով։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ անոնք դադրեցնեն իրենց աջակցութիւնը ի նպաստ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ականներուն», ըսաւ Հուլուսի Աքար եւ ընդգծեց, որ Թուրքիա երբեք պիտի չհանդուրժէ, որ իր հարաւային սահմաններուն երկայնքով ահաբեկչական միջանցք մը ձեւաւորուի։

Նախարար Աքար նշեց նաեւ, որ վերջին օրերու ժողովներուն ընթացքին ամերիկեան կողմի մօտեցումները բաւական մերձեցած են թրքական կողմի մօտեցումներուն։ Ժողովները ընդհանրապէս անցած են դրական մթնոլորտի մը մէջ ու եղած են բաւական շինիչ։

Երէկ, թուրք-ամերիկեան եռօրեայ բանակցութիւններու արդիւնքներուն անդրադարձաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ Սուրիոյ հիւսիսին միասին պիտի ստեղծեն շարժման կեդրոն մը։ Էրտողան թէեւ յստակ թուական մը չնշեց այդ կեդրոնի ստեղծման համար, սակայն ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ միասնաբար պիտի աշխատին Սուրիոյ հիւսիսը ահաբեկիչներէ մաքրագործելու համար։ Սուրիայէ ներս խաղաղութեան միջանցքի մը ստեղծման առաջին քայլը պիտի հանդիսանայ այդ շարժման կեդրոնի ստեղծումը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019