ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։ Այս այցելութիւնը Մարալ Այվազի տեսակէտէ շատ յատկանշական է, որովհետեւ կը համընկնի իր առաջին սկաւառակի թողարկման շրջանին։ Աւելի քան շաբաթ մը պիտի տեւէ Մարալ Այվազի կեցութիւնը եւ ան իսկապէս խանդավառուած է այս ուղեւորութիւնով։ Արդարեւ, սա առիթ մըն է, որպէսզի ան շնչէ Հայաստանի մթնոլորտը, ծանօթանայ երաժշտական կեանքին ու ծանօթացնէ իր նոր ձայնասկաւառակը։

Կը տեղեկանանք, որ Մարալ Այվազ Երեւանի կեցութեան օրերուն պիտի հիւրընկալուի Սփիւռքի յատուկ յանձնակատարի գրասենեակին մէջ։ Իր հետ նախատեսուած են շարք մը հարցազրոյցներ եւ ձայնասփիւռի ծրագրեր։ Մարալ Այվազ այժմէն մեծապէս ոգեւորուած է յայտնի արուեստագէտ Սուրէն Մուրատեանի հետ ունենալիք իր հանդիպումով։ Արդարեւ, Սուրէն Մուրատեան Մարալ Այվազի ալպոմի առաջին երգի՝ «Գուշակի երգը»ի խօսքերու հեղինակն է։ Իր մեծագոյն փափաքն է ելոյթներ ունենալ Հայաստանի մէջ ու բեմին վրայէն շփուիլ ժողովուրդին հետ՝ որպէս մենակատար։

Մարալ Այվազ պոլսահայ երաժշտական կեանքէն ներս համակրանքի արժանի է երկար ժամանակէ ի վեր, սակայն վերջին շրջանին ըրած է նոր ոստում մը։ Այդ ոստումի խորհրդանշանն է իր ձայնասկաւառակը։ Ուստի, մեներգչուհին ներկայիս հետամուտ է նոր հորիզոններու, աւելի յաւակնոտ նպատակներու։ Այդ որոնումներուն մէջ դէպի Հայաստան իր ուղեւորութիւնը կրնայ նոր դռներ բանալ իր առջեւ։ Հետեւաբար, այս այցելութիւնը նաեւ նոր եռանդի մը առիթ կը հանդիսանայ իր երաժշտական գործունէութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019