ՆԵՐՈՒԺԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄ

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ։ Հաւաքոյթի ընթացքին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան մատնանշեց, որ կարեւոր կը համարէ նման ձեւաչափով հանդիպման մը կազմակերպումը։ «Բաւական ընդարձակ քննարկումներ ունեցած ենք կառավարութենէն ներս, վարչապետի հետ, թէ ինչպէս կը ձեւաւորուի սփիւռքի հետ մեր աշխատանքները կազմակերպելու համակարգը։ Մենք ամրագրեցինք համահայկականութեան սկզբունքը արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Կը կարծեմ, թէ մենք առաջին հերթին ունինք ձեւաւորուած փորձառութիւն եւ յիշողութիւն։ Մեր դեսպանները անմիջականօրէն կը հանդիսանան այն օղակը, որ առօրեայ, անմիջական շփում կ՚ապահովեն սփիւռքի հետ։ Սփիւռքի հսկայական ներուժը կ՚արտայայտուի թէ՛ Հայաստանի զարգացման օրակարգին մէջ, թէ՛ միջպետական յարաբերութիւններու ձեւաւորման հարցին մէջ եւ թէ համահայկականութեան սկզբունքը լրացնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Մնացականեան։

Իր կարգին, Զարեհ Սինանեանն ալ կարեւորեց սոյն հանդիպման կազմակերպումը։ Աւելի վերջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման ուղղեալ հարցերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019