ՇԻՆԻՉ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ վերջերս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեանի եւ Նիքոլայ Փաթրուշեւի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Մասնաւորապէս՝ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման, ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման եւ նոր հնարաւորութիւններու օգտագործման հարցերուն շուրջ։ Քննարկուեցաւ նաեւ երրորդ երկիրներուն զէնքի վաճառքի կանոնակարգման հարցը։

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային գործընկերութեան շրջանակներէ ներս իրականացուող ռազմաթեքնիկ եւ ռազմատնտեսական համագործակցութեան ներկայ ընթացքին շուրջ։ Անոնք կարեւորեցին ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան աշխուժացումը եւ նոր ձեռնարկութիւններ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը։

Այցելութեան ընթացքին Նիքոլայ Փաթրուշեւ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Փաթրուշեւ կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանէ ներս ռազմական հաւասարակշռութեան պահպանման եւ կայունութեան ապահովման հարցին։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան զարգացումներուն եւ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ իրադրութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն յետոյ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը առաջին անգամ կ՚այցելէ Երեւան։ Սա լաւ առիթ մըն է՝ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն նաեւ այս ձեւաչափով անդրադառնալու համար։ Փաշինեանի խօսքով՝ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւնը աշխոյժ կը զարգանայ եւ գոյութիւն ունի շինիչ աշխատանքային մթնոլորտ։ Այս մասին վկայութիւն կը հանդիսանան Ռուսաստանի նախագահի եւ վարչապետի հետ յաճախակի հանդիպումները, նաեւ բարձրաստիճան միւս մակարդակներու վրայ շփումները։ Հայաստանի վարչապետը կարեւոր համարեց երկու երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու միջեւ համագործակցութիւնը։ Հայ-ռուսական ռազմավարական կապերու շարունակական զարգացման, տարածքաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքներու համատեսքին մէջ կ՚արժեւորուին այդ շփումները։

Իր կարգին, Նիքոլայ Փաթրուշեւ Հայաստանի վարչապետին փոխանցեց Ռուսաստանի նախագահի եւ վարչապետի ողջոյնները։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան այցելութեան կապակցութեամբ։ Փաթրուշեւ արդիւնաւէտ համարեց Արմէն Գրիգորեանի հետ խորհրդակցութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտի զանազան ուղղութիւններով համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափով՝ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան։ Նիքոլայ Փաթրուշեւ նաեւ տեղեկացուց, որ այս տարուան նոյեմբերին կը նախատեսուի ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հաւաքը։ Հայաստան, ինչպէս միշտ, հաստատած է իր մասնակցութիւնը այս հաւաքին համար։

Արմէն Գրիգորեան եւ Նիքոլայ Փաթրուշեւ ծաղիկներ դրին նաեւ Երեւանի Անծանօթ զինուորի շիրիմին մօտ։

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակի եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի ներկայացուցիչներու տարեկան խորհրդակցութիւնը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019