ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ
Աշխարհի բոլոր երկիրներէն հայեր տարիներէ ի վեր կ՚այցելեն Հայաստան, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ երկրի զբօսաշրջութեան զարգացման տեսակէտէ։ Հեռանկարային ու համակարգուած արդիւնքներ ունենալու առումով, անտարակոյս, կարեւոր նշանակութիւն ունին արհեստավարժ նախաձեռնութիւնները։ Այս առումով յատկանշական է Ֆրանսայէ ներս գործող Հայաստանի զբօսաշրջութեան գրասենեակի փորձառութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրասենեակի հիմնադիր Վարդան Գաբրիէլեանի հետ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյց մը, Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ։
-Դուք Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղութեամբ դրամահաւաքի արշաւի (Crowdfunding) մը սկսած էք։ Կրնայի՞ք յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ այս աննախադէպ նախաձեռնութեան մասին։
-Նախ պէտք է շեշտել զբօսաշրջութեան մարզի բարիքներուն կարեւորութիւնը որեւէ երկրի եւ մեր պարագային Հայաստանի համար։ Պէտք է գտնել երկիրը զարգացնելու լուծումներ, որոնցմէ լաւագոյնը՝ զբօսաշրջութեան մարզն է, ուր զբօսաշրջիկներու թիւին յաւելումը բնականաբար զարկ կու տայ եւ կը բարելաւէ ենթակառոյցներու վիճակը, որուն կը հետեւին օդանաւային թռիչքներու թիւին աճը եւ գիներու նուազումը։ Ինչպէս կը տեսնէք, այս բոլորը շղթայի պէս իրարու հետ ուղղակի կապ ունին, բայց յաջողելու համար պէտք է օղակներու մէջ համերաշխութիւն ըլլայ։ Մենք այսօր կ՚ապրինք Ֆրանսայի նման երկրի մը մէջ, ուր քաղաքացին կարելիութիւնը ունի չորսուկէս ժամուան մէջ Հայաստան հասնելու, ի տարբերութիւն Արժանթինի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու։ Եւ կան ուղղակի եւ ոչ-ուղղակի բազմաթիւ թռիչքներ, այդուհանդերձ ֆրանսացիները մեծ թիւերով Հայաստան չեն այցելեր եւ ասիկա հակառակ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն։ Տարին ընդամէնը 18-էն 20 հազար զբօսաշրջիկ կ՚երթայ Հայաստան։
-Իսկ ի՞նչն է, որ կը խանգարէ զբօսաշրջիկներու թիւին յաւելումը։
-Պարզապէս ծանուցողական եւ հաղորդակցական միջոցները կը պակսին եւ այդ կապը պէտք է ամբողջ տարուան ընթացքին մնայուն ըլլայ եւ ոչ՝ պատահական, որպէսզի արհեստավարժ մօտեցումով մենք կարողանանք հասնիլ ֆրանսացի ժողովուրդին, պարզապէս ըսելու, թէ Հայաստանը որպէս զբօսաշրջային ուղղութիւն գոյութիւն ունի, որո՛նք են անոր առաւելութիւնները եւ ի՛նչ միջոցներով կարելի է հոն հասնիլ։ Այս առումով կարեւոր դեր ունին զբօսաշրջային գործակալութիւնները (agences de voyages), որոնք իրենց յա-ճախորդներուն պէտք է հրամցնեն Հայաստանը՝ որպէս գեղեցիկ, մատչելի եւ հետաքրքրական ուղղութիւն։ Առ այդ անոնք պէտք է տեղեկութիւններով, ծրագրերով, գրաւիչ նկարներով զինուած ըլլան եւ այդ բոլորը փոխանցեն իրենց դիմող ճամբորդներուն։ «L’Office de Tou-risme d’Arménie»ի հիմնադրութեան սկիզբը մենք չնչին գումարով մը նախաձեռնեցինք այս աշխատանքին եւ այսօր մեր գործունէութեան երկրորդ փուլին կ՚ուզենք շարունակել այս անգամ միջին գումարով մը եւ նկատի ունենալով, որ ամէն ինչ արդիական, թուայնացած եւ պատկերաւոր միջոցներով կը կատարուի, մենք կը հաւատանք, որ կրնանք հրաշքներ գործել գանձատրման այդ սահմանափակ միջոցներով։ Իսկ այդ գումարը մէջտեղ բերելու համար երկու մեթոտ կիրարկած ենք. նախ դիմած ենք մեր գործին հաւատացող հովանաւորներ գտնելու աշխատանքին, ինչ որ ընթացքի մէջ է եւ երկրորդը՝ ամբողջացնելու համար ընդհանուր պիւտճէն՝ կը դիմենք բոլոր ֆրանսահայերուն, ըսելով որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը եթէ առցանց հարթակի (www.helloasso.fr) միջոցաւ 20, 30, 50, 100 կամ 200 եւրոյի նուիրատուութիւն մը ընէ եւ մենք կարողանանք 27.000 եւրօ ապահովել, այն ատեն կը վստահեցնեմ, որ կարելիութիւնը կ՚ունենանք տարին նուազագոյնը 7.000 յաւելեալ զբօսաշրջիկ տանելու Հայաստան։ (…) Մեր ընդհանուր նը-պատակն է հինգ տարուան ընթացքին դէպի Հայաստան յաւելեալ զբօսաշրջիկներու թիւը հասցնել 35.000-ի։ Եթէ իւրաքանչիւր ճամբորդ միջին հաշուով 850 եւրօ ծախսէ, ատիկա կը նշանակէ շուրջ 6 միլիոն եւրոյի տարեկան մուտք Հայաստանի համար։ Ահաւասիկ թէ ինչո՞ւ դիմած ենք Crowdfunding-ին, որպէսզի ունենալով ժողովուրդի նեցուկը՝ կարենանք յաջողցնել մեր աշխատանքները։
-Տարեկան յաւելեալ եօթ հազար զբօսաշրջիկի թուաքանակը նպատակ ճշդած էք։ Ինչո՞ւ եօթ հազար։
-Մենք կ՚ենթադրենք, որ այդ թիւը 10.000-ը կ՚անցնի, բայց մեր մօտեցումով համեստ թիւը աւելի իրապաշտ կը թուի։
-Ձեր գրասենեակը Հայաստանի դեսպանութեան հետ կը համագործակցի՞։
-Այո՛, մենք ամիսներէ ի վեր այս առընչութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան եւ դեսպանին հետ սերտօրէն կը համագործակցինք։ Անոնք ո՛չ միայն կը հովանաւորեն մեր աշխատանքները, այլ նաեւ ունինք միասնաբար իրագործելիք ծրագրեր (…)։ Ըսեմ, թէ մենք կը գործենք ի նպաստ Հայաստանի պետութեան եւ հայ ժողովուրդի շահերուն։ Հետեւաբար դեսպանութիւնը բնականաբար եւ կատարելապէս առընչուած է այս գործին եւ կը հովանաւորէ զայն։
-Տարեկան որքա՞ն պիւտճէ կը նախատեսէք եւ ի՞նչ միջոցներ պիտի կիրարկէք իրա-գործելու համար ձեր նպատակը։
-Մօտաւորապէս 60.000 եւրօ, որ շատ մեծ գումար մը չէ բաղդատած այն երկիրներուն, որոնք մեծածախս արշաւներ կը կազմակերպեն։ Կը կրկնեմ, թէ մենք ի վիճակի ենք նոյնիսկ փոքր գումարով իրագործելու վերոնշեալ ծրագիրը, որովհետեւ նախ կազմակերպութեան մէջ աշխատողներս կամաւորներ ենք եւ հետեւաբար վարչական եւ գրասենեկային աշխատանքներու վրայ գումար չի ծախսուիր։ Մեր ծախսերը կը վերաբերին հաղորդակցական եւ ծրագրեր կազմակերպելու դաշտերուն։ Օրինակ՝ զբօսաշրջութեան մասնագէտ թղթակիցներ տանիլ Հայաստան՝ զանազան շրջապտոյտներու ծիրին մէջ, որպէսզի վերադարձին անոնք իրենց լրագրերով կամ հեռատեսիլի կայաններով ներկայացնեն Հայաստանը, կամ մասնակցիլ ցուցահանդէսներու, Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ դասախօսութիւններ ներկայացնել Հայաստանի զբօսաշրջային առաւելութիւններուն մասին՝ թիրախ ունենալով ճամբորդական գրասենեակները, ինչպէս նաեւ զանազան կայքէջերու եւ ընկերային ցանցերու վրայ ծանուցումներ հրապարակել, տեսերիզներ պատրաստել եւ զանոնք թարգմանել, որոնք հաղորդակցութեան ամենէն զօրաւոր զէնքերէն են։ Չմոռնանք, որ ներկայիս ֆրանսերէն լեզուով շատ քիչ նիւթ կայ Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մասին։ Բացի ատկէ, մենք 15 օրը անգամ մը քրոնիկներ եւ տեսերիզներ կը պատրաստենք՝ զետեղելու համար մեր You Tube-ի, ընկերային ցանցերու եւ կայքէջին վրայ, լայն շրջանակներու մէջ տարածելու նպատակով, եւ ասիկա ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլ ֆրանսախօս բոլոր երկիրներու մէջ։ (…)։
-Ե՞րբ հիմնուած է Հայաստանի զբօսաշրջային գրասենեակը (L’Office de Tourisme d’Arménie) Ֆրանսայի մէջ, եւ որո՞ւ նախաձեռնութեամբ։
-Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի զբօսաշրջային գրասենեակը Հայ գործարար գործակալութեան (ABA) եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի (CCI) նախաձեռնութիւնն է, որ ի շարս այլ նպատակներու՝ Հայաստանը իբրեւ զբօսաշրջային գրաւիչ ուղղութիւն ներկայացնելու նպատակը կը հետապնդէ։ Մեր կայքէջի հասցէն է՝ destination-armenie.fr, որ այսօր ֆրանսերէն լեզուով Հայաստանի զբօսաշրջութեան մասին տեղեկութիւններ հաղորդող ամենէն ամբողջական կայքն է։ Հոն կը գտնէք պանդոկներու, ճաշարաններու, փոխադրամիջոցներու, տեսարժան զանազան վայրերու կամ թանգարաններու վերաբերեալ հարկ եղած տուեալները։ Պէտք է ըսեմ, թէ մենք արդէն մէկուկէս տարի է որ այս գործին լծուած ենք եւ այս բոլորը՝ ֆրանսական «Loi 1901» ոչ-եկամտաբեր կազմակերպութեան ճամբով։ Մենք 2011-էն ի վեր կ՚աշխատինք ի խնդիր Հայաստանի տնտեսական զարգացման, բայց վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին զբօսաշրջութեան զարգացումը մեզի համար դարձած է առանցքային ոլորտ։
-Սկզբունքով նման ծառայութիւն մը պետական ներդրում կը պահանջէ եւ օրինակի համար Հայաստանի զբօսաշրջութեան հարցերով կը զբաղի պատկան նախարարութիւնը։ Իսկ ձեր գործունէութիւնը այդ մարզին մէջ կարծէք ձեւով մը անհատական նախաձեռնութեան կնիք կը կրէ։ Այդպէ՞ս է։
-Հայ ժողովուրդը ունի դժբախտ հանգամանքներով ստեղծուած սփիւռք մը, որ միաժամանակ բարեբախտութիւն է մեր ժողովուրդին համար։ Գիտակից սփիւռքը ունի պարտականութիւններ եւ ան այսօր ինքզինք չի տարանջատեր Հայաստանի պետութենէն։ Միւս կողմէ, նկատի ունենալով որ մեր պետութիւնը հակառակ իր փափաքին՝ կարելիութիւնը չունի յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները, իսկ մենք ալ չենք կրնար դիտողի կարգավիճակի մէջ մնալ, հետեւաբար պէտք է համերաշխ համագործակցութիւն ստեղծել եւ ճշդել մեր նպատակներուն հասնելու միջոցները։ Ի վերջոյ մեր նպատակները մէկ են եւ բոլորս պէտք է զբաղինք միջոցներ որոնելու հարցով։ Ճիշդ է որ անհատական նախաձեռնութիւնը կամ ոգեւորութիւնը պէտք է ներկայ ըլլայ, որպէսզի միտք մը կամ ցանկութիւն մը վերածուի արդիւնաւէտ աշխատանքի։
-Արդեօք Հայաստանի ենթակառոյցները կրնա՞ն տարուան չորս եղանակներուն զբօսաշրջիկներու այցելութիւններու անխափան շարունակականութիւնը ապահովել։ Երեւանէն դուրս, շրջաններու ենթակառոյցները, ճամբաները յարմարաւէ՞տ են, պանդոկները բաւարա՞ր են, որպէսզի ձեր մշակած ծրագրերը գոհացուցիչ կերպով գործադրուին։
-Գոհացուցիչը համեմատական է, բայց պէտք է ըսել, որ Հայաստան այդ առումով վերջին տարիներուն մեծ զարգացում ապրեցաւ։ Գիտէք, զբօսաշրջիկին համար ամենէն կարեւորը ապահովութիւնն է, իսկ մեր Հանրապետութիւնը ըստ ՄԱԿ-ի (…) ուսումնասիրական մէկ զեկոյցին՝ աշխարհի 9-րդ ապահով երկիրն է։ Այսինքն եթէ կայ ապահովութիւն, ուրեմն կայ վերահսկողութիւն եւ մտքի հանգստութիւն։ Միւս կողմէ, Հայաստանի նոր շինուած ճանապարհներով մարդիկ աւելի արագ եւ ապահով տեղ կը հասնին։ Ճամբաներուն վրայ զետեղուած արագաչափերը արդէն ինքնին ապահովութեան երաշխիք են։ Ինչ կը վերաբերի պանդոկներուն, ապա անոնց թիւը քանի մը հարիւրը կ՚անցնի, թէ՛ Երեւանի եւ թէ շրջաններուն մէջ։ Նաեւ օրէ օր կ՚աւելնայ B&B-ներու (bed and breakfast կամ chambre d'hôtes) թիւը։ Այսինքն մարդոց տուներուն մէջ բնակելու եւ գոյութիւն ունի անոնց ծառայութիւններէն օգտուելու պանդոկային համակարգ մը, որ յատուկ վարժընթացներով կը նախապատրաստէ տանտէրերը, որպէսզի անոնք լաւագոյն ընդունելութիւնը ցուցաբերեն հիւրերուն։ Անշուշտ տակաւին կան չլուծուած հարցեր, որոնց ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի, ինչպէս՝ հանրային զուգարաններու կառուցում կամ հանգստեան վայրերու յաւելեալ շինութիւն եւ այլն։ Հետեւաբար Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման գործընթաց մը սկսած է, որուն շնորհիւ -ինչպէս որ վերջերս յայտարարեց կառավարութիւնը- 2011-էն ի վեր կրկնապատկուած է Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը։ Յոյս կայ, որ յառաջիկայ տարիներուն այդ թիւը հասնի երեք միլիոնի։
-Երեւանէն դուրս ո՞ր վայրերն են, որոնք ի վիճակի են զբօսաշրջիկներ ընդունելու յարմարաւէտ պայմանները ստեղծելու։
-Ներկայիս որոշ շրջաններ արդէն պատրաստ են ընդունելու զբօսաշրջիկներ, ինչպէս՝ Տաթեւի շրջանը իր նշանաւոր ճոպանուղիով, որու շրջակայքին կառուցուած են նոր շուկաներ, այնտեղ կան նաեւ տեղական նոր արտադրութիւններ, որոնք վաճառքի կը դրուին։ Կարելի է խօսիլ նաեւ Սեւանի տարածքի կամ Դիլիջանի մասին, որոնք թէ՛ բնութեան գեղեցկութեան եւ թէ յարմար ենթակառոյցներու առումով զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը կը գրաւեն։ Ջերմուկն ալ հետաքրքրաշարժ վայրերէն մէկն է։ Միւս կողմէ, Կիւմրիի մէջ (…) բացուեցաւ Զբօսաշրջութեան գրասենեակ մը, ինչ որ այդ առումով յառաջդիմական քայլ մըն է։ Շիրակի երիտասարդ մարզպետին նախաձեռնութեամբ կառավարութիւնը մշակած է յատուկ ծրագիր մը, ըստ որուն՝ առեւտրական կեդրոններու, պանդոկային համակարգերու եւ քաղաքի մշակութային կեանքի բարելաւման ճամբով պիտի ստեղծուի նոր միջավայր մը՝ զբօսաշրջիկներ հիւրընկալելու նպատակով։
-Հայաստանի պարագային՝ կ՚ըսուի, թէ զբօսաշրջային սուղ ուղղութիւն մըն է բաղդատած նման հնարաւորութիւններ ընձեռող այլ երկիրներու։ Այս տեսակէտը որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանէ։
-Եթէ խօսքը օդանաւային թռիչքներու սակերուն կը վերաբերի, ապա այդ ուղղութեամբ մենք ներկայիս «Էռ Ֆրանս»ի հետ բանակցութիւններու մէջ ենք, որպէսզի բարւոք լուծում մը գտնենք այս հարցին։ Անշուշտ կարելի է կանգառներով եւ շատ յարմար գիներով Հայաստան հասնիլ։ Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ մէկ կամ երկու շաբաթ անցընելու համար առաջարկուած գիները այնքան ալ սուղ չեն, եթէ նկատի ունենանք զբօսաշրջիկներուն հրամցուած տարբեր ծառայութիւնները։ Այլ խօսքով Հայաստանը շատ մատչելի ուղղութիւն մըն է՝ իր հարիւրաւոր մշակութային գանձերով, իր օփերային կատարումներով, իր դասական երաժշտութեան երեկոյթներով, զանազան թանգարաններով, գինիի փառատօներով, հայկական հարուստ խոհանոցով եւ սքանչելի բնութիւնով…։ Ինչպէս որ մեր զրոյցին սկիզբը նշեցի, մեր կայքէջին վրայ զետեղած ենք Հայաստանի զբօսաշրջութեան վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները։
(Յապաւուած)