ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕԾՈՒԵՑԱՒ ՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ՝ ՅԵՏ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, նախընթաց օր, ձեռամբ Պատրիարաքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզ եւ Ժիլպէռ Սրկ. Քարափեքմէզ։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ, ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ գործակից ընկերները, Սահակեան-Նունեան վարժարանի զոյգ տնօրէնները, ինչպէս նաեւ թաղեցիներ ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

Տեղապահ սրբազան հայրը յետմիջօրէին զանգակներու ղօղանջներու ներքեւ եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ  ներկայ հոգեւորականներու, թաղային խորհուրդի անդամներու կողմէ։ Ապա սկսաւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։ Տեղապահ սրբազան հօր գլխաւորած թափօրը, թաղային խորհուրդի սենեակէն ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը, ուր կատարուեցաւ դռնբացէքի արարողութիւն։ Ապա ներկաներ զանգակներու ղօղանջով ու «Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ, մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն ետք նորին սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ աւագ խորանը, առաջադրութեան սեղանն ու պահարանը, Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու նուիրուած Ս. Սեղանը, Ս. Յովակիմ եւ Աննայի նուիրուած Ս. Սեղանը, Ս. Մինասի նուիրուած Ս. Սեղանը, մկրտութեան աւազանը, Ս. Յարութեան նուիրուած Ս. Սեղանը եւ ի վերջոյ Ս. Գէորգ զօրավարին նուիրուած Ս. Սեղանը։ Ապա կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։

Արարողութեան աւարտին՝ նորին սրբազնութիւնը քարոզեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Իր խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս շեշտեց բարի նախանձ ունենալու գաղափարը եւ յայտնեց, թէ մարդիկ կը նախանձին այն բաներուն, որոնք մասնաւորապէս իրենց կը պատկանին։ Նախանձը ժողովուրդի մէջ միշտ ընկալուած է որպէս մեղք, բայց կայ աստուածային նախանձ մը, որով բարին, գեղեցիկը զարգացնելու կամքը գոյութիւն կ՚ունենայ։ Նման նախանձը ծնունդ կու տայ նախանձախնդրութեան, որով մարդիկ կը միտին միշտ բարձր պատնէշի վրայ տեսնել իրենց սրբութիւնները։ Սամաթիոյ եկեղեցին նախանձախնդրութեան լաւագոյն օրինակը ցոյց կու տայ այսօր, քանի իրենց եկեղեցին բարեզար-դըւած է ու դժուարին պարտականութիւն մը՝ յաջողութեամբ աւարտած։ Մաքրուած եկեղեցին եւս կը սպասէ կրկին աղօթքի տուն դառնալ ուխտաւոր ժողովուրդին։ Սրբազան հայրը ապա շեշտեց, թէ Պոլսոյ հայ համայնքին ծխական կեանքէն ծնունդ առած առաջին եկեղեցիներէն է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին։ Առաջին Աթոռանիստ եկեղեցին է ան, ուր աւելի քան 500 տարիներ առաջ ծնունդ առած է աղօթասացութիւնը։ Սամաթիոյ եկեղեցին դարձած է Պոլսոյ եկեղեցական կեանքի սիրտը, եւ մինչեւ այսօր կը մնայ նոյն գծին վրայ։ Գիտենք, թէ մարմնի մէջ սիրտը եւ ուղեղը յատուկ կարեւորութիւն ունին։ Այս առթիւ կը յիշեցնենք, թէ Պատրիարքարանը մեր միտքն է եւ սիրտը՝ մեր եկեղեցիները։ Մեր մարմնի այս երկու կարեւոր անդամները պէտք է նախանձախնդրութեամբ զօրաւոր պահենք ու իրենց միջոցաւ համայնքային մեր կեանքը վարենք։

Իր խօսքերու աւարտին սրբազան հայրը թաղային խորհուրդին աշխատութիւնը վեր առաւ եւ յայտնեց, թէ անոնք կրցած էին եկեղեցին փառաւոր վիճակի մէջ բերել։ Դրուատալից արտայայտութիւններով գնահատեց նաեւ Սահակեան դպրաց դասն ու սարկաւագաց դասը, որոնց սպասաւորութեամբ միշտ Աստուծոյ խօսքը կը հնչէ եկեղեցւոյ մէջ։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած Տէրունական աղօթքով։ Նաւակատիքի արարողութեան աւարտին նորին սրբազնութիւնը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ Իսկ արարողութեան աւարտին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան պատրաստութեան առթիւ կատարելի ընթրիքին։

Նորաօծ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 15 սեպտեմբեր, կիրակի առաւօտ, Վերացման Ս. Խաչի տաղաւարին՝ նախագահութեամբ տեղապահ սրբազան հօր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019