ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Յիշարժան շնորհանդէս մըն էր, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ: Եղածը գրական երեկոյ մըն էր, այլապէս շնորհանդէս մը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական, գրող եւ հասարակական գործիչ՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր հրատարակած «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» հատորը:
Լոս Անճելըս գաւառի տարբեր շրջաններէն ժամանած ընտրանի հասարակութեան մը առջեւ բացման խօսքով եւ աղօթքով ներկաները ողջունեց եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ՝ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան:
Իր հերթին, Կիլիկիա եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ՝ Արա Ասիլեան, իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց յոբելեարին արժանիքները եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայ գիրին ու հասարակութեան բերած իր օգտաշատ ծառայութեան մասին:
Օրուան առաջին խօսք առնողն էր Սարգիս Մահսէրէճեան: Ան Հրայր Ճէպէճեանի սոյն աշխատասիրութեան մասին շատ ամփոփ կերպով արտայայտուելով, զայն նմանցուց համանուագի մը: Յատկանշական նկատեց հեղինակի մօտ առկայ եղող հասարակաց գիծ մը, որ բնորոշիչ յատկութիւն մըն է, ուր դրսեւորուած կը տեսնենք եւ իրարու ագուցուած հայ քրիստոնեայի կերպարը:
Երկրորդ ելոյթ ունեցողն էր Յովսէփ Նալպանտեան: Ան նախ ներկայացուց միւս երկու զեկուցաբերներու ամփոփ կենսագրականները, նաեւ ինքզինք՝ որպէս 22 գիրքերու հեղինակ: Իսկ «Սփիւռահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» հատորի մասին անդրադառնալով նշեց, որ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան որակաւոր յօդուածներու հեղինակ է ու անաչառ հրապարակագիր մը, որ իր շահեկան յօդուածներով կ՚ոգեւորէ իր ընթերցողները:
«Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» 552 էջերէ բաղկացած գիրքի մասին որակեալ ուսումնասիրութեամբ մը հանդէս եկաւ Հրաչ Սեփեթճեան: Ան Հրայր Ճէպէճեանի անձին մէջ կը տեսնէ ժամանակակից այն հայը, որուն սիրտը կը տրոփէ միջազգայինով, բայց զայն կը կապէ ազգայինին հետ: Աշխատասէր եւ արդիւնաւէտ գրող մըն է, որ կը հաւատայ այն բանին, որ կը գրէ:
Հրաչ Սեփեթճեան շահեկան մէջբերումներ կատարելով այս նոր հրատարակութենէն, ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան հեղինակի սփիւռքահայ տարբեր գաղթօճախներու տուած այցելութիւններէն կրած տպաւորութիւններուն մասին:
Այս կապակցութեամբ ուշագրաւ էին իր եւ ուրիշներու մտորումները հայապահպանութեան, հայ դատի եւ Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն, եղեռնին եւ յարակից այլ այժմէական հարցերու մասին:
Իր սրտի խօսքին մէջ Գաբրիէլ Մոլոյեան, «Մասիս» շաբաթաթերթէն դրուատեց Հրայր Ճէպէճեանի բացառիկ ունակութիւնները որպէս աշխարհի չորս ծագերը ուղեւորութիւններ կատարող անձ, որ հետաքրքրական պատումներով, լուսարձակի տակ առած է հայ կեանքի զանազան երեւոյթները: Աւարտին՝ մաղթեց քաջառողջ, երկար եւ բեղմնաւոր տարիներ, դալար գրիչ ու նորանոր յաջողութիւններ:
Երեկոյի գեղարուեստական բաժնի միակ մասնակիցն էր շնորհալի դաշնակահարուհի եւ Ճէպէճեանի քրոջ (Ալիծ Աղպապեան) դուստրը` երգչուհի Արենի Աղպապեանը, որ իր ազգային եւ միջազգային երգ ու նուագի ներդաշնակ կատարումով տպաւորեց ներկաները:
Վերջին խօսք առնողն էր հեղինակը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյթի կազմակերպիչներուն եւ յայտագրի մասնակիցներուն: Միեւնոյն ատեն հետաքրքրական դրուագներ պատմեց իր կեանքի փորձառութենէն ու հանդիպումներէն: Ան անցնող քառասուն տարիներու ընթացքին որպէս Ս. Գիրքի Միջին Արեւելքի ընկերակցութեան տնօրէն, իր այցելած վայրերուն մէջ ամէն ջանք թափած է հայեր տեսնելու եւ իրազեկ դառնալու անոնց ապրելակերպին:
Աւարտին՝ վերապատուելի Մկրտիչեան, իր շնորհակալական եւ փակման խօսքին մէջ գնահատանքով անդրադարձաւ Ճէպէճեանի տարած նուիրական ծառայութեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ելոյթ ունեցողներուն ու հրաւիրեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչը՝ Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանը, որու «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ անմոռանալի գրական երեկոն։
Շնորհանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն, հիւրասիրութիւն եւ հաղորդակցական պահ, որու ընթացքին մտերմիկ եւ հարազատ խօսակցութիւնները շարունակուեցան մինչեւ բաւական ուշ գիշեր։
Միւս կողմէ, նախորդող չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը Հրայր Ճէպէճեան եւ Սերոբ Մկրտիչեան այցելեցին եւ իւրայատուկ հանդիպումներ ունեցան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովուապետ վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս դեսպան Արմէն Պայպուրթեանին հետ։
Գ. Մ.