ՄԱՐԶՈՒՄՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Թուրքիոյ կողմէ Ռուսաստանէն ներածուած «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու օգտագործման ճանապարհին ներկայիս կ՚առնուին կարեւոր քայլեր։ Այսպէս, թրքական ռազմաօդային զօրքերու անձնակազմի մարզումները սկսած են Ռուսաստանի մէջ։ Կաթչինա քաղաքի ռազմախարիսխին մէջ, ռուսական կողմը ներկայիս կը մարզէ թուրք զինուորները, որպէսզի անոնք ընտելանան «Ս-400» հրթիռային համակարգերու տիրապետելու ճանապարհին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, համապատասխան ծրագիրը պիտի շարունակուի հինգ ամիս։ Անձնակազմը մասնաւորապէս պիտի կեդրոնանայ հրթիռային համակարգերու արձակիչներուն եւ ռատիօդիտարկիչներուն վրայ։ Սոյն մասնագիտական ուսումը ստանալէ վերջ, Ռուսաստան մեկնած Թուրք զինեալ ուժերու անձնակազմը պիտի վերադառնայ երկիր։ Անոնք Թուրքիոյ մէջ յաջորդ քայլափոխին իրենց գիտելիքներով պիտի շարունակեն մարզել պատկան անձնակազմը։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019