ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐ

Այս տարի լրացած է հայ երաժշտահան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արտիստ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակը:

Մաէսթրոյի յոբելեանին կապակցութեամբ՝ սեպտեմբեր 1-13 թուականներուն՝ պիտի կազմակերպուին մանսուրեանական օրեր: Համերգաշարը պիտի սկսի Արցախի մէջ եւ աւարտի Կիւմրիի մէջ:

Արցախի Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան հանդիպած է Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Տիգրան Վիրաբեանի հետ եւ քննարկած՝ Արցախի մէջ մանսուրեանական օրերու կազմակերպչական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշած է, որ նման ձեռնարկները մշակութային դաշտ բանալու լաւագոյն ճանապարհն ու մեր միասնականութեան դրսեւորման առհաւատչեան են:

«Ասիկա մեծ նախագիծ է եւ պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: Մեր համագործակցութեան շնորհիւ մենք պիտի հասնինք Արցախի մշակոյթի հանրահռչակման ու զարգացման», նշած է նախարարը:

Տիգրան Վիրաբեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ երեւանցիներու եւ մաէսթրոյի սէրը Արցախի հանդէպ անչափելի է, որուն համար ալ որոշած են մանսուրեանական համերգաշարով հանդէս գալ Արցախի մէջ:

Փոխ-քաղաքապետին խօսքով՝ համերգաշարը պիտի կազմակերպուի Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի ու Արցախի նախարարութիւններու աջակցութեամբ: Ըստ անոր՝ համերգաշարի նախապատրաստական աշխատանքները կատարուած են եւ ան համոզուած է, որ պիտի կարենան լաւագոյնս ներկայացնել մեծ երաժշտահանն ու անոր մեծութեան առաջ խոնարհումով պիտի ցուցադրեն մեր հոգիի պարտքը:

Օգոստոս 31-ին, Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատին մէջ, պիտի հնչեն Աւետիք Իսահակեանի եւ Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութեան երաժշտական կատարումները՝ պետական քամերային երգչախումբին մասնակցութեամբ:

Տիգրան Վիրաբեան ըսած է, որ երկօրեայ մշակութային օրերուն նախատեսած են զօրամասին մէջ կազմակերպել Վազգէն Սարգսեանի 60-ամեակին նուիրուած յոբելենական երեկոյ:

«Աւետիք Իսահակեանի եւ Եղիշէ Չարենցի շարքը Արցախի հանդիսատեսին ներկայացնելը Տիգրան Մանսուրեանի ցանկութիւնն էր: Համերգաշարի ընթացքին պիտի հնչէ բոլոր ժամանակներու սիրուած երաժշտութիւն։ Մենք ծրագրած ենք 2020-ի գարնան, Երեւանի մէջ, կազմակերպել Արցախի մշակութային օրեր: Երեւանը պատրաստակամ է հիւրընկալելու արցախցիները եւ անոնց տրամադրելու քաղաքապետարանի լիազօրութեան տիրոյթին մէջ գտնուող բոլոր միջոցները՝ Արցախի մշակութային օրերը Երեւանի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար», ըսած է Տիգրան Վիրաբեան:

Անոր խօսքով՝ այդ օրերուն Արցախ պիտի ժամանէ Երեւանի պատուիրակութիւնը՝ քաղաքապետարանի աշխատակազմով ու խմբակցութեան անդամներով: Փոխ-քաղաքապետը աւելցուցած է, որ փոխադարձ այցելութիւնները պէտք է պարբերական բնոյթ ունենան՝ ոչ թէ իրադարձութիւն ստեղծելու, այլեւ՝ բնականոն համագործակցութեան մաս հանդիսանալու նպատակով:

Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2019