ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 735-ԱՄԵԱԿ
Վայոց ձորի մարզին մէջ սեպտեմբեր 6-ին կը նշուի Գլաձորի համալսարանի հիմնադրութեան 735-ամեակը:
Ըստ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան, մարզին մէջ նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ:
Թանահատի վանական համալիրին մէջ կը կատարուի Օրհնութեան կարգ եւ կը մատուցուի Ս. պատարագ: Հոգեւոր եւ աշխարհիկ կատարումներով հանդէս կու գայ «Գեղարդավանք» երգչախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Մհեր Նաւոյեանի, խմբավար՝ Անահիտ Պապայեանի մականին ներքեւ:
Եղէգնաձորի մշակոյթի տան յարակից տարածքին մէջ, առանձին տաղաւարով կը ներկայանայ Եղէգնաձորի երկրագիտական թանգարանը՝ խաչքարագործ, կաւագործ վարպետներու աշխատանքներու ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ վարպետաց դասեր կիրականացուին: Իրենց աշխատանքները կը ներկայացնեն մանրանկարչութեան վարպետները, ծղօտագործները:
Ձեռնարկին կը մասնակցին նաեւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը եւ «Օրրան» բարեգործական կազմակերպութիւնը, որ կը կազմակերպէ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք:
Վայոց ձորի տարածքաշրջանային պետական քոլէճի ուսանողները կը ներկայացնեն փայտի փորագրութեան աշխատանքներու ցուցադրութիւն, գինիի, քաղցրեղէնի համտես:
Ելոյթ կ՚ունենան մարզի պարային համոյթները: Այս ծիրէն ներս կը ցուցադրուի «Երկրորդ Աթէնք պանծալի» փաստավաւերագրական ժապաւէնը: