ԱՆՇԵՂ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները վերջերս հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը (այսուհետ՝ ԳԿՀ) երկար տարիներ օժանդակած է աշխարհասփիւռ հայկական դպրոցներուն ու աշակերտներուն։ Միջին Արեւելքի հայկական դպրոցները յատկապէս, եղած են Հայկական բաժանմունքին ուշադրութեան կեդրոնը։ Այս ռազմավարութեամբ, հիմնարկութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը Լիբանանի հայկական դպրոցներուն եւ արեւմտահայերէնին հանդէպ։ Հիմնարկութիւնը պիտի շարունակէ ուրեմն օժանդակել Լիբանանի հայկական դպրոցներուն ու այլ կրթական հաստատութիւններուն՝ կեդրոնանալով արեւմտահայերէնի նորարար դասաւանդումին եւ զարգացումին վրայ։
ԳԿՀ-ն գիտակից է այն բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին Լիբանանի հայկական դպրոցները. հետեւաբար դպրոցներու, ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ արեւմտահայերէնի ուղղութեամբ ներդրումներ ընելով, ԳԿՀ-ն կը նպատակադրէ առիթը ընծայել, որ այս մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները որոշ չափով յաղթահարուին։ Շատ ջանքեր արդէն իսկ թափուած են եւ դեռ այսօր ի գործ կը դրուին արեւմտահայերէնը պահպանելու եւ ապրեցնելու. ԳԿՀ-ի ներկայ ռազմավարութիւնը կը միտի որոշ չափով լրացնելու այդ ջանքերը եւ զարկ տալու անոնց։ Կը հաւատանք, որ համագործակցութեան ճամբով եւ ամբողջական տեսլական մը գործնականի վերածելով, դեռ կարելի է կենսական փոփոխութիւններ բերել հայկական ուսումնակարգին մէջ, հակառակ Լիբանանի մէջ անոր դիմագրաւած բազմաթիւ եւ բազմազան խոչընդոտներուն։
Առկայ պայմաններուն, եթէ ընդունինք, որ հայկական դպրոցները տակաւին ի վիճակի են հայախօս սերունդ մը պատրաստելու, ապա այս սերունդը ինչքանո՞վ իր մայրենի լեզուն կը կապէ այսօրուան աշխարհին։ Ի՞նչ է լեզուին տրուած կարգավիճակը մեր գաղութներուն մէջ եւ ինչքանո՞վ կը կարեւորուի անոր դերը մեր ներկայի աշխարհընկալումին մէջ. հետեւաբար ինչպէ՞ս վերահաստատել կապը լեզուին եւ ժամանակակից մտածողութեան միջեւ, կամ ինչպէ՞ս կրկին արձանագրել լեզուն իր ներկայ տարասեռ միջավայրին մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, վերջին տասնամեակներուն, ակնյայտ է, որ արեւմտահայերէնը սփիւռքի մէջ կ՚ընկալուի իր ազգային պարունակին մէջ միայն եւ հետզհետէ կը հեռանայ ստեղծագործելու լեզու մը նկատուելէ, ունակ բացուելու աշխարհին, ինչպէս նաեւ նոր ու այլալեզու յղացքներու։ Այս հիմնական խնդիրը ի մտի ունենալով, կը փափաքինք, կենսական բարեփոխումներու ճամբով, մղիչ ուժ մը ըլլալ ի խնդիր Լիբանանի հայկական կառոյցներու կրթական համակարգին մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման զարգացումին եւ արդիականացումին։ Մեր հիմնական նպատակն է ուրեմն կրթական բնագաւառի ճամբով սատարել արեւմտահայերէնի «նորարար» գործածութեան եւ անոր միջոցով ստեղծագործելուն, հեռանկար ունենալով նաեւ մանկավարժական մեթոտներու աստիճանական բարեփոխումը. այս վերջինիս միջոցաւ է որ կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել լեզուի հիմնական խնդիրները, որոնցմէ առաջինն է, ուրեմն, պատրաստութիւնը արեւմտահայախօս նոր սերունդի մը, որ կ՚իւրացնէ լեզուն եւ կը ստեղծագործէ իր մայրենի լեզուով։
Վերոնշեալ ռազմավարութիւնը պիտի կիրարկուի ԳԿՀ-ի նպաստ յատկացնելու սկզբունքներուն համաձայն, այսինքն՝ նպաստները ուղղակիօրէն կապելով յստակ ծրագիրներու եւ արդիւնքներու։ Աշխատանքային այս ձեւաչափը որդեգրուած է հիմնուելով երկու նկատառումներու վրայ՝ առկայ իրականութիւններն ու պահանջքները, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան ուղղութեամբ շօշափելի արդիւնք տեսնելու մեր հաստատակամութիւնը։ Պիտի կեդրոնանանք դպրոցներուն սատարելու, ուսուցիչներ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու, լեզուական ծրագիրներ մշակելու ու անոնց մշակման օժանդակելու, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու ստեղծագործական միտքն ու աշխատանքը քաջալերելու վրայ։
Հետեւաբար, ԳԿՀ-ն՝
Պիտի համագործակցի Լիբանանի հայկական դպրոցներուն հետ եւ շարք մը ծրագիրներու միջոցով օժանդակէ անոնց։
Կրթաթոշակներ պիտի յատկացնէ կրթութեան ոլորտին մէջ մասնագիտանալ փափաքող հայ ուսանողներուն։
Պիտի քաջալերէ եւ սատարէ արեւմտահայերէնով ստեղծագործել փափաքող երիտասարդներուն։
Պիտի օժանդակէ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան վերաբերող առկայ որոշ նախաձեռնութիւններու։
Ասոնց առընթեր, կը գիտակցինք նաեւ որ «ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու կրթութեան, պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան համակարգը» (այսուհետ՝ Յատուկ կրթութիւն) եւս արժանի է մեծ ուշադրութեան եւ զարգացումի։
Յատուկ կրթութիւնը, ըլլալով դասական կրթութեան անբաժան մէկ մասնիկը՝ նոյն հիմնարար սկզբունքներուն կը հետեւի. անոր նպատակն է օգնել, որպէսզի երեխան զարգանայ որպէս ճարտար եւ նպատակասլաց անձ եւ դառնայ ընկերութեան գործունեայ անդամ։
Հետեւաբար, Լիբանանի մէջ մեր ծրագիրը կը բաղկանայ հինգ հիմնասիւներէ, որոնք են՝ դպրոցներու հետ որոշ նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու շուրջ համագործակցութիւն, մանկավարժութեան ոլորտին մէջ մասնագիտանալու համար կրթաթոշակներու յատկացում, արեւմտահայերէնով ստեղծագործող երիտասարդներու օժանդակութիւն, լեզուի կենսունակութեան վերաբերող առկայ որոշ նախաձեռնութիւններու օժանդակութիւն, եւ յատուկ կրթութեան զարգացումին սատարում։
1| ԱՌԱՋԻՆ ՀԻՄՆԱՍԻՒՆ - ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐ
Կ՚ուզենք գործակցիլ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն հետ՝
Ա. Կազմակերպելով ուսուցիչներու վերապատրաստումը, ծրագիր մը, որ կը միտի նոր եւ ժամանակակից մեթոտներով ապահովելու լեզուի փոխանցումը
Բ. Բարեփոխելու հայերէնի ուսուցման համակարգը՝ ԳԿՀ Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրին գործադրութեամբ
Մեր աշխատանքը պիտի զարգանայ երկու մակարդակներու վրայ՝
1.Ա Առաջին հերթին մեր կեդրոնացումը պիտի ըլլայ հայերէնով այլազան նիւթեր (լեզու, մշակոյթ, հայոց պատմութիւն, թուաբանութիւն, գիտութիւն, ընկերային ուսումներ, կրօն, մարմնամարզութիւն, արուեստ եւ այլն) դասաւանդող բոլոր կարգերու (մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական) ուսուցիչներուն վրայ. հոս կան երկու փոխկապակցուած ենթաբաժանումներ.
ա) Ուսուցիչները մեծապէս պատասխանատու են նոր սերունդներու պատրաստութեան, եւ անոնց վերապահուած պէտք է ըլլայ հասարակութեան մէջ ամենէն կարեւոր եւ ազդեցիկ դերերէն մէկը։ Հետեւաբար, նպատակադրած ենք ուսուցիչներու համար շարունակական վերապատրաստումի ծրագիրներ հայթայթել, որպէսզի անոնք կարենան քայլ պահել արդի կրթական համակարգին հետ, շարունակ զարգանան եւ լեզուն արդիւնաւէտ միջոցներով փոխանցելու նոր հմտութիւններ ձեռք բերեն. հետեւաբար, ուսուցիչներուն պիտի յատկացնենք նպաստներ, որպէսզի անոնք Լիբանանի կամ սփիւռքի մէջ վերապատրաստումի յատուկ ծրագիրներու կարենան հետեւիլ։
բ) Այսուհանդերձ, այսօր դժուար է գտնել վերապատրաստութեան ծրագիր մը, որ մէկ կողմէ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչին այժմէական պահանջքները գոհացնէ, եւ միւս կողմէ համապատասխանէ այսօրուան մեր իրականութեան. ուրեմն, ԳԿՀ-ն պիտի հովանաւորէ ուսուցիչ վերապատրաստելու յատուկ ծրագիրներու ստեղծումը՝ տեղական համալսարանի(ններու) հետ համագործակցութեամբ։
Ուսուցիչներու վերապատրաստումի ծրագիրներ հովանաւորելով եւ յատուկ ձեւաւորուած դասընթացքի մը ստեղծումով, պիտի կարենանք լեզուն դասաւանդելու նորարար համակարգ մը ստեղծել, որ անընդհատ պարտի բարեփոխուիլ եւ այժմէականացուիլ։ Կը հաւատանք, որ ուսուցիչներ վերապատրաստելու այս ծրագիրները, հայերէնի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի դասաւանդումը հետաքրքրական պիտի դարձնեն երիտասարդ սերունդներուն համար. այսպիսով, մեր մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ ուսուցիչները վերապատրաստել, անոնց սատարել եւ զանոնք զօրաշարժի ենթարկել։
Գործնական քայլեր՝
- ԳԿՀ-ն այս վերապատրաստման ծրագիրին հետեւելու համար կրթաթոշակներ պիտի յատկացնէ Լիբանանի որեւէ հայկական վարժարանի մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու, որոնք փափաքին զարգացնել իրենց մանկավարժական հմտութիւնները եւ ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը այս նպաստը ստանալու համար։
- ԳԿՀ-ն պիտի համագործակցի տեղական համալսարանի(ններու) հետ, հովանաւորելով մանկավարժական դասընթացքի մը կամ ծրագիրի մը ստեղծումը, թիրախ ունենալով հայկական դպրոցներու գործող ուսուցիչները։ Այս դասընթացքը կամ ծրագիրը կրնայ երկու ուղղութեամբ զարգանալ՝ մէկ կողմէն կեդրոնանալով լեզու դասաւանդելու մանկավարժական մօտեցումներու վրայ, իսկ միւս կողմէն՝ հայերէնով այլ նիւթերու դասաւանդումի նոր ձեւաչափերու վրայ. այս վերջինիս հիմնական նպատակներէն է արեւմտահայերէնի նորարար դասաւանդումի միջոցներուն կայացումը։
- ԳԿՀ-ն կը ծրագրէ առաւելագոյնս տասնհինգ կրթաթոշակ յատկացնել արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու, որոնք փափաքին հետեւիլ վերապատրաստումի դասընթացքին։
1.Բ Երկրորդ հերթին, ԳԿՀ-ն ուղղակի պիտի աշխատի հայկական դպրոցներուն հետ ԳԿՀ Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրի կիրարկութեան նպատակով։ Այս ծրագիրը կը միտի նպաստելու դպրոցի բարելաւումին եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի ուսուցումին եւ զարգացումին. այս նպաստին շնորհիւ, դպրոցները առիթը պիտի ունենան մշակելու կրթական նորարարական ծրագիրներու փաթեթ մը։
ԳԿՀ-ն կը հաւատայ, որ բարենորոգումի եւ կենսական փոփոխութիւններ բերելու նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ նոյնինքն դպրոցէն. այսինքն անիկա հիմնուի դպրոցին պահանջքներուն եւ զարգացումի հեռանկարներուն վրայ։ Դպրոցի վարչութիւնը եւ անձնակազմը, ուսուցիչները ներառեալ, աւելի լաւ կրնան ախտորոշել իրենց պահանջքները, եւ սերտօրէն համագործակցելով կրնան մշակել ծրագիր մը, որ միտի այդ յատուկ պահանջքները հոգալու եւ հետեւաբար իսկական բարեփոխումներ իրականացնելու։
ԳԿՀ-ն կը գիտակցի, որ վերանորոգումի եւ բարեկարգումի ջանքեր յաճախ չեն յաջողիր, տրուած ըլլալով, որ դպրոցները կը դժուարանան ռազմավարական ուղեգիծ մը կազմելու եւ առաւել եւս զայն կիրարկելու մէջ, նիւթական միջոցներու չգոյութեան պատճառով։ Հետեւաբար, ԳԿՀ-ն նիւթական միջոցներ պիտի հայթայթէ այն դպրոցներուն, որոնք յստակ ծրագիրներու ճամբով ձգտին իրենց մանկավարժական համակարգի բարեփոխումին, հասնելու շօշափելի վերանորոգումի։
ԳԿՀ Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրը կը միտի դպրոցներու կարելիութիւնը ընձեռելու, որ մշակեն հիմնական ծրագիր մը, որ վերաբերի ամբողջ դպրոցին, այսինքն անոր ներքին կազմակերպական կամ կրթական հարցերուն։ Այս նպաստին շնորհիւ դպրոցները պիտի կարենան դասաւանդումի նորարար միջոցներ կիրարկել, կամ փորձարկել նոր կրթական մտածողութեան մը վրայ հիմնուած մօտեցումներ։ Նախաձեռնութիւնները կրնան ունենալ հետեւեալ ձեւաչափերը՝ նոր կրթական ծրագիրներու մշակում, կրթական նոր սարքաւորումներու ձեռքբերում, կրթութեան մէջ արհեստագիտութեան ներառում (լեզուի հետ կապուած «ծրագիրներ»/applications), դասարանային գրադարաններու ստեղծում, արտադպրոցային աշխատանքներ կամ աշակերտներու կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրներ, եւ առաւելաբար ուսուցումի նորարարական մեթոդաբանութեան մշակում, որուն լաւ օրինակներէն է՝ յատուկ ուսուցողական ծրագիրներու (project-based learning) ընդգրկումը դպրոցի ընդհանուր կրթական ծրագիրին մէջ։
Կու տանք օրինակ մը, որ ձեւով մը կը մարմնաւորէ ԳԿՀ-ի առաջնահերթութիւնները լեզուի կենսունակութեան ծիրին մէջ։ Յատուկ ուսուցողական ծրագիրները կ՚օգնեն, որ լեզուն քայլ պահէ ներկային հետ եւ արծարծէ ժամանակակից նիւթեր, հետեւաբար ապրի եւ զարգանայ։ Այս ծրագիրին ճամբով, աշակերտները պիտի կարենան թօթափել այն մտայնութիւնը, ըստ որուն իրենց միայն վերապահուած է ժառանգուած լեզու մը պահպանելու պարտականութիւնը, եւ պիտի կարենան արեւմտահայերէնը դարձնել ներկան մտածելու եւ ապրելու լեզու մը։ Անոնք զուգահեռաբար պիտի տիրապետեն այլազան նիւթերու եւ միաժամանակ զարգացնեն իրենց քննական մտածողութիւնը, ստեղծագործ միտքը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան հմտութիւնները։ Եթէ դպրոց մը ուզէ ներառել նման ծրագիր մը իր կրթական համակարգին մէջ, կրնայ դիմել ԳԿՀ Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրին։
Այս ծիրին մէջ պիտի համագործակցինք Լիբանանահայ համակարգողի մը հետ, որ պիտի ղեկավարէ ԳԿՀ Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրը, եւ սերտօրէն պիտի աշխատի դպրոցներու վարչութիւններուն, անձնակազմերուն, ուսուցիչներուն, նաեւ աշակերտներուն հետ՝ եթէ հարկ ըլլայ, որպէսզի մշակուին եւ կիրակուին տուեալ նպաստառու դպրոցական ծրագիրները։ Ծրագիրներու պատրաստութեան եւ կիրարկութեան բոլոր հանգրուանները տեղի պիտի ունենան դպրոցներու եւ ԳԿՀ-ի սերտ համագործակցութեամբ։
Գործնական քայլեր՝
- ԳԿՀ-ն Լիբանանի մէջ համակարգող մը պիտի նշանակէ, որ պիտի հետեւի ԳԿՀ Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրի աշխատանքներուն. ան պիտի աշխատի դպրոցներու վարչութիւններու եւ անձնակազմերու հետ։
- ԳԿՀ-ն այս ծրագիրներու մշակումին եւ կիրարկումին համար աջակցութիւն եւ նպաստ պիտի յատկացնէ։ ԳԿՀ-ի Լիբանանի համակարգողը, ի հարկին պատրաստ պիտի ըլլայ թելադրութիւններ կատարելու դպրոցներուն, որպէսզի անոնք ԳԿՀ-ի առաջնահերթութիւններուն համապատասխանող ծրագիրներ կարենան կազմել։
- ԳԿՀ Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրին միջոցով ԳԿՀ-ն նպատակադրած է մինչեւ երեք մեծ նպաստ յատկացնել Լիբանանի ա՛յն հայկական դպրոցներուն, որոնք պատրաստ են մշակելու իրենց ծրագիրը, եւ որոնց դիմումնագիրը ընդունուի։
2| ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԻՄՆԱՍԻՒՆ - ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ԱՊԱԳԱՅԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Այսօրուան ուսուցիչներուն վերապատրաստութեան եւ նորարարական ծրագիրներու մշակումին առընթեր, կը հաւատանք որ անհրաժեշտ է խորհրդածել արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայերէնով դասաւանդող ապագայի ուսուցիչները պատրաստելու շուրջ։ Ուսուցիչներ պատրաստելու անյետաձգելի եւ անժխտելի անհրաժեշտութիւնը կայ, որովհետեւ ակնյայտ է, որ նոյնիսկ այսօր, Լիբանանի եւ առաւել եւս սփիւռքի մէջ, արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայերէնով աշխատող ուսուցիչներու մեծ պակաս մը գոյութիւն ունի։
Ներկայիս երբ ընդհանրապէս կը խօսինք կրթական նորարարութեան մասին՝ զայն անմիջապէս կը զետեղենք արհեստագիտական միջոցներու կիրարկութեան պարունակին մէջ։ Բայց զուտ արհեստագիտական նորարար մեթոտները չեն կրնար փոխարինել լաւ մանկավարժներն ու առողջ մանկավարժութիւնը. կրթութեան ոլորտին մէջ նոր արհեստագիտական միջոցներու կողքին, անհրաժեշտ է նորարարական մօտեցումներ կիրարկել նաեւ մանկավարժական ոլորտի այլ բաժանմունքներու մէջ (ինչպէս, օրինակ, երեխայի հոգեբանութիւնը, դասաւանդելու նոր տեսութիւններն ու մեթոտները եւ այլն)։ Հետեւաբար, պահանջքն ունինք նոր մանկավարժներու, որոնք գիտակից ըլլան, որ առկայ կառոյցներու որդեգրած դասաւանդումի ձեւերը հետզհետէ ժամանակավրէպ կը դառնան, եւ որոնք պատրաստ ըլլան կրթական նորարարական գաղափարներ ու միջոցներ փորձարկելու եւ որդեգրելու։ Ուրեմն, ԳԿՀ-ն պիտի հիմնէ Կրթաթոշակներու ծրագիր մը, որուն շնորհիւ ուսանողներու առիթը պիտի ընծայուի կրթութեան ոլորտին մէջ մասնագիտանալու։
Առիթէն օգտուելով, այս նպաստի ծրագիրի շրջանակին մէջ, կը յուսանք նաեւ հաստատել եւ զարգացնել գիտական եւ քննական արհեստավարժ ուսումնասիրութիւններ ընելու, ինչպէս նաեւ զանազան ռազմավարութիւններ մշակելու սովորութիւն մը՝ որ վերաբերի ընդհանրապէս հայկական դպրոցներուն, եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի ուսուցման։ Ասիկա կը միտի երկար ժամանակի վրայ ուսուցողական լաւագոյն ձեւերը ընտրելու եւ զանոնք կիրարկելու։ Կը յուսանք այս մշակոյթը որոշ չափով գոյացնել՝ մանկավարժութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացող աշակերտները քաջալերելով, որ իրենց գիտութիւնն ու ձեռք բերած կարողութիւնները ի սպաս դնեն հայկական կրթական համակարգին, եւ իրենց մասնագիտական աշխատութիւնները, ծրագիրները, եւ աւարտաճառերը իրականացնեն նիւթ ունենալով Լիբանանի հայկական դպրոցներն ու արեւմտահայերէնով ուսուցումը։
Կ՚ուզենք այս ամէնը կարելի դարձնել կրթաթոշակներ տալով այն երիտասարդներուն, որոնք ուզեն մասնագիտանալ կրթութեան ոլորտին մէջ։ Հոս նաեւ անհրաժեշտ է վերջապէս հայ ուսուցիչն ու հայերէնով դասապահերը արժեզրկող նախապաշարումները քանդել, ուրեմն պիտի համագործակցինք դպրոցներու հետ եւ օգնենք, որ երիտասարդները ժամանակի ընթացքին գիտակցին, թէ հայերէնի ուսուցիչ ըլլալը վարձատրուող եւ արժէքաւոր ասպարէզ մըն է։ ԳԿՀ-ն կ՚ուզէ արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներուն շարունակական օժանդակութիւն ցուցաբերել, որպէսզի իրենց գործն ու նուիրումը արժեւորուին երկար ժամանակի վրայ։
Գործնական քայլեր՝
- ԳԿՀ-ն կրթաթոշակներ պիտի յատկացնէ լիբանանեան համալսարաններու մէջ մանկավարժութիւն ուսանիլ փափաքող աշակերտներու (BA-ի եւ MA-ի համար)։
- ԳԿՀ-ն կը ձգտի համալսարանաւարտներուն նիւթապէս աջակցիլ, որպէսզի անոնք հայկական դպրոցներու մէջ դասաւանդեն։
- ԳԿՀ-ն պիտի համագործակցի տեղական համալսարաններու հետ, որոնք կրթութեան ոլորտի լաւագոյն ծրագիրները ունին. ծրագիրներ՝ որոնք նաեւ համապատասխանեն ԳԿՀ-ի տեսլականին ու դասընթացքներու մօտեցումներու եւ պարունակութեան չափանիշներուն։
- ԳԿՀ-ն պիտի հովանաւորէ հայերէնի/հայկական մշակոյթի դասընթացքի մը ստեղծումը, (որ կրնայ ըլլալ առցանց, տարեկան սեմինարներու եւ այլ ձեւաչափերով), որ զուգահեռաբար դասաւանդուի մանկավարժութիւն ուսանողներուն։ Այս դասընթացքը որ պիտի մշակուի տեղական եւ միջազգային մասնագէտներու համագործակցութեամբ, կը միտի զարգացնելու ուսանողներուն լեզուական, մշակութային, վերլուծական եւ քննական մտածողութիւնը՝ արեւմտահայերէնով։
- ԳԿՀ-ն նաեւ կը ծրագրէ կրթաթոշակ ստացողներուն առիթը ընձեռել կարճաժամկէտ միջազգային կրթական ծրագիրներու մասնակցելու։
- ԳԿՀ-ն կը ծրագրէ տարեկան մինչեւ երեք ամբողջական կրթաթոշակ յատկացնել կրթութեան ոլորտին մէջ մասնագիտանալ փափաքող աշակերտներու։
3| ԵՐՐՈՐԴ ՀԻՄՆԱՍԻՒՆ - ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ
Այս բաժնին մէջ կ՚առաջադրուի զարկ տալ արեւմտահայ ժամանակակից մշակոյթի ստեղծումի նախադրեալներուն եւ զարգացումին. ԳԿՀ-ն պիտի քաջալերէ 18-էն 35 տարեկան երիտասարդները եւ սատարէ, որ անոնք արեւմտահայերէնով ժամանակակից մշակութային փորձառութիւն մը գոյացնեն (մշակոյթ եզրով կը հասկնանք արուեստի բոլոր բնագաւառները եւ մտքի նուաճումներու այլ դրսեւորումները)։
ԳԿՀ-ն պիտի քաջալերէ ծրագիրներ, որոնք հիմնուած են ստեղծագործ մտածողութիւններու, փորձառութիւններու եւ զգացումներու վրայ, իսկ ձեւաչափը կրնայ ըլլալ՝ ժամանակակից հաղորդակցութիւնը, երաժշտութիւնը, գրականութիւնը, կատարողական եւ տեսողական արուեստները եւ միջոլորտային այն բոլոր նոր միջոցները, որոնք գոյութիւն ունին արդի հաղորդակցութեան ձեւերու շնորհիւ։ Ուրեմն, ԳԿՀ-ն պիտի հիմնէ Նորարար մշակոյթի ծրագիրը, որուն շնորհիւ երիտասարդներ առիթը պիտի ունենան արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու։
Գործնական քայլեր՝
- ԳԿՀ Նորարար մշակոյթի ծրագիրին միջոցով, ԳԿՀ-ն նպաստ պիտի տրամադրէ արեւմտահայերէնով յղացուած եւ կիրարկուած կամ ընդհանրապէս արեւմտահայերէնը որպէս միջոց գործածող մշակութային ծրագիրներու։ Ծրագիրներու ընտրութիւնը պիտի կատարուի ըստ նախատեսուած չափանիշներու։
- Ծրագիրները պիտի ընտրուին բաց եւ մրցութային կարգով ներկայացուած դիմումներէն։ Իւրաքանչիւր հայկական դպրոց պիտի տեղեկանայ այս ծրագիրին մասին։
- Նպաստ ստացած ծրագիրները պիտի մշակուին եւ իրականացուին ԳԿՀ-ի տեղական համակարգողին օգնութեամբ. յատուկ ուշադրութիւն կ՚ուզենք դարձնել ծրագիրներու որակին։
- ԳԿՀ-ն նպատակադրած է տարեկան հինգ ծրագիր հովանաւորել. բայց ծրագիրներու քանակը կախեալ է նաեւ դիմումներու թիւէն ու որակէն։
4| ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԻՄՆԱՍԻՒՆ – ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԱՌԿԱՅ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին կառոյցներ կամ կան նախաձեռնութիւններ, որոնք արդէն իսկ կը գործեն արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ կենսունակութեան ուղղութեամբ։ Ասոնց շարքին են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Հայկազեան համալսարանը. ԳԿՀ-ն պիտի ձգտի համագործակցիլ այս եւ նման կառոյցներու հետ, արեւմտահայերէնին վերաբերող որոշ ծրագիրներու օժանդակելու նպատակով։
Գործնական քայլեր՝
- ԳԿՀ-ն կը միտի սատարելու տարբեր կառոյցներու նախաձեռնած արեւմտահայերէնին վերաբերող ծրագիրներու։
- ԳԿՀ-ն պատրաստ է յատուկ կարգով ուսումնասիրելու եւ նպաստ յատկացնելու Լիբանանէն եկող այն դիմումներուն, որոնք կ՚առընչուին արեւմտահայերէնին եւ անոր կենսունակութեան։
5| ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԻՄՆԱՍԻՒՆ - ՅԱՏՈՒԿ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ
ԳԿՀ-ն պիտի շարունակէ սատարել յատուկ կրթութեան թէ՛ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն մէջ եւ թէ անոնցմէ դուրս, տրուած ըլլալով որ յատուկ կրթութիւնը ընդհանուր մանկավարժութեան անբաժան մասնիկն է։
Հետեւաբար, ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան համակարգի մը անհրաժեշտութիւնը լիբանանահայ դպրոցէն ներս (ներառական կրթութիւն), ինչպէս նաեւ այլ կառոյցներու մէջ (արտադպրոցական յատուկ կրթութիւն), մեզ կը մղէ դրամական օժանդակութիւն յատկացնելու, որպէսզի այս գործունէութիւնը ծաւալող առկայ կառոյցները զօրանան եւ զարգանան։
Առանձնայատկութիւններ ունեցող աշակերտներու հետ աշխատանքը կ՚ենթադրէ պատրաստութեան յատուկ մակարդակ մը, որուն շնորհիւ կարելի է ամէն մէկ իւրայատկութեան ճիշդ ախտորոշումը կատարել եւ համապատասխան կրթական ծրագիրներ ստեղծել։ Հետեւաբար, կ՚ուզենք այստեղ ալ մեր մասնակցութիւնը բերել, որպէսզի յատուկ կրթութեան ոլորտը բաւարարող մասնագէտներ ունենանք։
Գործնական քայլեր՝
- ԳԿՀ-ն պիտի շարունակէ նպաստ յատկացնել յատուկ կրթութեան ոլորտին մէջ կարգ մը ծրագիրներու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ յաւելեալ նպաստ պիտի յատկացնէ մասնագիտացած կեդրոններուն եւ դպրոցներուն մէջ յատուկ կրթութեան ներառումին։
- ԳԿՀ-ն պիտի շարունակէ կրթաթոշակներ տրամադրել յատուկ կրթութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացող ուսանողներուն։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան համար Լիբանանը արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ հայկական ինքնութեան ամենակարեւոր կեդրոններէն է։ Բայց յստակ է, որ այսօր Լիբանանի հայկական դպրոցները եւ ընդհանուր առմամբ Լիբանանի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդումը մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին։ Ինչպէս որ 20-ականներուն մեծ ջանքեր թափուեցան հայախօս հասարակութիւն մը կերտելու, անհրաժեշտ է, որ այժմ մշակուի ռազմավարութիւն մը եւ ի գործ դրուի ծրագիր մը, որ իր էութեամբ ստանձնէ նոր մարտահրաւէրներ եւ չըլլայ լոկ յարմարողական։ Անհրաժեշտ է տեսլական մը ունենալ՝ միեւնոյն ժամանակ ըլլալ իրատես. յառաջադէմ ըլլալ՝ միեւնոյն ժամանակ լաւ հասկնալ տեղւոյն իրականութիւններն ու կառոյցները։ Հետեւաբար մեր առաքելութիւնը չի կրնար միայն նիւթական յատկացումներով սահմանափակուիլ, այլ կը կայանայ նաեւ հասարակաց նպատակի մը իրագործումին մէջ՝ որն է լեզուն ապրեցնել եւ ծաղկեցնել։ Այս վերջինս ապահովելու համար երիտասարդները պէտք է ոգեւորուին հայերէնով եւ պէտք է կարենան աշխարհը յայտնաբերել եւ անոր կապուիլ՝ արեւմտահայերէնով։ Ուսուցիչները եւ դպրոցները պէտք է ըլլան այս ոգեւորութեան խթանիչ ուժը, իսկ համայնքի ղեկավարներն ու մտաւորականները պէտք է գիտակցին, որ արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը կարելի չէ ապահովել լեզուի սոսկ քերականական կատարեալ իմացութեամբ. պէտք է նոր սերունդին ընձեռել հայերէնով ստեղծագործելու միջոցներն ու կարելիութիւնները։ Այստեղ է որ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կրնայ իր ներդրումը ունենալ՝ նպաստներ յատկացնելով ազդեցիկ ծրագիրներու, որոնք ժամանակի ընթացքին վերոնշեալ նպատակը կարենան իրագործել։