«ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՈՒ ՄԻԱՍԻՆ»
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը եզրափակ-ւեցան Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը։ Մայրաքաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց հրավառութիւն մը։ Փակման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Ինչպէս ծանօթ է, Համահայկական խաղերը այս տարի ունէին յոբելենական բնոյթ, որովհետեւ նշուեցաւ անոնց 20-ամեակը։ Փակման արարողութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Իշխան Զաքարեան, որ Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի պատուոյ շքանշանով պարգեւատրեց փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանը։ Խաղերու հիմնադիր անդամներէն Ալպերթ Պոյաճեան հրաժեշտի խօսքով մը հանդէս եկաւ եզրափակիչ արարողութեան ժամանակ։ Ան կոմիտէին անունով պատուոյ շքանշան մը շնորհեց Իշխան Զաքարեանին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բոլոր մրցանակակիրները պարգեւատրեց անձամբ։ Եզրափակիչ արարողութեան առթիւ ան եւս հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Համահայկական խաղերու 14 օրերու ընթացքին մենք վայելեցինք միասին ըլլալու բերկրանքը։ Ապացուցանեցինք, որ մենք ենք եւ միասնական ենք։ Փակման արարողութիւնը կը խորհրդանշէ, որ աշխարհի բոլոր հայերու համար կայ միակ մայրաքաղաք մը՝ Երեւանը։ Անկախ քաղաքական եւ կուսակցական պատկանելիութեան, մենք միշտ միասնակամ պիտի ըլլանք։ 8-րդը աւելի մեծ պիտի ըլլայ։ Համահայկական խաղերով մենք կ՚արձանագրենք, որ որպէս ազգ միասնական ենք»։ Այսպէս, Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց բոլոր մասնակիցներն ու կազմակերպիչները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ու Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը յայտարարեց փակուած։ Մրցաշարքին այս տարի մասնակցեցաւ 5244 մարզիկ՝ աշխարհի 35 երկրի 161 քաղաքէն։
Հարկ է նշել, որ Համահայկական խաղերու փակման արարողութեան յայտագրին մասնակցութիւն բերաւ մեներգչուհի Սիպիլ, որու կատարումները ինչպէս միշտ, ողջունուեցան ջերմ ծափահարութիւններով։