ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան ափի մասնաճիւղի տարեկան ամառուան ճաշկերոյթը վերջերս տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Փասատենայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնի համալիրէն ներս, «Պոյաճեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այդ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր «Հայ կին»ի եւ Երիտասարդական շրջանակին կողմէ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Նելլի Եագուպեան։ Օրուան ատենախօսներն էին ամերիկահայ երկու արժէքաւոր հոգեբաններ՝ Շէյտա Մելքոնեան եւ Լայզա Արսլանեան։ Նկատի ունենալով, որ ամերիկեան հասարակութենէն ներս վերջին շրջանին բռնութեան զանազան դրսեւորումներ տեղի կ՚ունենան՝ հաւաքոյթի կազմակերպիչները այս տարուան ամառնային ճաշի համար քննարկման համապատասխան նիւթ մը ընտրած էին։

Շէյտա Մելքոնեան եւ Լայզա Արսլանեան խօսեցան անձկութեան, ընկերային ճնշումներու եւ ընկճախտի, ինչպէս նաեւ այդ բոլորի ընտանեկան կեանքէ ներս ազդեցութեան կամ դրսեւորումներու շուրջ։ Երկու մասնագէտները պատասխանեցին նաեւ իրենց ուղղուած հարցումներուն։

Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Շէյտա Մելքոնեան վերջերս որպէս մասնագէտ ամերիկեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ ալ կարծիք յայտնելու հրաւիրուած է՝ հասարակութեան մտահոգութեան պատճառ դարձած բռնութեան դրսեւորումներու կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019