ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի մէջ վերջերս կազմակերպուած Միջազգային 5-րդ բժշկական համագումարի խումբ մը մասնակիցները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Չարչեանի գլխաւորութեամբ՝ բժիշկները ներկայացան Նորին Սրբութեան։ Արմէն Չարչեան միեւնոյն ժամանակ բժշկական համագումարի նախագահն էր։ Հանդիպման սկիզբին ան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց համագումարի աշխատանքներուն եւ արձանագրուած արդիւնքներուն շուրջ։

Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ նման համագումարները առիթ կը դառնան Հայաստանի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ իրենց ոլորտներէն ներս ձեռքբերումներ արձանագրած հայ բժիշկներու ներուժի համախմբման եւ անոր ծառայեցման՝ ազգի զաւակներու առողջութեան պահպանման։ Ան շեշտեց, որ նման գործակցութիւն մը արդէն իսկ ձեւաւորուած է եւ սկսած՝ բարի պտուղներ տալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն եւ այլ առողջապահական հաստատութիւններէ ներս։

Անմիջական զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց հիւր բժիշկներու հարցումներուն։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան, գործունէութեան, եկեղեցականութեան պատրաստութեան ընթացքին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած զանազան ծրագրերուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019