ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն երիտասարդ քաղաքագէտ ու հրապարակագիր Էլէոնորա Սարգսեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Շատ հաճելի զրոյց մը ունեցանք Էլէոնորա Սարգսեանի հետ, որ ներկայիս կ՚աշխատակցի www.armat.im կայքէջին։ Այս վերջինը բազմալեզու կայքէջ մըն է՝ անգլերէն, հայերէն, ռուսերէն եւ թրքերէն։ Պատմութեան զանազան հանգամանքներով իրարու անհաղորդ մնացած ժողովուրդներու ու նոյնիսկ հայութեան զանազան հատուածներուն միջեւ ծանօթութիւն ապահովելու հետամուտ կայքէջ մըն է այս մէկը, որու բովանդակութիւնը կ՚արժանանայ հետաքրքրութեան։

Էլէոնորա Սարգսեան թէեւ բաւական երիտասարդ է, սակայն իր ոդիսականը իսկապէս հետաքրքրական է։ Ան անկախութեան առաջին շրջանին Հայաստանէն արտագաղթելով Ռուսաստան հաստատուած ընտանիքի մը դուստրն է։ Մինչեւ լիսէ ուսումը ստացած է Մոսկուայի մէջ։ Յամենայնդէպս իր մէջ հասունցած է Հայաստան վերադառնալու ձգտումը եւ ընտանիքն ալ լքելով վերադարձած է Հայաստան։ Երեւանի Սլավոնական համալսարանին մէջ Էլէոնորա Սարգսեան ուսանած է միջազգային յարաբերութիւններ իր աւարտական թեզը վերաբերած՝ ամերիկահայ լոպիին։ Համալսարանը աւարտելէ վերջ ան ներգրաւուած է սոյն կայքէջի աշխատանքներուն ու մինչեւ հիմա աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ յատկապէս ռուսալեզու բաժնին մէջ։

Երէկուան մեր զրոյցին ժամանակ Էլէոնորա Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան վերադառնալէ վերջ զգալիօրէն զարգացուցած է իր հայերէնը, նոյնիսկ որոշ չափով կը կարդայ արեւմտահայերէն։

Իր ներկայ այցելութիւնը ընդգրկած է Թուրքիոյ զանազան քաղաքները։ Նկատի ունենալով, որ ան կը հետեւի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կայքէջին՝ Իսթանպուլի մէջ կեցութեան օրերուն փափաքած էր այցելել խմբագրատունս։ Ան հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ, որ իրեն բացատրութիւններ տուաւ թերթիս պատմութեան ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ թրքահայ կեանքին շուրջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2019