… ԵՒ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՕՐԸ ՀԱՍԱՒ
Ապրիլի 24-ին ընդառաջ համայն աշխարհի հայութիւնը այսօր կ՚ապրի յատկանշական օր մը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը կատարէ պատմական կարգադրութիւն մը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Եկած-հասած է Սրբադասման օրը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ այսօր տեղի կ՚ունենայ 1915-ի նահատակներու Սրբադասման կարգը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ կը կատարուի Սրբադասումը, որ 2015 թուականին զուգադիպած 100-րդ տարելիցին գլխաւոր, առանցքային հանգրուանը կը հանդիսանայ։ Քրիստոնէական եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւս կը մասնակցին այս արարողութեան, ինչ որ արդէն կ՚ապացուցանէ անոր համաքրիստոնէական նշանակութիւնը։
Սրբադասման արարողութեան ընդառաջ, երէկ երեկոյեան, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հսկումի խորհրդաւոր արարողութիւն մը։ Միջեկեղեցական այս Հսկումին ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետը ըսաւ. «Նահատակութեան ոգին քրիստոնէական մեր կեանքը սնուցող աղբիւրն է, որ առատօրէն ոռոգած է քրիստոսասէր ժողովուրդներու հաւատքի անդաստանները։ Պատմութեան ընթացքին մարտիրոսներուն հեղած արիւնը կենսունակութիւն պարգեւած է եկեղեցիին»։ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ արդարութեան եւ ազգերու միջեւ եղբայրութեան ճանապարհները, որպէսզի որեւէ ժողովուրդ այլեւս չապրի ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը։ «Աղօթք եւ օրհնութիւն ցեղասպանութեան անմեղ բոլոր զոհերու յիշատակին», ըսաւ ան։
Երէկուան Հսկումէն վերջ, այս առաւօտ ալ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ։ Բաց աստի, երէկ ապրուեցաւ նաեւ խորհրդանշական ուրիշ իրադարձութիւն մը։ Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնի խարսխուած զբօսայգիին յարակից կատարուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հողօրհնէքը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի պետական աւագանին։ Այս եկեղեցւոյ բարերարն է ռուսահայ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեան։
Նոյնպէս երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Եկեղեցիները ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան. մարդկային կեանքը՝ Աստուծոյ պարգեւ» խորագրեալ միջեկեղեցական նիստ մը։ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» կլոպալ համաժողովին շրջագծով տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան Սրբադասման եւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն համար Հայաստան ժամանած քրիստոնէական 35 եկեղեցիներէ հովուապետներ կամ պատուիրակութիւններ, միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած նիստին աւարտին ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ հաստատուեցաւ, որ կրօնական, ազգային կամ ցեղային խտրականութեան հիման վրայ իրագործուած բռնութիւններն ու սպանութիւնները չունին արդարացում եւ անոնց վրայ չեն տարածուիր վաղեմութեան ժամկէտները։ Դատապարտուեցան խաղաղութեան եւ մարդկային կեանքի անվտանգութեան սպառնացող ցեղասպանութիւնները եւ բոլոր յանցագործութիւնները՝ որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած չարիքի եւ մեղքի դրսեւորում։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի ոգեկոչումներուն նկատմամբ անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցները։ Թրքական լրասփիւռներուն ներկայացուցիչներն ալ այս շրջագծով կը գտնուին Երեւանի մէջ։ «CNN Türk» հեռուստակայանի թղթակից Տամլա Տողան Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը ըրած է Սերժ Սարգսեանի հետ։ Այս առթիւ ան յայտնածլ է, թէ թուրքերը եւ հայերը կը գտնուին նոյն տարածքաշրջանին մէջ, իրենց կամքով չէ որ հարեւան եղած են։ Սարգսեան յայտնած է, որ եթէ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները հաստատուէին Թուրքիոյ կողմէ, ապա ամէն ինչ շատ աւելի տարբեր պիտի ըլլար։ Հայաստան արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելով քաղաքական պատգամ մը փոխանցած է Թուրքիոյ։ «Մենք մեր ստորագրութիւնը ետ չենք քաշած, եթէ Թուրքիան վաւերացնէ, ապա մենք ալ կը վաւերացնենք», նշած է Սարգսեան։
Ահմէտ Տավուտօղլուի նախընթաց օրուան պատգամին անդրադառնալով՝ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ սա միջազգային հանրութեան ուղղեալ յայտարարութիւն մըն էր։ «Յուսամ Նախագահ Էրտողան Ապրիլի 24-ին աւելի զօրաւոր յայտարարութիւն մը կ՚ընէ եւ մեր յարաբերութիւնները կը դառնան բնականոն», ըսած է Սարգսեան։