Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԿԻՐԱԿԻ՝ ՎԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Վան, ուր պիտի հանդիսապետէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին։ Ինչպէս ծանօթ է, անվըտանգութեան պատճառներով վերջին տարիներուն Աղթամարի տարեկան պատարագները յետաձգուած էին։ Պատրիարքարանը որոշած է այս տարի շարունակել վերջին տարիներուն ստեղծուած աւանդութիւնը։ Ուստի, Խաչի տօնէն շաբաթ մը առաջ, Վանի մէջ այս կիրակի պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։
Ծանօթ է, որ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին վերանորոգուած է՝ որպէս թանգարան։ Բացառութեան կարգով տարին անգամ մը այնտեղ կը մատուցուի Ս. Պատարագ։ Տեղապահ սրբազան հօր այս շաբաթավերջի այցելութեան պիտի միանան նաեւ մեր հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019