«ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ»
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը կատարած է հայ գրականութեան դասականներէն Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ հանճարներ» գործին վերահրատարակութիւնը։ Զապէլ Եսայեան այնպիսի հեղինակ մըն է, որ անոր թողած ժառանգի արժեւորման նպատակով տարուած ամէն աշխատանք կը համարուի նուիրական եւ իսկապէս ժամանակավրէպ դառնալու հաւանականութիւնը չունի։
Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ հանճարներ» վէպին առանձին հատորով առաջին տպագրութիւնը եղած է Պոլիս, 1910 թուականին, «Օ. Արզուման» տպարանէն (Չաքմաքճըլար, Յակոբեան խան), որպէս Բիւզանդեան գրատան հրատարակութիւնը։ Նախքան առանձին հատորով մը տպագրութիւնը, Եսայեանին վէպը առանց աւարտին հասնելու լոյս տեսած էր Իզմիրի «Արեւելեան Մամուլ» պարբերականին մէջ, 1905-1907 թուականներուն միջեւ, երկար ընդհատումներով։ Այս հրատարակութինը հիմք ընդունած է գիրքը։ Հատորի աւարտին տեղադրուած է Եսայեանի մասին Չրաքեանի՝ Միքայէլ Կիւրճեանին ուղղեալ նամակը, գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի ընդարձար մէկ ուսումնասիրութիւնը վէպին մասին, ինչպէս նաեւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մէկ աշխատութիւնը, ուր համեմատութեան կ՚ենթարկուին վէպին զոյգ հրատարակութիւնները. խաչանիշ ունին այն բառերը կամ արտայայտութիւնները, որոնք տարբեր են թերթօնային ու գրքային հրատարակութիւններուն մէջ։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Արէտ Կըճըրի կողմէ։
Այս գիրքը վստահաբար հայ գրականութեան սիրելիներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնայ։