ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԿԸ ՆՇԷ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, որ կը գտնուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին, խորհրդարանի որոշումով՝ 9 սեպտեմբեր 1919 թուականին հիմնադրուած էր այս թանգարանը, որու յոբելեանը կը համարուի յատկանշական հանգրուան մը։ Արդարեւ, արդէն դարէ մը ի վեր այս թանգարանը այցելուներուն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակութային արժէքները։

Թանգարանի յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկներու շարք մը կեանքի պիտի կոչուի յառաջիկայ շրջանին։ Այս շարքի առաջին փուլը հանդիսացաւ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած գիտաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Մատենադարանի համալիրէն ներս։ Այս գիտաժողովին մասնակցութիւն բերին աշխարհի զանազան երկիրներէ ծանօթ թանգարաններու ներկայացուցիչներ։

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Գրիգոր Գրիգորեան յայտնեց, որ իսկապէս դժուար է գնահատել այս կառոյցի նշանակութիւնը եւ անցեալ հարիւր տարիներու ընթացքին տարած աշխատանքին իմաստը։ «Սա այն հաստատութիւնն է, որ կը կրէ յիշողութիւնը եւ որու դերը շատ մեծ է մեր պետութեան, նաեւ պետութեան կայացման մէջ», ըսաւ տնօրէնը եւ աւելցուց, որ յառաջիկային Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը այցելուներուն պիտի ներկայացնէ նոր ցուցահանդէսներ։

Գիտաժողովի ընթացքին հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յոբելենական յուշամետայլներ յանձնուեցան այն անձերուն եւ վաստակաշատ աշխատակիցներուն, որոնք մեծ աւանդ ունեցած են թանգարանի ծանօթացման եւ անոր գործունէութեան բեղմնաւորման ուղղութեամբ։

Յոբելեանին առթիւ հրատարակուած է «Գանձեր Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն» խորագրեալ ալպոմ-գիրք մը, որու ծանօթացումն ալ կատարուեցաւ յոբելենական գիտաժողովի ընթացքին։ Ներկաներու շարքին էին՝ Էրմիթաժի, Լուվրի, Մեթրոփոլիթընի, Ռուսաստանի Պատմութեան թանգարանի, Առլի Հնութիւններու թանգարանի նման հեղինակաւոր թանգարաններու ներկայացուցիչներ, պատմաբաններ, հնագէտներ, թանգարանագէտներ եւ արուեստաբաններ, որոնք փութացած էին Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Ռուսաստանէն եւ Հայաստանի զանազան հաստատութիւններէն։

Ռուսաստանի Պատմութեան թանգարանի փոխ-տնօրէն Անտրէ Եանքովսքի նշեց, որ նման հաստատութեան մը համար հարիւր տարին թէեւ պատկառելի թիւ մըն է, սակայն Հայաստանի նման հին երկրի մը պարագային կը համարուի շատ երիտասարդ տարիք մը։

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի յոբելեանը տեսակապով շնորհաւորեց նաեւ Սեն Փեթերսպուրկի Էրմիթաժ թանգարանի տնօրէն Միխայիլ Փիոթրովսքի, որ ընդգծեց թանգարաններու միջեւ բարեկամական եւ գործընկերային սերտ կապը եւ զայն խորացնելու կարեւորութիւնը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019