ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԻ ՄԱՍԻՆ

Մէկ տարիէ աւելի անցած է արդէն հայկական գարունէն, որ հայ ժողովուրդին համար ապրելու եւ արարելու նոր արշալոյս մը բացաւ. արշալոյս մը, որ շատերու համար յուսալից էր, շատերու համար ուրախացուցիչ, շատերու համար մտահոգիչ, շատերու համար սարսափեցնող, բայց ամէն պարագայի արշալոյս մըն էր, որ եկաւ փոխելու հայրենի մեր ժողովուրդին առօրեան, ապրելաձեւը, նամանաւանդ մտային կերպով:

Մտային երբ կ՚ըսեմ, նկատի չունեմ մտափոխութիւն, ո՛չ. ըսել ուզածս այն է, որ մեր ժողովուրդը հայկական գարունէն ետք իրմէ թօթափեց աւելի քան եօթանասուն տարուան խորհրդային տարիներու վախը եւ աւելի քան քսանհինգ տարիներու հայրենի «իշխանութիւն»ներուն թալանը, կողոպուտը, սարսափն ու վախը:

Հայը, արդարեւ երեւի 1918-ի կարճակեանք անկախութենէն ետք առաջին անգամն էր, որ հանգիստ շունչ կը քաշէր, հաւատք ունենալով, որ նոր անկախութեան, նոր արշալոյսի ժամանակը հասած է արդէն, եւ ինք եւս, որպէս մէկ մասնիկը համշխարհային մարդկութեան անդաստանին, պիտի սկսի աշխատիլ այն ուղղութեամբ, որպէսզի ապրի ազատ իր Հայրենիքին մէջ, անկախ իր որդեգրելիք պետականամէտ եւ հայրենաշէն ճանապարհներու մէջ, եւ ամենէն կարեւորը բաց ճակատով, արիութեամբ, առանց վախի ու սարսափի:

Սակայն, ինչպէս ամէն տեղ, մեր երկիրը եւս տարբեր կամ իւրայատուկ չէ այն իրողութենէն, որ պիտի ըլլան մարդիկ, որոնք ամէն կերպով պիտի ջանան խանգարել, դժուարացնել, եւ նոյնիսկ եթէ յաջողին, ձախողցնել այդ ընթացքը, որ եթէ ուզենք մարդկային բառապաշարով թարգմանել, պիտի ունենաք հայրենաշինութիւն ու պետականաշինութիւն, յանուն բարօր եւ փայլուն ապագայի:

Արդարեւ, անցնող աւելի քան տասներկու ամիսներու ընթացքին տարբեր-տարբեր հարթակներու վրայ յաճախակի կերպով լսուեցան յայտարարութիւններ, ճոռոմաբանութիւններ, որոնք կը փորձէին ու կը շարունակեն փորձել՝ ապացուցել, թէ կատարուածը մեծ խաբեբայութիւն մըն է, եւ թէ շուտով այս ամէն բանը վերջ պիտի գտնէ եւ մարդիկ մեծ հիասթափութիւն պիտի ապրին, եւ այլն, եւ այլն:

Առանձնացնենք որոշ երեւոյթներ այս ուղղութեամբ.

Օրինակ՝ կ՚ըսուի, թէ կատարուածը յեղափոխութիւն չէր, այլ՝ իշխանափոխութիւն: Բարի. բայց հարցում մը այս թեզը առաջ տանողներուն. նախորդ իշխանութիւնները աւելի քան քսանհինգ տարիներ ուղղակիօրէն թալանեցին Հայաստանը, եւ ո՛չ ոք կը համարձակէր բան մը ըսել, իսկ համարձակողներուն պարագան բոլորին ալ յայտնի է: Անցնող տարի գարնան սակայն, հայ ժողովուրդը այդ համարձակութիւնը ունեցաւ ըսելու այլեւս վե՛րջ, եւ նոր էջ մը բացաւ իր պատմութեան մէջ: Եթէ ներկայի իշխանութիւնները իշխանափոխութիւն կատարեցին միայն, կը կարծեմ, որ շատեր մինչեւ հիմա փողոց իջած պիտի ըլլային պահաջելով այս իշխանութիւններուն հեռացումը, այն ինչ տակաւին այս իշխանութիւնները կը գործեն եւ օր օրի դրական փոփոխութիւնները աւելիով նկատելի կը դառնան:

Այս խումբին պատկանողները կ՚ըսեն նաեւ, թէ մինչեւ հիմա հին իշխանութիւններուն ժամանակ աշխատող ազդու պաշտօնեաները տակաւին կը շարունակեն պաշտօնավարել, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ բան չէ փոխուած տակաւին: Դարձեալ հարցում մը. լա՛ւ, ի՞նչ է ձեր առաջարկը. ներկայ իշխանութիւնները, որպէսզի անցեալ իշխանութիւններու ներկայացուցիչները չձգեն իրենց պաշտօններուն գլուխը, մեզ շրջապատող դրացի երկիրներէն պաշտօնեաներ բերէի՞ն, որպէսզի անոնց տեղերը զբաղեցնէին: Չէ՞ որ դուք իսկ կ՚ըսէք, թէ ներկայ իշխանութիւնները փորձ չունին, փորձառու չեն. լաւ, եթէ այդպէս է, ուրկէ՞ փորձ ձեռք ձգեն, ուրկէ՞ սորվին, փորձառութիւն շահին, եթէ բոլոր հիները այսպէս ըսած՝ «տուն ղրկած» ըլլային:

Աւելի՛ն. եթէ կայ, ոեւէ մէկը թող ցոյց տայ կամ մատնանշէ յեղափոխութիւն իրականացուցած երկրի մը մէջ մէկ անգամէն կատարուած դրական փոփոխութիւններ: Կա՞յ արդեօք նման երկիր մը, կը դժուարանամ հաւատալու, որովհետեւ, ըստ իս, բուն յեղափոխութիւնը կը սկսի այն ժամանակ, երբ նախորդները կ՚երթան ու անոնց տեղը զբաղեցնելու կու գան նորերը, որոնց բուն պարտականութիւնը ո՛չ թէ նախորդները ճանապարհելն էր, «տուն ղրկելն էր», այլ՝ նախորդներուն աւրածը, քանդածը սարքելն է, վերակառուցելն է, իսկ կառուցելը շատ ատեն երկար ժամանակի կը կարօտի, նայած թէ ի՛նչ տիպի շինութիւն է ուզածդ: Մեր ներկան, կը կարծեմ ճիշդ այս հանգրուանն է հիմա, վերակառուցելու ընթացքն է, որ երկար ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ նախորդները ո՛չ թէ միայն շինութեան պատերը քանդած են, այլեւ նոյնիսկ հիմերը խախտած են. պատերը վերակառուցելը դիւրին է եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին կարելի է, բայց երբ հիմերը խախտուած են, երկար ժամանակի կը կարօտի:

Տակաւին, անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ կատարուածը յեղափոխութիւն չէր, այլ՝ իշխանափոխութիւն, թող պատասխանեն. ինչո՞վ են նման ներկայ իշխանութիւնները նախորդներուն [չեմ ուզեր մանրամասնել այն ճղճիմ «փաստարկութիւն»ները, զորս այս թեզը պաշտպանողները կը բերեն]: Ի՞նչ նմանութիւն կարելի է ունենան նախորդներն ու ներկաները: Պարզապէս շշմեցուցիչ է այս մարդոց տրամաբանելու կերպը, որով այս նմանութիւնը կու տան նախորդներուն եւ ներկաներուն: Պարոնայք եւ տիկնայք, մէյ մը դուք ձեզի նայեցէք եւ անկեղծ կերպով պատասխանեցէք. եթէ նախորդները ըլլային, պիտի համարձակէի՞ք ձեր բերանները բանալ: Խօսքս Հայաստանէն դուրս ապրողներու մասին չէ, այլ՝ ներսը ապրողներու մասին: Ձեզմէ քանի՞ն պիտի համարձակէր իր բերանը բանալ, եթէ նախորդները տակաւին իշխանութեան գլուխն ըլլային: Մի՛ պղտորէք ջուրը, ձգեցէ՛ք, որ հանգիստ իր ճամբով հոսի:

Այնպէս որ, ըսել, թէ կատարուածը յեղափոխութիւն չէր այլ՝ իշխանափոխութիւն, կը կարծեմ տակաւին կանուխ է նման վտանգաւոր եւ անիմաստ յայտարարութիւններ կատարելու: Յառաջիկայ տարիներու իրադարձութիւնները այս մասին պիտի վկայեն, թէ կատարուածը յեղափոխութի՞ւն էր, թէ՞ պարզապէս իշխանափոխութիւն:

Այլ խումբ մը կը խօսի արտաքին քաղաքականութեան մասին եւ դարձեալ հազարումէկ պատճառաբանութիւններ յառաջ կը բերէ, ըսելով՝ թէ ներկայ իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութիւնը տկար է, յուսադրիչ չէ, եւ այլն: Քաղաքագէտ չեմ եւ շատ չեմ հասկնար քաղաքականութենէ: Սակայն, այս խումբին յառաջ քշած պատճառաբանութիւններէն մէկը ուշադրութիւնս գրաւած է. այն է, որ ներկայ իշխանութիւնները սերտ յարաբերութեան մէջ են Ռուսաստանի հետ, մինչ Ռուսաստանը Ատրպէյճանին զէնք կը վաճառէ...: Յետոյ ի՞նչ: Այս փաստը յառաջ բերելով կը նշանակէ, թէ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը ճիշդ ընթացքի մէջ չէ: Երեւի այս խումբին պատկանողները չեն լսած հետեւեալ արտայայտութիւնը, թէ՝ «քաղաքականութիւնը ամենէն մեծ պոռնիկն է», այսինքն՝ գրեթէ աշխարհի բոլոր պետութիւններուն համար ո՛չ այնքան կարեւոր են բարիդրացիական յարաբերութիւնները կամ կապերը տարբեր պետութիւններու հետ, այլ՝ իրենց պետութեան շահերը: Քաղաքականութիւնը խնամի-ծանօթ-բարեկամ չի՛ ճանչնար, այլ՝ մի՛ միայն շահ, շահ եւ շահ:

Այսօր քանի՜-քանի՜ պետութիւններ իրենց հովանաւորած կամ օժանդակած պետութիւններու թշնամիներու զէնք ու զինամթերք կը ծախեն, միայն մեր պարագա՞ն է տարօրինակ: Դարձեալ կ՚ըսեմ. քաղաքագէտ մը չեմ եւ ո՛չ ալ քաղաքականութեամբ զբաղուող, բայց կը կարծեմ, որ այս եւս անհիմն եւ անիմաստ պատճառաբանութիւն մըն է, որ կը միտի ժողովուրդին մէջ մտային խառնակութիւն ստեղծելու, այլ խօսքով՝ խախտելու ժողովուրդին ունեցած վստահութիւնը նոր իշխանութիւններուն նկատմամբ:

Տակաւին շարքը երկար է նման պատճառաբանութիւններուն: Այստեղ չեմ ուզեր անդրադառնալ նաեւ Քոչարեանի յառաջացուցած այն ծախուածներու ոհմակին, որ մի միայն սեւ մամուլով կը զբաղի, ամէն բան սեւցնելով եւ ամէն բան բացասական կերպով ներկայացնելով: Չեմ ուզեր մանրամասնել, որովհետեւ դրամին համար ինքզինք ծախող մարդը, ամէն ինչի ընդունակ է, եւ այդպիսիին համար ո՛չ Հայրենիք գոյութիւն ունի, ո՛չ պետութիւն, ո՛չ ժողովուրդ, ո՛չ ազատութիւն եւ ո՛չ ալ մարդկութիւն:

Չեմ ուզեր անդրադառնալ նաեւ դեղին քարտ ցոյց տուողներուն, որովհետեւ խօսիլ այնպիսի կուսակցութեան մը մասին, որ իր ապազգային եւ ապապետական քաղաքականութեամբ ինքզինք սպառած է, պարզապէս ժամավաճառութիւն է: Ուղղակի ասոնց պարագային է, ափսոս է, որ իրենց նախնիներուն տարած գործը իրենց սեփական փուճ շահերուն համար կը ցեխոտեն: Բայց ժամանակը կու գայ եւ իրենք ալ իրենց եփած ապուրին մէջ կ՚այրին ու կը ոչնչանան...

Ի վերջոյ, մի քանի տողով ալ անդրադառնամ այն խումբին, որ կ՚ըսէ, թէ բան չէ փոխուած տակաւին: Իսկապէ՞ս բան չէ փոխուած: Կը կարծեմ, որ առողջ տրամաբանութեան տէր մարդիկ եթէ զգուշութեամբ ուսումնասիրեն մեր Հայրենիքէն ներս վերջին աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, պիտի տեսնեն, նկատեն ու ըսեն, թէ՝ «ո՛չ, շատ բան փոխուած է»: Դարձեալ մանրամասնութիւններու պիտի չերթամ.

Երկրորդ անկախութեան տարիներուն մենք՝

- Ե՞րբ առանց դժուարութիւն ունենալու դէմ առ դէմ շփուած էինք մեր երկրի նախագահին, վարչապետին, նախարարներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ, առանց պահակազօրներու միջամտութեան:

- Ե՞րբ տեսած էինք, որ մեր երկրի նախագահը, վարչապետը կամ նախարարներն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաները Հայաստանի ամբողջ տարածքով մէկ, փողոցներու մէջ քայլէին, որպէս շարքային քաղաքացիներ ու քաղաքացիներ հնարաւորութիւն ունենային մօտենալու, զրուցելու, նկարուելու...

- Ե՞րբ տեսած էինք, որ մեր երկրի վարչապետը կամ բարձրաստիճան պաշտօնեաները ոտքով, այսինքն՝ քայլելով կամ հեծանիւով գործի երթային:

- Ե՞րբ տեսած էինք, որ մեր երկրի նախագահը իր մօտ հրաւիրէր երեխաներ ու անոնց հետ ժամանակ անցընէր:

- Ե՞րբ տեսած էինք, որ ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ առանց թիկնազօրի մասնակից դառնար որեւէ մէկ ձեռնարկի եւ առաց դժուարութեան շփուէր ներկաներուն հետ:

«Երբ»երու շարքը տակաւին կարելի է այնքան երկարել, բայց այսքանով կը բաւարարուիմ, մեկնաբանութիւնները ձգելով ընթերցողներուն...

Ժողովուրդ, բան փոխուա՛ծ է, պարզապէս պէտք է տեսնել: Պարզապէս պէտք է վստահիլ եւ յուսալ, որ մեր երկիրը կ՚ապրի այնպիսի զգայուն ժամանակաշրջան մը, ուր ո՛չ միայն ներկայի իշխանութիւնները պատասխանատու են կատարուելիքին, այլեւ՝ իւրաքանչիւր Հայատանի քաղաքացի առաջին հերթին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ նամանաւանդ, որովհետեւ վախճանաբանական առումով մեր բոլորին միացման կէտը Հայաստանն է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

29 յունիս 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019