ՋԱՋՈՒՌ. ԹԱՆՁՐ ԹԱԽԻԾԻ ԳՈՅՆԵՐԸ
Ճանապարհը այս անգամ դէպի Ջաջուռ կը տանի: Հայաստանի նշանաւոր վայրերէն է, որ տեղակայուած է Շիրակի լեռնաշղթայի արեւմտեան ստորոտին, ծովու մակարդակէն 1700 մեթր բարձրութեան վրայ: Այս գիւղը նշանաւոր է հայ մեծ նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի ծննդավայրը ըլլալուն համար, նաեւ վաղամեռիկ եւ տաղանդաւոր բանաստեղծ Աշոտ Աւտալեան Ջաջուռ ծնած է…
Ջաջուռ տանող ճանապարհը Հայաստանի տխուր ու թախծոտ ճամբաներէն մին է: Ամբողջ ճանապարհին մեզի կ՚ուղեկցին գիւղերուն մէջ լքուած տուներ, որոնց թեքուած, խարխլած տանիքները գորշացած են անձրեւէն, ձիւնէն եւ փլելու պատրաստ են… Ի՜նչ ճակատագրեր կերտուած են այդ տանիքներուն տակ… ովքե՞ր խաղացած են այժմ մացառներով պատուած բակերուն մէջ, կամ նստած եւ զրոյցի բռնուած են հոն, ովքե՜ր քալած են թաւուտ դարձած փողոցներէն… Ատենին այս գիւղերը հեռուէն կը փայլէին ճերմակ լուացքի պարաններով, պատշգամներուն միրգ եւ պղպեղ կը չորցուէին, մանուկները կը վազէին ճամբեզրի առուակներուն մէջ: Այսօր ոչ ոք կայ, առուակ ալ չկայ, տիղմ ու աղտ լեցուած է առուակներուն մէջ: Երիտասարդութեան շունչ գրեթէ չկայ ճամբուն հանդիպած գիւղերուն մէջ. ձեռնափայտերուն յենած ծերունիներ, իրենց աչքերը արեւէն կկոցած կը նային փոշի արձակող ինքնաշարժներուն ետեւէն կամ աւանակի մը, ձիու մը, հորթուկի մը հետեւելով իրենց հերթական չարքաշ գիւղացիի օրը կը գլորեն… Նոյնպէս՝ ամրան տապին պինդ փաթթուած ծերուկ կիներ կ՚երեւին երբեմն. անոնցմէ մին մաղի մէջ բան մը կը զտէ… հաց թխելու ալիւր ըլլալու է կամ գիւղական ճաշի ցորեն, որ ձմրան երկար կ՚եփի վառարանին վրայ՝ մէջը երբեմն խոզի ճարպ մը կամ ոչխարի միսի կտոր մը…
Լքուած կայարաններ կան, որոնց կառոյցներուն մետաղները սեւցած ու ծռած են, եւ անոնց մէջ բոյն դրած են շուներ եւ կատուներ:
Այս ճամբուն վրայ, հաւանաբար, գնացքի գիծ մը եղած է, քանի որ կայարանները ազդարարող հին ցուցանակներ ալ կ՚երեւին այս ու այն կողմ թեքուած… Գնացքի երբեմնի ճամբան կը յուշէ, որ հոս կեանք կար, գնացքի շաչիւնէն հաջած է շունը, արթնցած են գիւղերը, մանուկները վազած են արագ ընթացող գնացքին ետեւէն՝ փորձելով բռնել զայն ու մեծերը զգուշացուցած են վտանգին մասին… Այսօր կեանքը կանգ առած է եւ այդ մէկը շատ շօշափելի զգացում մըն է…
Այս գիւղերէն անցած է երկրաշարժին դաժան ալիքը… 1988 թուականին Սպիտակի երկրաշարժէն քանդուած եւ աւերուած են նաեւ Շիրակի կարգ մը գիւղերը, եւ եթէ այսօր երկրաշարժէն տուժած հիմնական քաղաքները տակաւին չեն վերականգնուած, ուրեմն կարելի է պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ վիճակ կը տիրէ գիւղերուն մէջ…
Ջաջուռ գիւղը նոյնպէս տուժած է երկրաշարժէն, գիւղի դպրոցէն զոհուած են երեք ուսուցիչ եւ վեց աշակերտ… բնակիչներուն մեծ մասը մնացած է փլած տուներուն առջեւ, ոմանք դուրս բերած են փլատակներու տակէն, փլած են նաեւ դպրոցը, հիւանդանոցը, ուրիշ կառոյցներ… Յետոյ նոր հիւանդանոց եւ դպրոց կառուցուած են՝ անոնց մէջ՝ զոհուածներուն եւ վիրաւորներուն մասին պատմութիւններ պատմելով:
Գիւղին դպրոցը կը կրէ Մինաս Աւետիսեանին անունը, Մինաս Աւետիսեանի ծնած տունը նոյնպէս փլած է երկրաշարժէն, յետագային վերականգնուած է որոշ մաս մը, իսկ այսօր աւելի մեծ թափով հոն կը տարուին վերականգնողական աշխատանքներ: Մինաս Աւետիսեանի տուն-թանգարանը այս գիւղի միակ շունչն է… Այս տուն-թանգարանը բացուած է 1982 թուականին, ապա երկրաշարժէն ետք երկար տարիներ կիսաքանդ մնալով, վերաբացուած է 2005 թուաանին:
Մինաս Աւետիսեանին՝ թանգարան դարձած տան պատմութիւնը իւրայատուկ է, որ կը ներկայացնէ անոր որդին՝ թանգարանի տնօրէն Արման Աւետիսեանը: Մինաս Աւետիսեանի այդ տան առաջին քարը դրուած է նկարիչին ծնունդէն տարի մը ետք. Մինաս ծնած է 1928 թուականին, իսկ 1929 թուականին ծնողքը տան առաջին քարը դրած է:
Արմանը կը պատմէ պատմութիւն մը, թէ իր հայրը՝ Մինաս Աւետիսեանը ծնելէն առաջ բարձրահասակ ծեր կին մը հեռուէն քալելով գիւղ կու գայ եւ կը հարցնէ, թէ ո՛ւր կը բնակի Կարապետը: Կարապետը Մինաս Աւետիսեանի հայրն էր: Հարցուփորձ ընող այդ կնոջ ցոյց կու տան Կարապետ Աւետիսեանին տան ճամբան, կինը կը գտնէ տունը, տունիններուն կը յորդորէ, որ Կարապետը երթայ Ջաջուռի մօտակայքը գտնուող հանքը: Ան կ՚ըսէ, թէ երազի հետքով եկած է. իր երազին մէջ յայտնուած է Տիրամայրը, որ ըսած է, թէ այդ քարի հանքին քարերուն տակ սուրբ «Նարեկ»ը թաքնուած է եւ անիկա անպայման պէտք է երթայ եւ հանէ ջաջուռցի Կարապետը։ Կը կարծեն, թէ այս կինը խենթ է, կը վտարեն: Ոչ ոք գիտէր, թէ ուրկէ կու գար եւ ուր երթալն ալ չէին տեսած, բայց ան մէկ շաբաթ շարունակ կու գայ եւ նոյն բանը կ՚ըսէ. ի վերջոյ դրացիները Կարապետ Աւետիսեանը կը համոզեն հանք երթալ եւ տեսնել, թէ ինչ կայ հոն: Կ՚երթան, քարերը կը փորփրեն եւ իսկոյն կը տեսնեն լաթի մը մէջ փաթթուած եւ մեղրամոմով պատուած արծաթեայ շրջանակով գիրքը։ Կարապետ Աւետիսեանը անակնկալի կու գայ, գիրքը կնոջ կու տայ, որպէսզի ան վերցնէ եւ հեռանայ, բայց այդ կինը կ՚ըսէ՝ Տիրամայրը երազիս մէջ ըսած է, որ քովդ պիտի մնայ եւ անիկա պիտի դնես նոր շինուող տան մէջ եւ հոն ալ պահես, պահպանես: Գիւղացիները կը հասկնան, որ խորհրդաւոր բան մըն է կատարուածը, բայց քանի որ խորհրդային իշխանութիւնը կը տիրէր, այդ մասին չէին կրնար բարձրաձայնել. գիրքը կը պահեն պատին մէջ: Երկրաշարժի ժամանակ, պատերը կը փոշիանան, գիրքն ալ կ՚անհետանայ:
Նկարիչին որդիները առեղծուածային եւ միեւնոյն ատեն շատ հարազատ կը նկատեն այս պատմութիւնը, մանաւանդ, որ Մինաս ապրած է նոյն այդ տան մէջ, հոն սկսած է նկարչական իր առաջին քայլերուն, հոն ապրած է իր ծնողքը, հոն ստեղծած է իր նկարները… Այսօր այդ տունը ուխտատեղիի վերածուած է: Շատեր կը հասնին Շիրակ աշխարհի այդ վայրը՝ այցելելու Մինասի տուն-թանգարանը, որ այսօր կրկին վերանորոգումի տակ է: Արման Աւետիսեան նպատակ ունի զայն դարձնել գրաւիչ վայր մը, ուր աշխարհի զանազան երկիրներէ նկարիչներ կու գան, կը մնան, կը ստեղծագործեն: Մինասի կենդանութեան ժամանակ ալ հոն յաճախ կը հաւաքուէին Մինասի արուեստագէտ ընկերները, անոր երկրպագուները, տունը անոր ոգիով լեցուն էր, բայց Մինասի ողբերգական մահէն ետք կարծես մարած է նաեւ այդ ոգին:
Մինասի որդիները պզտիկ էին, երբ 1975 թուականի ցուրտ ձմրան Մինաս ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած եւ մէկ շաբաթ վերջ մահացած է… Մինչեւ հիմա առեղծուածային կը մնայ այդ արկածը, թէ ինչպէս Երեւանին կեդրոնը, ինքնաշարժը ելած էր մայթին վրայ եւ հարուածած նկարիչը: Յօդուածներ գրուած են այդ մասին, նկատել տալով, որ Մինաս Աւետիսեանի մահը պատուիրուած էր… Իր կենդանութեան օրօք Մինաս արդէն իսկ հետապնդումներու կ՚ենթարկուէր, կը ստանար անանուն զանգեր, որոնք իր կեանքին վտանգ կը սպառնային… Վերջին տարիներուն նկարիչը կ՚ապրէր ընկճուած եւ նաեւ՝ տագնապի մէջ…
Տխուր կեանք մը ապրած է Մինաս Աւետիսեան եւ այդ տխրութիւնը իր նկարներուն եւ իր ապրած գիւղին մէջ կայ եւ ներկայ է նաեւ իր ողջ կենսագրութեան մէջ, իր նամակներուն մէջ, իր ընկերներու յուշերուն մէջ…
Կարծես թախիծը թանձր գոյներով քսուած է այս գիւղի ճամբաներուն: Երեկոյեան ծղրիթին ձայնը ա՛լ աւելի կը թանձրացնէ գոյները՝ ճռճռացող ձայնը տարածելով ամէնուր: Երեկոյեան աչքիդ առջեւէն նաեւ չղջիկներ կը թռին, գորտ մըն ալ կը ցատկէ ոտքիդ տակէն, որ իր կռկռան ցատկը կ՚աւարտէ մօտակայ տիղմոտ ճահիճին մէջ…
Առաւօտուն գիւղի տղամարդիկ դաշտ կը շտապեն. անոնց չսափրուած, յոգնատանջ դէմքերը տասը տարի մեծ ցոյց կու տան իրենց տարիքը, անոնք նաեւ կովեր եւ հորթեր կը տանին իրենց հետ եւ հեռաւոր ճամբաները յաճախ ոտքով կը կտրեն կ՚անցնին՝ երեկոյեան տուն դառնալու, ճպուռներու ձայներուն տակ ընթրելու եւ իրենց ամենօրեայ տաղտկալի հեւքը աւարտելու… Ոչինչ կը գրաւէ գիւղին մէջ. երիտասարդները հեռացած են քաղաք, գոց գոյնի հագուստներով քանի մը երիտասարդ կին նորէն գիւղական գործերու լծուած է… Կը թուի թէ գիւղը այսպէս տխուր եղած է միշտ եւ Մինաս այս տխրութիւնն է, որ նկարած է իր նկարներուն մէջ, կարծես այդ տխրութիւնն է, որ մղած է Մինասը՝ ստեղծագործելու… Գիւղի աւագները կը պատմեն, որ իրենց գիւղը հիմնած են 1828 թուականին՝ Մուշ, Կարս, Էրզրում, Խնուս բնակավայրերէն եկած հայեր: Գիւղացիներու բարբառին մէջ ալ արեւմտահայերէնի հնչերանգը կայ, թերեւս նաեւ Շիրակի մարզին մէջ տարածուած Կարնոյ բարբառն է այս մէկը, որով խօսած են Կարսի եւ Կարինի շրջաններու մէջ, բայց այս գիւղացիները ոչինչ գիտեն իրենց նախնիներու մասին, անոնց միակ հոգը օրուան հացն ու ջուրը ստեղծելն է՝ դժուար եւ քարոտ այդ հողէն: Մինասի նկարներուն մէջ գաղթի տեսարանները եւ փախուստի, տագնապի գոյները նոյնպէս առկայ են. բայց, անշուշտ, Մինասը վառ գոյներու վարպետ է եւ այդ մէկը թերեւս այդ տագնապէն, մշուշէն հեռանալու ճիգն էր: Ծնողաց յիշողութիւնները իրեն համար նկարելու անսպառ նիւթ էին: Շատ կապուած էր իր մօրը եւ կանուխ կորսնցուցած զայն: Մինաս իր մօրը անդրադարձած է բազմաթիւ աշխատանքներու մէջ՝ գեղանկարներուն, գծանկարներուն եւ որմնանկարներուն մէջ միշտ պատկերելով մայրը:
Այս գիւղին մէջ Մինաս կատարած է որմնանկարներ, որոնք տարիներու ընթացքին պատերուն վրայ մնալով՝ վնասուած են: Այժմ իտալացի մասնագէտներ կը կատարեն անոնց վերականգնման աշխատանքը, յետագային թերեւս անոնք մնայուն ցուցադրութեան համար ուրիշ վայրեր տեղափոխուին: Ջաջուռ գիւղին մէջ միայն տուն-թանգարան այցելողներուն շարժը կայ եւ իտալացի վերականգնողները քիչ մը աշխուժութիւն բերած են գիւղին:
Ջաջուռ գիւղին տխուր պատկերով կարելի է տեսնել Հայաստանի շատ գիւղերու լքուած, ամայի եւ անորոշ դէմքը: Վերջին տարիներուն հայ գիւղը մեծ անկում ապրած է: Մայրաքաղաքէն բաւական հեռու գտնուող գիւղերը զարգացումի ոչ մէկ ճանապարհ ունենալով՝ հետզհետէ աղքատացած, խեղճացած են: Տխուր է տեսնել վաղուան հանդէպ հաւատք չունեցող գիւղացին, որ իր օրը կ՚ապրի միայն բնազդաբար, առանց գոյներու, առանց պաճուճանքի… Երիտասարդութիւնը մօտակայ քաղաքներ կը վազէ եւ հոն ալ հետաքրքրութիւն չգտնելով, մայրաքաղաք կամ Ռուսաստան կ՚երթայ եւ աշխատաւորին ցուպը բռնած՝ աշխատանք կը փնտռէ… Հայաստանի անկախութենէն ետք միջազգային ամենաշատ օժանդակութիւնները, հիմնադրամներու, դրամատուներու՝ Հայաստանին ուղղուած ամենաշատ ծրագիրները գիւղին առընչուած էին…
Շատ յաճախ գիւղերուն մէջ ըլլալով, մարզեր այցելելով կը յիշեմ այդ ծրագիրները, որոնք օտարներու օժանդակութեամբ միտուած էր Հայաստանի գիւղերը զարգացնելու… Սակայն, միջազգային ոչ մէկ ծրագրի հետք կը տեսնեմ գիւղերուն մէջ. բազմաթիւ գիւղերէ ներս նոյնիսկ ինքնաշարժի ճամբայ չկայ, կամ անբարեկարգ է. շատ գիւղեր մինչեւ այսօր ունին խմելու եւ դաշտերը ոռոգելու ջուրի հարց, հին են հիւանդանոցներուն, դպրոցներուն, ակումբներուն շէնքերը… Մինչ մայրաքաղաքին մէջ կեանքը կը թուի, թէ կ՚եռայ, գիւղերու մէջ պատկերը հակառակն է:
Ջաջուռցիները կ՚ըսեն, թէ առատ ձիւն ըլլալուն պատճառով երկար ժամանակ իրենց գիւղին ճամբան կը գոցուի. դրացի գիւղերը նոյնպէս նոյն վիճակը ունին: Համացանցը, սակայն, առկայ է բոլոր գիւղերուն մէջ: Շնորհիւ համացանցային կապ տրամադրող եւ հեռաձայնային ծառայութիւններ իրականացնող ընկերութիւններուն, համացանցը միակ հասանելին է Հայաստանի բոլոր գիւղերուն. մարդիկ կը ջանան, ինչ գնով ալ ըլլայ, ձեռք ձգել խելախօսներ, որ աշխարհին հետ կապ պահեն համացանցի միջոցաւ: Բայց այդ մէկը, անշուշտ, իրական կեանքը չէ, եւ կարծես խաբէութիւն մըն է՝ հեռաձայնային կապի միջոցաւ ինքզինքը աշխարհի բնակիչ զգալ…
Հրաժեշտ կու տանք Ջաջուռ գիւղին, պարզ, բարի գիւղացիներուն, Մինաս Աւետիսեանի հօրենական տան՝ մեզի հետ տանելով գիւղին ամայութեան գոյները… ամբողջ ճանապարհին Մինասի ոգին կ՚ուղեկցի… 1975 թուականի այդ դաժան օրէն առաջ ան Ջաջուռ էր՝ հայրական տան մէջ: Որոշած էր անպայման Երեւան հասնիլ՝ կարեւոր գործեր ունէր եւ պատահած էր ողբերգութիւնը… Կը մտածեմ, թէ եթէ Մինասը այդ օրը գիւղը մնար՝ հայրական տաքուկ օճախին մէջ, վառարանին քով նստէր եւ գիրք կարդար, չերթար Երեւան… Արդեօք Ջաջուռն ու գիւղին ճամբան այդ օրուընէ՞ ամայի ու տխուր կը թուի:
Այս տարի լրացաւ Մինասի ողբերգական մահուան 44 տարին, Մինաս կեանքէն հեռացաւ 47 տարեկանին՝ լեցուն կեանքով ու բազում երազներով…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ