«Ուտելի Բոյսերը Հայկական Խոհանոցում» Փառատօն
Հայկական լեռնաշխարհի բոյսերը ունին շատ հին ծագում: Անցեալին անոնցմէ շատերը բուժական նպատակներով կ՚օգտագործուէին տեսակաւոր հիւանդութիւններ բուժելով եւ վէրքեր դարմանելու համար: Մինչեւ իսկ անոնցմէ ոմանք կ՚օգտագործուէին ծերութիւնը կանխարգիլելու համար:
Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի տարածքին կ՚աճին աւելի քան 300 ուտելի բոյսեր, որոնցմէ սակայն քիչեր կ՚օգտագործուին առօրեայ սնունդի մէջ կամ բուժական նպատակներով:
Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, տեղի պիտի ունենայ «Ուտելի բոյսերը հայկական խոհանոցում» փառատօն՝ Լոռիի մարզի Դսեղ գիւղին մէջ: Փառատօնը կազմակերպողները համոզուած են, որ այս փառատօնը պիտի դառնայ շարունակական՝ այցելուներուն ծանօթացնելու Լոռիի մարզի բուսատեսակները, ինչպէս նաեւ՝ զարկ տալու շրջանի զբօսաշրջութեան:
ԱՒԵԼՈՒԿ
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ աւելուկի աւելի քան 12 տեսակ կայ Հայաստանի մէջ:
Բարբառներու մէջ աւելուկը կոչուած է՝ վիլուկ (Տաւուշ), աւելուկ (Լոռի), մջուկ (Ղարաբաղ): Աւելուկի մէկ տեսակը, որ թթու համ ունի, կը կոչուի թրթնջուկ. խաշած թրթնջուկի տերեւները կը դարմանեն բորբոքած լինտերը, արմատներէն կարմիր ներկ կը ստացուի, իսկ տերեւներով կարելի է մաքրել պղնձեայ իրերը, հիւթով՝ մելանի բիծերը:
Աւելուկը ժողովրդական բժշկութեան մէջ ամենէն շատ օգտագործուած դեղաբոյսերէն է: Բուժական նպատակներով կ՚օգտագործուին անոր արմատները, տերեւներն ու սերմերը: Կերակուրներու պատրաստութեան մէջ կ՚օգտագործուին աւելուկի թարմ կամ չոր տերեւները՝ պատրաստելու համար համեղ եւ սննդարար կերակրատեսակներ, ապուրներ եւ աղցաններ: Հայերուս մօտ Մեծ պահքի շրջանին աւելուկով պատրաստուած ուտեստները սեղանէն անպակաս են եւ գրեթէ պարտադիր…
Նշենք, որ անցեալ յունիս 29-ին Վարդենիկ գիւղին մէջ (Գեղարքունքի մարզ), կայացաւ «Աւելուկի փառատօն»: Ներկաները մասնակցեցան աշխարհի ամենաերկար աւելուկի շարանի հիւսքի գործընթացին: Աշխարհի ամենաերկար աւելուկի հիւսքը գրանցուեցաւ «Դիւցազնագիրք» մրցանիշներու գիրքին մէջ:
ԱՒԵԼՈՒԿՈՎ ԱՂՑԱՆԻ ԲԱՂԱԴՐԱՏՈՄՍ
Բաղադրիչներ՝ 1 փունջ նախապէս թրջուած չոր աւելուկ, 1 գլուխ սոխ, 3 պճեղ սխտոր, մանրուած ընկոյզ, նուռի հատիկներ, 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ, 3 ապուրի դգալ ձէթ, աղ:
Սոխը մանրել եւ տաք ձէթին մէջ տապկել՝ մինչեւ թափանցիկ դառնայ, աւելցնել մանրուած աւելուկը: Ճզմուած սխտորը եւ աղել: Երբ աւելուկը փափկանայ եւ եփի, խառնուրդը պարպել ներկայանալի ամանի մը մէջ, աւելցնել կիտրոնի հիւթը եւ մանրուած ընկոյզը: Երեսը զարդարել նուռի հատիկներով:
Եթէ ձեր ապրած երկիրը աւելուկ չկայ, այսուհետեւ զայն ապահովեցէք Հայաստանէն: Աւելուկի հիւսքերը թեթեւ են, մատչելի եւ ամէնուրեք կը վաճառուին:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան