ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԱՍԻՆ

Նախորդ երկու գրութիւններով ներկայացուցինք տարբեր մարդոց, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եւ Ընդհանրական Սուրբ եկեղեցիներու Սրբազան Հայրերուն մտածումները Աստուածաշունչ Մատեանին մասին: Այս գրութեամբ պիտի ներկայացնենք Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերջին շուրջ հարիւրյիսուն տարիներու գործող հոգեւորականներուն մտածումները Աստուածաշունչին մասին: Այսպէս.

- «Աւետարանը ամէն օր կը կարդացուի եկեղեցիէն ներս, բայց բոլորը չեն, որ ականջ կը դնեն, իսկ լսողներէն ալ տասէն մէկը հազիւ կը հասկնայ, հասկցողներէն ալ շատ քիչերն են որ իրնց միտքերուն մէջ կը պահեն, միտքին մէջ պահողներէն ալ հարիւրէն մէկն է հազիւ, որ լսածն ու պահածը կը կատարէ։ Ասոր պատճառը այն է, որ “աշխարհի հոգերը, փառք ու պատիւին ետեւէն իյնալը”, մեզ այնքան կապած, կաշկանդած են, որ մենք, փոխանակ այս աշխարհի տէրը դառնալու, ասոր ծառան, ասոր ստրուկը դարձած ենք։ Բոլորովին մոռցած ենք, որ մենք այնքա՛ն այս հողեղէն աշխարհին համար չենք ստեղծուած, ինչքան մէկ այլ՝ հոգեղէն աշխարհի համար։ Բայց մեր հոգին դատարկ է, մեր սիրտը ցամքած, այդ պատճառով Քրիստոսի այն խօսքերը, որ պէտք է մեր հոգին թեւաւորէին, մեր սիրտին թելերը թրթռացնէին, մեր սիրտի պատերուն երբ կը հասնին, այնպէս կը սառին, կը կորսուին, ինչպէս՝ հրացանէն արձակուած գնդակը կը սառի ու կը կորսուի աւազոտ անապատին մէջ։ Եթէ մենք այդ խօսքերուն իմաստը լաւ հասկնանք, եթէ մենք ատոնց տեղ տանք մեր սիրտին մէջ, այդ ժամանակ ատոնք մեր սիրտին ու հոգիին մէջ կը մտնեն, ինչպէս անձրեւին կաթիլները կը ծնին դաշտերու կոշտացած հողին մէջ» (Ստեփանոս Քհնյ. Նազարեան)։

- «Կարելի չէ Աւետարանը այլ գիրքերու նման կարդալ։ Զայն կարդացած ատեն պէտք է մոռնաս աշխարհը եւ ինչ որ անոր մէջ կայ, պէտք է աչքերդ գոցես՝ չորս կողմդ եղող բաները չտեսնելու համար, պէտք է ականջներդ փակես՝ դուրսի ձայները չլսելու համար։ Մարմինիդ աչքերը գոցելէ ետք, պէտք է հոգիիդ աչքերը լայն բանաս, դուն քու մէջդ պիտի մտնես եւ ամբողջական ուշադրութեամբ՝ պէտք է խրուիս, մտնես անոր խօսքերուն, անոր միտքերուն մէջ, նման այն մարդուն՝ որ ծովին յատակը կը մտնէ՝ մարգարիտներ փնտռելու համար։ Աւետարանի իւրաքանչիւր խօսքը, հսկայ խրատ մըն է, անգին մարգարիտ է ան՝ անոր գինին խմողին համար։ Աւետարանին խօսքը մեղրէն աւելի քաղցր է, կարագէն աւելի սննդարար։  “Ճաշակեցէ՛ք, եւ տեսէք՝ թէ ի՜նչքան քաղցր է Տէրը” (Սղ 34.8)» (Էմմանուէլ Քհնյ. Նազարեան)։

- «Աւետարանը այն գիրքն է, որմէ աւելի բարձր մտաւորական արտադրութիւն մը ի լոյս չէ եկած աշխարհի վրայ» (Մաղաքիա Արք. Օրմանեան)։

- «Սուրբ Գիրքը անսպառ նիւթ է ընթերցանութեան» (Պսակ Ծ. Վրդ. Խորէնեան)։

Ներսէս Վարդապետ Դանիէլեանց

- «Քանի՞ անգամ կարդացած ես զայն [Աւետարանը] ծայրէ ի ծայր. գիտե՞ս եւ կրցա՞ծ ես ըմբռնել անոր ոգին, անոր հոգեկան վսեմ ներշնչումները: Ա՜հ կեանքի գիրքն է ան, սրտին նուիրական մատեանը, հոգիներու անբիծ հայելին: Բոլոր այն գիրքերը, զորս մարդուն իմաստուն միտքը, սուր ու յստակ գաղափարները յղացած ու արտադրած են, չե՞ն կրեր իրենց վրայ մարդու մտքին տկարութեան դրոշմը. Աւետարանը, սակայն, այն գիրքն է, որուն վրայ դրոշմուած է միայն աստուածային յայտնութեան մը լայն ու խորին իմաստութիւնը»:

- «Աւետարանը, սակայն, միշտ նոյն գիրքն, միեւնոյն թարմութիւնը, միեւնոյն հրապոյրն ունեցող անսպառ ներշնչարան մը. ան է ու պիտի ըլլայ յաւէտ նոր կեանքի, նոր կորովի, նոր յուսոյ ու յաւիտենական սիրոյ վառարան մը, որ միշտ պիտի բոցավառի անկործան հաւատքի մը ատրուշանին մէջ: Այդ յաւիտենական ու տիեզերական գիրքը՝ կեանքի՛ գիրքը պիտի ըլլայ ու մնայ մարդուն՝ որչափ այն ապրի աշխարհի վրայ:

Կարդացէ՛ք այդ գիրքը, անոր ոգին եւ ոչ գիրը. որով միայն պիտի կրնաք ապրիլ ճշմարիտ կեանքը, որ անկէ կը ծնի»:

- «Աւետարանը գիրքն է երանաւէտ Կեանքի, ճշմարիտ Լոյսի, Կենդանի ջուրի, Համեմիչ աղի, Աստուածային Սիրոյ, Հրեշտակային խաղաղութեան, Քաջ հովուի, Առաքինութեան, Սուրբ աշխատանքի, Ուղիղ եւ ահապով ճանապարհի, Հաւատքի դրան, Անսայթաք առաջնորդութեան կեանքի դժուարութիւններուն մէջ, Կանոնագիրքը համամարդկային եղբայրութեան, Ծածկեալ գանձերու գիւտին, Անարատ քահանայութեան եւ Երկնային Թագաւորութեան։

Կարդացէ՛ք Աւետարանը խոնարհութեամբ» (Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ)։

- «Այո՛, եղբայրներ եւ քոյրեր, փրկութեան միակ աղբիւրը Աստուծոյ խօսքն է, որ անանցանելի է եւ յաւիտեան կը մնայ, եթէ նոյնիսկ երկինքն ու երկիրը անցնին» (Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս)։

- «Սուրբ Գիրքն է, որ դաստիարակը եղած է մարդուն, եւ դաստիարակութեան գիրքն է եւ պիտի մնայ միշտ իբր վարդապետ դաստիարակներու» (Ղեւոնդ Եպսկ. Դուրեան)։

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

- «Առանց Աւետարանին, տկա՛ր է մեր ազգը։ Առանց մեր հայրերու սուրբ ժառանգի վերակենսաւորման, տժգոյն կը դառնայ մեր ժողովուրդի դիմագիծն ու նկարագիրը»:

- «Աստուածաշունչը ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ կենդանի խօսքն է, Աստուծոյ շունչը, որ գրաւոր ներկայացուած է մի՛այն մեր մարդկային տկարութեան պատճառով»։

- «Աստուածաշունչը՝ ինք՝ կենդանի բանական աւանդ է Աստուծոյ։ Աւետարանը՝ մարդու փրկութեան, կեանքի երջանկութեան բարի լուրն է, տրուած որպէս բանաւոր աւանդ Առաքեալներուն եւ անոնցմէ փոխանցուած մարդկութեան, գիրի ճամբով»:

Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան

- «Մարդիկ Աստուածաշունչը կը կարդան տարբեր հայեացքներով. շատեր կան, որ զայն կը կարդան ո՛չ իբրեւ հաւատքի գիրք՝ անոր մէջ կրօնական դասեր տեսնելու համար, կրօնական նշանակութիւնը կարդալու համար, աստուածային արարքներուն շարունակական պատմութիւնը կարդալու համար, այլ՝ պարզապէս պատմական կամ ընկերային որոշ տեղեկութիւններ հոնկէ քաղելու համար»:

- «Առանց Աստուածաշունչի չկայ եկեղեցի եւ չկայ եկեղեցական պաշտամունք։ Առանց Աստուածաշունչի չկայ ուսուցում եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Առանց Աստուածաշունչի ճշմարիտ աստուածգիտութիւն չկայ, չկայ քրիստոնէական կեանք, չկայ փրկութիւն»:

- «Աստուածաշունչը, որ մենք ունինք մեր ձեռքերուն մէջ, ամբողջութիւնն է Աստուծոյ խօսքին, Աստուծոյ հիմնական յայտնութեան՝ ուղղուած մարդ անհատին առանձանապէս եւ ամբողջ մարդկութեան ընդհանրապէս»:

- «Աստաուածաշունչը մշակոյթի համաշխարհային մեծագոյն կոթողն է, որ իրմով գրաւեր եւ զբաղցուցեր է բոլոր դարերու մարդիկը, աղբիւր դառնալով նոր ներշնչումներու եւ նորանոր ստղծագործութեանց»:

- «Աստուծոյ խօսքը հաւատքի, վստահութեան եւ քաջալերութեան աղբիւր է: Յիշեցէք թէ ինչպէս՝ կեանքի ու մահուան վտանգին դիմաց, իր տագնապահար աշակերտներուն Յիսուս ըսաւ.  “Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ձեր հաւատքը չկորսնցնէք” (Յհ 16.1)»:

- «ա) Աստուածաշունչը ո՛չ միայն աղբիւրն է գիտութեան, այլ նաեւ պարգեւիչն է այդ աղբիւրը բանալու զօրութեան։

բ) Աստուածաշունչը աղբիւրն է հաւատքի եւ փրկութեան։

գ) Աստուածաշունչը միակ միջոցն է Աստուծոյ, աշխարհին եւ մարդուն մասին ճշմարտութիւնը ուսուցանելու։

դ) Աստուածաշունչը միակ զէնքն է սխալը հերքելու եւ ստութեան դէմ պայքարելու։

ե) Աստուածաշունչը ճշմարիտ ուղեցոյցն է արդար կեանքի մը։

զ) Աստուածաշունչը մարդս կատարելութեան առաջնորդող դաստիարակութեան գիրքն է։

է) Աստուածաշունչը մարդս գործնապէս ամէն բարի գործերու պատրաստ վիճակի մէջ դնող աստուածային հրաւիրակն է, Աստուծոյ ձայնը»:

- «Կը հաւատանք, որ ամէն Հայ տան մէջ անպայմանօրէն կայ Աստուծոյ խօսքը, Աստուածաշունչ մը։ Բայց շատ յաճախ անիկա հանգիստ մը նստած է գրադարանին կամ պահարանին մէկ անկիւնը, եւ խանգարող մը չկայ. չկայ մէկը որ զայն բանայ ու կարդայ, չկայ մէկը որ զայն սերտէ ու գիտնայ, չկայ հետաքրքրութիւն՝ գիտնալու թէ ի՛նչ է, ի՛նչ կ՚ըսէ անիկա, եւ ինչո՛ւ հոն է։ Ոմանց համար անիկա եղած է չբացուելո՛ւ համար, խորհրդաւոր՝ իր լռութեան մէջ. ոմանք կը վախնան զայն կարդալու, կարծէք մէջէն ոգիներ պիտի ելլեն. ուրիշներ անկէ հեռու կը մնան, որովհետեւ կ՚ըսեն, թէ անոր մէջ գրուածներուն չեն հաւատար. բայց ինչպէ՞ս չեն հաւատար՝ երբ նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ է անիկա, եւ ի՞նչ կը պարունակէ, ինչի՞ մասին կը խօսի եւ ի՞նչ կը բերէ։ Կան նաեւ հաւատացեալներ, որոնք նոյնպէս չեն կարդար, կամ հազիւ անոր չնչին մէկ տոկոսին ծանօթ են։ Միայն քիչեր զայն կը կարդան կանոնաւոր կերպով եւ հետաքրքրութեամբ, իրենց միտքին ու հոգիին պապակը յագեցնելով անով։ Ու մտածել՝ որ մենք զաւակներն ենք անոնց, որոնք անցեալ պատմութեան ընթացքին բազմիցս թշնամիներու երեսն ի վեր յայտարարած են.  “Քանզի հայր մեր զսուրբ Աւետարանն գիտեմք”, “մենք Աւետարանը կը ճանչնանաք իբրեւ մեր հայրը”»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019