ՆԱՐԻՆԷ ՓՈԼԱՏԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻԱԿ ԱՂՋԻԿ ԽԱՉՔԱՐԱԳՈՐԾԸ
Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Նարինէ Փոլատեան ծնած է Լիբանան եւ շուրջ մէկուկէս տարի առաջ տեղափոխուած է Հայաստան:
Նարինէ խաչքարագործ դառնալու նպատակ չունէր, ամէն ինչ պատահականութիւն էր: Անգամ մը ան Արամի փողոցի վրայ կը տեսնէ Համբարձումեաններու խաչքարի արուեստանոցը եւ կ՚որոշէ խաչքարագործ դառնալ:
Շուրջ մէկ տարի Նարինէ խաչքարագործութիւն կը սորվի, իսկ հիմա արդէն ինքնուրոյն կ՚աշխատի եւ կը ստեղծագործէ:
Անցորդներուն զարմանքն ու հակազդեցութիւնները կ՚ուրախացնեն զինք: Կը սիրէ ձեռքի աշխատանքը, որ իր իսկ խօսքերով, աշխատանք չէ, այլ՝ ուրախութիւն:
Նարինէն երկուշաբթիէն ուրբաթ Արամի փողոցի արուեստանոցն է, ժամը 9.00-էն երեկոյեան 6.00-ը: Ճիշդ է, որ ծանր աշխատանք է, բայց ան երբեք չէ զղջացած առած քայլին համար եւ շատ ուրախ է: «Երաժշտութիւն կը դնեմ, եւ ես ու քարը խօսելու կը սկսինք», կ՚ըսէ ան:
Արուեստանոցի տղաքը հաճոյքով կ՚աշխատին Նարինէին հետ. «Ան չի վախնար սորվելէ եւ հարցնելէ. հակառակ որ ծանր աշխատանք է, ան երբեք չի դժգոհիր», կը վկայեն տղաքը:
Նարինէն յաճախ կը պատմէ, որ ընտանիքը եւ յատկապէս մայրը դէմ եղած են իր որոշումին՝ «խաչքարագործութիւնը աղջկայ գործ չէ» պատճառաբանելով, բայց արդէն քիչ-քիչ ընտելացած են գաղափարին:
Նարինէն կը յուսայ, որ օրին մէկը ծնողներն ալ կը համոզուին եւ Հայաստան կը տեղափոխուին. «Եթէ քարին հետ լեզու գտայ, այս հարցին ալ լուծում կը գտնեմ», կ՚ըսէ մեղմ, ժպտադէմ եւ ինքնավստահ երիտասարդուհին:
Նկարին վրայ կը տեսնենք խաչքարը, որուն վրայ աշխատած է Նարինէն: Այս խաչքարը կրկնօրինակն է Հին Ջուղայի խաչքարներէն մէկուն (1031թ.), որ ոչնչացուած է Ատրպէյճանի կողմէ, 1990-2006 թուականներուն:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ