ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ՊԻՏԻ ԱՄՓՈՓՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ առաւօտ տեղեկացուցին, որ նորոգ հանգուցեալ պատմաբան Վահագն Տատրեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի մէջ։ Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Փրոֆ. Վահագն Տատրեան կը վայելէր միջազգային հեղինակութիւն եւ անկոտրուն պայքար մը մղած էր արդարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործին մէջ իր մեծ գիտական ներդրումը հաշուի առնելով, որոշում առնուած է իր աճիւնը փոխադրել Հայաստան։ Այս ուղղութեամբ արդէն իսկ անհրաժեշտ աշխատանքները սկսած են։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019