ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ, Գուգարաց թեմէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ստեփանաւան քաղաքի մերձակայ Լեջան համայնքէն ներս Ս. Կարմիր Կիրակի եկեղեցին վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։ 5-րդ դարուն կառուցուած այս եկեղեցին վերջին անգամ վերանորոգուած էր 1892 թուականին։ Խորհրդային Միութեան տարիներուն սրբավայրը օգտագործուած էր իբրեւ պանիրի ամբար եւ յարդանոց։ Շուրջ դար մը այդ եկեղեցին չէր ծառայած պաշտամունքի։ Այս բոլորէն վերջ այս եկեղեցին վերանորոգուեցաւ, վերաօծուեցաւ եւ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի ջանքերով։ Շաբաթավերջին նորին սրբազնութիւնը հանդիսապետեց օծման արարողութեան, որմէ վերջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Մամբրէ Քհնյ. Ոսկանեանի։

Սա նորին սրբազնութեան նախաձեռնութեամբ թեմէն ներս 1996 թուականէն ի վեր վերանորոգուած 50-րդ եկեղեցին է։ Բաց աստի, իր ջանքերով կառուցուած են 10 եկեղեցիներ։

Ս. Կարմիր Կիրակի եկեղեցւոյ ի հիմանէ նորոգութիւնը իրականացուած է Լոս Անճելըսէն նախկին խումբ մը պոլսահայերու՝ Սարգիս եւ Ալիս Սեթեաններու, Սարօ եւ Մանուշակ Մարուքեաններու, Ռաֆֆի եւ Էրլին Մարուքեաններու, Կարօ եւ Աղաւնի Քուրեաններու, Պետրոս եւ Աննա Օրունճաքճըէլներու, Թամարա Նիզամեանի, ինչպէս նաեւ L. A. United Investment-ի ջանքերով։ Ծրագիրը կեանքի կոչուած է Սուրէն Աբովեանի աշխատանքով։ Մեր համայնքէն Մկրտիչ Սերթշիմշէքն ալ սպասներ նուիրաբերած է վերանորոգեալ սրբավայրին համար։ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանն ալ եկեղեցիին նուիրաբերեց Ս. Յովնան Օձնեցի Հայրապետի մեծադիր նկարը։

Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, դպրոցականներ, ուսանողներ եւ բազմաթիւ ուխտաւորներ։ Գուգարաց թեմի աղբիւրները հաղորդեցին, որ օծումէն եւ Ս. Պատարագէն վերջ պատմական եկեղեցւոյ շրջափակին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2019