ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։ Սահակեան եւ Կասպրչիկ անդրադարձան Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գծի առկայ իրավիճակին վերաբերեալ շարք մը հարցերու։

Բաց աստի, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանն ալ տեսակցեցաւ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Ատրպէյճանի մէջ գտնուող ռազմագերի Արայիկ Ղազարեանի հարցը եւ զինքը հայրենիք վերադարձնելու հնարաւորութիւնները։ Ընդգծուեցաւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին հետեւելու ուղղութեամբ հակամարտ կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019