ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմի նորընտիր առաջնորդ Էլփիտոֆորոս Մետրապոլիտը արդէն ձեռնարկած է իր պաշտօնին։ Այս կապակցութեամբ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ամերիկայի թեմակալ առաջնորդները հաւաքաբար շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին իրեն։ Այսպէս, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի առաջնորդարանը այցելեցին հինգ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան։

Ջերմ հանդիպման ընթացքին բոլորն ալ շնորհաւորութիւններ յղեցին նորընտիր առաջնորդին եւ յայտնեցին իրենց եղբայրական բարեմաղթանքները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019