ԼՈՒՐՋ ԸՆԴՀԱՐՈՒՄ

Այն ինչ, որ կատարուեցաւ երէկ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին, աննախընթաց էր առնուազն վերջին հինգ տարիներուն համար։

«Հիզպուլլահ» կը հարուածէր Լիբանանի հետ սահմանային գօտիին մերձ գտնուող (Իսրայէլի տարածքէն ներս) «Աւեւիմ» գաւառակին մէջ գտնուող իսրայէլեան ինքնաշարժ մը։

Խորքին մէջ «Հիզպուլլահ», որուն գերագոյն առաջնորդը՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլան «բաց պատգամներ» յղած էր Թել Աւիւի ղեկավարութեան, այս քայլը կը կատարէր ստիպողաբար, որովհետեւ լիբանանեան շիի-միլիսին համար հարուածի մը ժամանակը եւ առիթը ընտրելու նախընտրանքը կը համարուի մարտավարական առաւելութիւն ունենալու կարեւոր կէտ մը։

Լիբանան վերջին տասն օրերուն ընթացքին հանգիստ չէր։ Հանգիստ չէր, ոչ միայն տնտեսական սուր տագնապին պատճառով, այլ անոր համար, որ իսրայէլեան օդուժի մասնայատուկ ջոկատներ անօդաչու սարքերու տարափ մը ուղարկած էին դէպի Լիբանան եւ անոնցմէ երկուքը յաջողած էին թափանցել «Հիզպուլլահ»ի կողմէ գծուած «կարմիր գիծեր»ը եւ հասնիլ մինչեւ Պէյրութի հարաւային արուարձան՝ մտավա-խութիւններ ստեղծելով թէ՛ «Հիզպուլլահ»ի գերագոյն ղեկավարութեան եւ թէ պարզ քաղաքացիներուն մօտ։

Նասրալլա, որ երկու տարբեր ելոյթներով կը դիմադարձէր իսրայէլեան նկրտումներուն, նաեւ կը նշէր կարեւոր կէտ մը, որուն համաձայն «Հիզպուլլահ» այս քայլով պիտի փորձէր մինչեւ այդ պահը առկայ «խաղի կանոններ»ը խախտել եւ ընթացք տալ նոր փուլի մը, որուն հիմնական կէտն այն է, որ լիբանանեան օդային տարածքները յետ այնու բաց պիտի ըլլան իսրայէլեան օդուժին առջեւ, հետեւաբար նաեւ Իսրայէլ իր ուզած պահուն պիտի կարողանայ «բռնաբարել» Լիբանանի օդային տարածքն ու մէկդի նետել Լիբանանի անվտանգութեան եւ ապահովութեան հարցը։

«Հիզպուլլահ» իսրայէլեան այդ քայլէն ետք, արդէն իսկ վճռած էր, որ պիտի հարուածէ Իսրայէլը ու այդ հարուածը պիտի կատարուի Իսրայէլի հողերէն ներս։

Հիմա այս բոլորէն անդին հարկ է նշել, որ «Հիզպուլլահ»ի երէկուան քայլը ոչ միայն «խաղի կանոնները» իրենց անցեալի հունին կը տանէր, այլ ձեւով մը Լիբանանի երկինքէն կը վտարէր ամբողջական պատերազմի մը ուրուականը։

Այստեղ պէտք է հաշուի առնել նաեւ, որ այս բոլորը կը կատարուին այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ-Իրան սրացումը հասած է իր գագաթնակէտին, հետեւաբար չի բացառուիր, որ Իսրայէլի կողմէ բացուած խաղին նպատակն է, ձեւով մը «ատամ ցոյց տալ» Թեհրանին։

Կայ նաեւ իսրայէլեան արտահերթ ընտրութեանց օրակարգը, որուն համար Նեթանիյահու կարիքն ունի նման ռազմական գործողութեան մը եւ «ֆէյք» յաղթանակի մը, որովհետեւ իսրայէլացի առաջնորդը յայտնուած է բաւական նեղ կացութեան մը մէջ։

Այստեղ կը ծագի հարց. արդեօք Նեթանիյահու յաջողեցա՞ւ իր ծրագրին մէջ եւ արդեօք (ինչպէս որ ինք յայտարարեց) այս զինուորական զարգացումը ունի՞ յստակ նպատակ ու սահմանագծումներ։

Եթէ հարցը Իսրայէլի կողմէ դիտարկենք, ապա պիտի տեսնենք, որ Թել Աւիւի կառավարութեան համար այս քայլը այսօր կը համարուի ապագայի թելը բռնելու լաւագոյն առիթ մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ իսրայէլացի քուէարկողներուն ականջին ըսել, թէ «տեսէք ասոնք միայն կրակի ուժով կը հասկնան ու եթէ մեզ ընտրէք, մենք այդ հաշիւը պիտի փակենք...», սակայն եկուր տես որ իրականութեան մէջ իսրայէլեան բանակը պատրաստ չէ ոչ մէկ լայնածաւալ պատերազմի։

Իսկ վերադառնալով «Հիզպուլլահ»ի, ապա բացայայտ կերպով կարելի է մտածել ու հասկնալ, որ շիի-միլիսը իր այս վտանգաւոր քայլով կարողացաւ խաղը իր նախկին հունին տանիլ ու Իսրայէլին բարձրաձայն կերպով ըսել, որ «մենք խնդիր չունինք, եւ արիւնէն չենք վախնար, սակայն վստահ եղիր, որ յաջորդ ռազմաճակատը իսրայէլեան հողերուն մէջ պիտի ըլլայ»։

Ամէն պարագայի տակ իրավիճակը տակաւին լարուած է, ու Իսրայէլի կողմէ դէպի Լիբանան արձակուած հրթիռներու պայթումին ձայնը ունի նաեւ իր տնտեսական եւ քաղաքական արձագանգները, որոնք մեծաւ մասամբ եւ բոլոր դրական դիտարկումներով հանդերձ մեծ վնաս են Լիբանանի պետութեան եւ անոր մտահոգ ժողովուրդին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2019